Ամերիկեան The National Interest պարբերականի սիւնակագիր Ճոն Ռոսոմանտոն իր նոր յօդուածին մէջ ներկայացուցած է, թէ ինչ կը սպասուի ՆԱԹՕ-ին Եւրոպայի մէջ Ռուսաստանի հետ հակամարտութեան պարագային:
Յօդուածի հեղինակը յիշեցուցած է անցեալ ամիս Լեհաստանի մէջ կայացած «Ձմեռ-20» զօրավարժութիւններու մասին, որոնց ընթացքին ենթադրեալ հակառակորդն արեւելքէն ընդամէնը 5 օրուան մէջ ջախջախիչ պարտութեան ենթարկած էր երկրի բանակը: Այն տեղի ունեցած է՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ հակամարտութեան զօրավարժութիւններու ժամանակ տեսականօրէն ներգրաւուած էին ամերիկեան հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչները, Patriot ՀՕՊ համակարգերը եւ HIMARS համազարկային կրակի համակարգերը, որոնք Լեհաստանը դեռ չէ ստացած:
«Զօրավարժութիւնները ցոյց տուած են, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի արեւելեան թեւը խոցելի է «ռուսական ներխուժման համար»,- գրած է փորձագէտը:
Յօդուածագիրը շեշտած է, որ Ռուսաստանը զօրացուցած եւ արդիականացուցած է Արեւմտեան ռազմական շրջանը, որուն մէջ «կեդրոնացուած են երկրի ամենայառաջդէմ զինուորական ստորաբաժանումները»:
«Պատերազմի պարագային ռուսական եւ պելառուսական բանակները կը գրաւեն ՆԱԹՕ-ի տարածքները սահմանի երկայնքով եւ այդպիսով իսկ կը մասնատեն դաշինքի ուժերը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ: