Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՌԱԿ Կը Զօրակցի Պշարա Ռաաի Պատրիարքին Նախաձեռնութեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Վերջին աւելի քան մէկ տարուայ ընթացքին Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ժամանակակից պատմութեան ամէնադժուարին իրավիճակը:  Տնտեսական եւ ապահովական անտանելի ճգնաժամ կ՛ապրի երկիրը, ուր  քաղաքացիներուն մեծ մասը կը տառապի անգործութենէ  ու չքաւորութենէ, կ՛ապրի անարդարութիւն եւ զրկանքներ: Մինչ երկրին ղեկը ստանձնած քաղաքական գործիչները, ոչ միայն անկարող են երկիրը դուրս բերել ստեղծուած անելէն, այլ իրականութենէ կտրուած՝ զարմանալի ինքնակեդրոնութեամբ մը, աւելի եւս կը խոչընդոտեն  լիիրաւ պետութիւն մը ունենալու լիբանանցի անհատին տարրական իրաւունքը: Անոնք իրենց գործելաոճով անդամալուծած են պետական հաստատութիւնները եւ հատուածապաշտ ու ագահ պահուածքով մը կը ձգտին միայն ու միայն անձնական  շահերու եւ իշխանութեան իւրացման: Պետութեան վերահսկողութենէ դուրս զէնքի գոյութիւնը լուրջ վտանքներու առջեւ կը դնէ բոլորս: Կառավարութեան կազմութիւնը ամօթալի քաշքշուքով մը տակաւին կը յամենայ: Փտածութիւնը ո՛չ մէկ սահման կը ճանչնայ, մինչ ժողովուրդին կամքը, կեանքն ու բարօրութիւնը  անտեսելն ու շահագործելը դարձած է յոռի եւ անուղղելի նորմ:

Ի տես այս անտանելի իրավիճակին, Պշարա Ռաաի Պատրիարքի վերջին կուռ կեցուածքները մերժելու անընդունելին՝ աւելի քան ողջունելի են: Մենք կը հաւատանք, որ Եկեղեցին խիղճն է իր երկրին եւ հոն ուր պետութիւնը կը ձախողի ու քաղաքական ղեկավարութիւնը կը խարխաբէ երկիրն ու քաղաքացին դնելով  անտէր իրավիճակի մը մէջ, Եկեղեցին իր դերը ունի կատարելիք: Հարիւր տարի առաջ օսմանեան լուծէն դուրս գալու համար, Պըքրքէն  մեծ դեր ունեցած է ազատագրելու երկիրն  ու հասարակութիւնը՝ հիմնելու Մեծն Լիբանանը: Այսօր Լիբանանի երկնակամարը նոյնքան մութ է եւ ահաւասիկ նոյն եկեղեցիին պետը իր ձայնը կը բարձրացնէ ի դէմս անարդարութեան ու կեղեքումին՝ միջազգային ընտանիքէն պահանջելով Լիբանանի համար յատուկ համաժողով մը փրկելու համար երկիրն ու քաղաքացին, կամ ինչ որ մնացած է անկէ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը դատապարտելով սոյն իրավիճակին բոլոր պատասխանատուները, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ռաաի Պատրիարքին ճիգերուն, որովհետեւ մեծապէս կը հաւատայ Պըքրքէի դերին ու առաքելութեան:

ՌԱԿ անվերապահօրէն կը կանգնի Պատրիարքի կողքին յանուն Լիբանանի ու իր ժողովուրդին վերականգնումին ու հզօրացման:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img