Յակոբ Պապիկեան (23 Փետրուար 1856, Ադրիանապոլիս – 2 Օգոստոս 1909, Կ. Պոլիս), Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։
Պապիկեան ուղիղ ու անաչառ նկարագրով երեսփոխան եղած է։ Ան խորհրդարանին կողմէ ղրկուած է Ատանա՝ 1909-ի ջարդերէն ետք, որուն հետեւանքով անաչառ տեղեկագիր մը պատրաստած է։
Յակոբ Պապիկեան ծնած է Ադրիանապոլիս։ Իր նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն թաղային Արշակունեաց վարժարանին մէջ, որմէ ետք ֆրանսական ուսումնարանէն շրջանաւարտ կ՛ըլլայ։ 1873–ին Սոֆիա մեկնած է՝ պետական պաշտօնով, երբ տակաւին այդ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր։
Ռուս-թրքական պատերազմին (1877), Պոսնիոյ Արտաքին Գործոց տեսչութեան օգնական նշանակուած է մինչեւ Աւստրիոյ առժամեայ տիրապետութեան հաստատումը։ Այնուհետեւ, 1879–ին վերադարձած է իր ծննդավայրը, ստանձնելով առեւտրական դատարանի առաջին քարտուղարութեան պաշտօնը։ 1881–ին իրաւագիտական ճիւղին հետեւելով, երկու տարի փաստաբանութեամբ զբաղած է եւ յետոյ Ադրիանապոլսոյ վերաքննիչ ատեանի անդամ նշանակուած է։ 1891–ին Պոլիս երթալով Մանիասի Զատէ Րէֆիք պէյի հետ ընկերովի փաստաբանական գործերով զբաղած է։ 1902-ին դարձեալ Ադրիանապոլիս մեկնած ու հոն պաշտօնավարած է մինչեւ 1908, երբ 68–ի վրայ 46 քուէով Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուած է Ռոտոսթոյի կողմէ։ Խորհրդարանին մէջ, ան Օսմանեան Սահմանադրութեան օրէնքին քննիչ յանձնաժողովի անդամ նշանակուած է։
Պապիկեան Միութիւն Եւ Յառաջղիմութիւն Կոմիտէին անդամ էր։ Ան մաս կազմած է Խորհրդարանին կողմէ ղրկուած յանձնախումբին՝ Ատանայի ու Հալէպի նահանգներու 1909-ի արիւնալի դէպքերը քննելու եւ հեղինակները երեւան հանելու նպատակով։
Մօտ երկու ամիս տեւող լուրջ քննութիւններէ ետք, ան վերադարձած է Պոլիս, ու թուրք մամուլին կատարած իր յայտարարութիւններով պատռած է դէպքերուն շուրջ տիրող մշուշոտ վիճակը, տեղւոյն Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի անդամներու մասնակցութիւնն ու մեղսակցութիւնը մատնանշելով։ Տեղեկագիրը հազիւ վերջացուցած էր, երբ մահը վրայ հասած է 2 Օգոստոս 1909-ին՝ սրտի կաթուածով։ Կարծիք կայ, որ կրնայ թունաւորուած ըլլալ։
Յուղարկաւորութիւնը աննման շուքով տեղի ունեցած է Գում-Գափուի Մայր Եկեղեցիին մէջ 4 Օգոստոսին։ Շուրջ քսան հազար հոգինոց բազմութիւն մը մասնակցած է՝ ազգային սուգի խորունկ արտայայտութեամբ։ Բոլոր վաճառատուները փակ էին եւ պետական անձնաւորութիւններն ու դեսպանները ներկայ էին յուղարկաւորութեան։ Մարմինը ամփոփուած է Սան Սթեֆանոյի եկեղեցիին մէջ։