Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ուշացումին, ՌԱԿ ԼԻբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, ընկ. Սեւակ Յակոբեան, լիբանանեան մամուլին հետեւեալը յայտարարեց.
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան շուրջ ընթացող երկարատեւ բանակցութիւնները մեր կարծիքով հասած են այնպիսի անհեթեթ իրավիճակի, որ կարելի չէ լուռ մնալ: Մանաւանդ երբ հայկական համայնքի անունը, որ լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ իւրացուած է ՀՅԴաշնակցութեան կողմէ, յաճախ կը կրկնուի լրատուական միջոցներու եւ այլ հարթակներու վրայ:
Մեզի համար որքան ցաւ, այնքան զարմանք կը պատճառէ այն փաստը, որ սկզբունքով կուսակցականներէ զուրկ՝ արհեստավարժներու (թեքնոքրաթ) կառավարութիւն մը կազմելու համար կը կրկնուի կուսակցութեան անուն: Աւելին, մեզի համար, որպէս Լիբանանի հայ համայնքի բաղկացուցիչ տարրերէն մէկը, անընդունելի է, որ հայկական կողմ մը թիւ ամբողջացնող ճոքերի դեր ունենայ կամ կողմի մը համար նկատուի «պահեստի կամ լծակից գաղտնի զինուոր»: Հետեւաբար դաշնակցական նախարարը նախագահին քոթային կամ բաժնին մէջ թէ դուրս հոլովոյթը սկսած է վիրաւորել մեզի:
Սկզբունքային գետնի վրայ, ինչպէս ըսինք, եթէ արհեստավարժներու կառավարութիւն է կազմուելիքը, ապա հայ նախարարը, պէտք չէ ըլլայ, կուսակցական կամ կուսակցութեան մը մօտ ու իրմէ առաջադրուած անձնաւորութիւն: Հետեւաբար հայ կուսակցութեան մը անունին կրկնութիւնը այստեղ հակասական է:
Իսկ եթէ, ըստ ընկալուած նորմին, կառավարութեան անդամները պէտք է համեմատականօրէն բաժնուած ըլլան Լիբանանի բաղկացուցիչ համայնքներուն միջեւ, ապա բանակցութիւններու ընթացքին պէտք է նկատի առնուի հայ համայնքը եւ ոչ հայկական հատուածական խմբաւորում:
Ամէն պարագայի.
Եթէ իրապէս ՀՅԴ-ի նախարարին պարագան, ո՞ր քաղաքական կողմին բաժինին պատկանիլը Lիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը պիտի ուշացնէ,
Ապա լուծումը պարզ եւ արդար է հետեւեալ ձեւով.
Լիբանանի կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչին անունը կը տրուի լիբանանահայութեան կամքը եւ ներկայացուցչութիւնը համատեղօրէն ներկայացնող երեք կուսակցութիւններու եւ համայնքապետերու համախոհութեամբ: Այլապէս, տուեալ նախարարը պիտի ներկայացնէ ՀՅԴաշնակցութիւն կուսակցութիւնը այսպէս կոչուած ոչ կուսակցական կառավարութեան մը մէջ, եւ տակաւին պիտի երկարի կառավարութիւն կազմելու վեթոյի իրաւունքը ունենալու կամ չունենալու թուաբանական հաշուարկն ու քաշքշուքը, որ կրնայ նաեւ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին քօղարկուած պատճառաբանութիւնը ըլլալ՝ սպասելով շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու:
Այս ընթացքին, հայ համայնքին անունը, լիբանանեան քաղաքական կողմի մը համար որպէս լծակ, իսկ միւս կողմին համար, որպէս անվստահելի նկատուելու պատասխանատուութեան հարցով ՌԱԿ անմեղ է: