Մինչ Լիբանան մուտք գործեց արգելափակումներու նուազումի երկրորդ փուլը, պատուաստումներու երկրորդ շաբաթը ընթացք առաւ: Այս ծիրէն ներս Լիբանանի կարեւորագոյն հիւանդանոցներու բժիշկները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ պատուաստումները պէտք եղած արագութեամբ չեն ընթանար եւ միշտ չէ, որ տուեալ հիւանդանոց մը իր պէտքին համեմատ պատուաստանիւթ կը ստանայ
Նշենք, որ առաջին հանգրուանին պատուաստ պիտի ստանային առողջապահութեան համակարգի աշխատողները եւ 75 տարեկանէն վեր եղող երէցներ: