Շաբաթ, 9 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Երրորդ Ուժի Մը Կենսական Կարեւորութիւնը Կամ Ով, որ Քաջ է Ի՞նչ Կը Սպասէ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Նիկոլ Փաշինեան երեւոյթի յայտնութեան առաջին իսկ օրէն սոյն տողերը գրողիս կեցուածքը աւելի քան յստակ էր եւ սկզբունքային: Օրին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի սոյն սիւնակներով, թէ հրապարակած յայտարարութիւններով, չափազանց վտանգաւոր նկատուած էր՝ Նիկոլ Փաշինեանի անհեռանկար եւ պատեհապաշտ՝ փոփիւլիզմի վրայ հիմնուած  եսակեդրոն աշխատանքի ձեւը, տհաս՝ ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը, ոչ արհեստավարժ՝ չըսելու համար խայտառակ իր թիմին պահուածքն  ու իր անձին կասկածելի դերակատարութիւնը:   Սոյն սիւնակը ստորագրողիս անձնական, թէ ներկայացուցչական կեցուածքը անկոտրում էր՝ հակառակ ամէն մակարդակի հալածանքի ու կարգ մը պակասամիտներու կողմէ «ժողովուրդի թշնամին» հռչակումին, մինչ աւելի խելամիտներ լուռ կը հետեւէին, իսկ քիչեր բարձրաձայն համախոհ էին:

Անցնող շուրջ երեք տարիները փաստեցին, որ դժբախտաբար սխալած չէի: Ընդհակառակը լաւատեսութիւն էր իմ յոռետեսութիւնն ու ահազանգը համեմատած այն աղէտին, որուն ուղղակի կամ անուղղակի պատճառը հանդիսացաւ մեր խաբուած ժողովուրդին ընտրած վարչապետը:

Շաբաթ օր, հեռակայ հետեւեցայ, ընդդիմութեան հերթական հաւաքին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:  Կազմակերպողներն ու խօսք առնողները՝ մեծաւ մասամբ նոյն անոնք էին, որոնք օրին ինչ որ չափով պատասխանատու էին հայրենիքիս գլխուն եկած պատմական այս թիւրիմացութեան իշխանութեան տիրացման: Աւելին, այսօր յստակ է, որ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում» անուան տակ գործող ընդդիմութիւնը իր բաղկացուցիչ տարրերով,  գործելաձեւով եւ ոճով չարտայայտեր բովանդակ Հայ ժողովուրդին կամքը եւ ըստ երեւոյթին չունի պահանջուած վարկը համախմբելու աւելի եւս լայն ժողովրդային խաւեր:

Վերջին երեք  ամիսներուն սոյն սիւնակով, նշեալ Շարժումին բաղադրուցիչ տարրերէն ՀՅԴաշնակցութեան ղեկավարութեան եւ աքթիւիսթներուն հերթական կերպով շարունակ յորդորուած էր չփորձել իւրացնել ժողովրդային արդար ընդդիմութիւնը: Ազնուօրէն թելադրուած էր հրաժարիլ կուսակցական փրոփականտի աժան ձեւերէն: Համեստօրէն խրատ հնչեցուած էր իրենց իսկ ընտրած առաջնորդէն՝ Վազգէն Մանուկեանէն մէկ քայլ ետեւ կանգնիլ, որպէսզի ան կարողանայ յաջողիլ իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ: Ափսոս սակայն: Երեւի ճիշդ է (թէկուզ ցեղապաշտ հնչող) այն ասացուածքը, որ կ՛ըսէ «սեւին սապոնն ի՞նչ կանի…»: 

Դաւադրութեան տեսութեան տրամաբանութեամբ կարելի է այսօր նաեւ ըսել, թէ կրնայ ըլլալ թաքուն համաձայնութիւն մը կայ ընդդիմութեան կարգ մը ղեկավարներուն ու Փաշինեանին միջեւ, որն է սխալ գործելաձեւով Փաշինեանի իշխանական կեանքը երկարել…: Ամէն պարագայի եւ արդիւնքէն դատած,  ընդդիմութեան գործելաձեւը, ոճը, լեզուն, հռետորաբանութիւնն ու արտադրած արդիւնքը աւելի կը ծառայեն ներկայ իշխանութեան, քան ինքնին՝ ընդդիմութեան յաջողութեան:  Մինչ  իշխանութիւնը, որ նպատակ չունի հրաժարելու իր ձեռք ձգած լծակներէն զանազան հնարքներով եւ ժամանակ շահելու ոճով, օրինակ յետս կը կոչէ  իր ներկայացուցիչին` Նիկոլ Փաշինեանին տուած խոստումը, որն էր շուտով կազմակերպել Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ:

Ի տես ստեղծուած անելին եւ յաղթահարելու համար ազգային այս մեծ մղձաւանջը, որ Արցախ կոչուող մեր ազգային ծրագրի ձախողութենէն ետք, կը սպառնայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան  ու Հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ քանի որ իշխանամէտներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ կայ Հայ ժողովուրդի մէկ մեծ հատուած, որ չի հարիր «նախկիններուն», ո՛չ ալ «ներկաներուն»՝ Երրորդ Ուժ է պէտք:   

Ժամանակն է կուսակցական նեղմտութենէ, իշխանատենչ մոլուցքէ եւ հաւաքականը՝ անձին համար զոհելու հիւանդագին հոգեբանութենէն վեր եւ անդին՝ նոր բան ըսելու մեր ժողովուրդին եւ ըստ այնմ ապագայ ծրագրելու երբ սպառած եւ զզուելի դարձած է առկայ իրավիճակն ու անհեթեթութիւնը:

Կարելի է սպասել Փոքր Մհերին, որ իր հրեղէն նժոյքով դուրս գայ իր  փակուած քարաժայռէն ազատելու հայուն աշխարհը չար ուժերէն եւ հիմնելու երջանիկ պետութիւն: Կարելի է յենուիլ երեւի ազգային նկարագիր դարձած ապաւինողականութեան երեւոյթին եւ սպասել, որ փրկութիւնը դուրսի պետութիւններէն գայ: Կարելի է հրաշքներու ալ սպասել: Կարելի է նաեւ սակայն համախմբել Երրորդ Ուժ, որ կրնայ ոտքի կանգնեցնել թմբիրի կամ աննպատակութեան չափ  սխալ ուղղի գացող հաւաքականութիւնը եւ մենք մեր ուժերով եւ տրամաբանութեամբ փոխել իրավիճակը ու կերտել լիիրաւ ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ ազատական ոգիով Հայրենիք:

Խորապէս հաւատալով, որ կարելի է ամրակերտել հայութեան բարօր ապագան՝ Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւններուն մէջ, ատենն է հաստատ եւ կշռադատուած քայլեր ձեռնարկել դուրս գալու համար ստեղծուած ճգնաժամէն, քանի ուշ չէ:

Եւ… Ով, որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img