Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2021-ին, Հայ Առաքելական Ս․ Եկեղեցին կը տօնախմբէր Ս. Վարդանանց զօրավարաց եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրը։ Օրուան խորհուրդին համահունչ, Գահիրէի «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց պատմութեանը նուիրուած գիրքի շնորհանդէս՝ կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի։
Շնորհանդէսին ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Աշոտ Եպս․ Մնացականեան, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկոպոս Գուսան, Արժանապատիւ Տ․ Յակոբ Քահանայ Յակոբեան, Պատկառելի Թեմական Ժողովի Ատենապետ Տիար Նուպար Սիմոնեան, Եգիպտոսի մէջ ՀՀ Հիւպատոս Տիար Ռաֆայէլ Մովսէսեան եւ ընթերցասէր եգիպտահայեր։
Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեան հանգամանօրէն ներկայացուց իր աշխատասիրութեամբ եւ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի մեկե-
նասութեամբ հրատարակուած Սար-գիս Գնունիի «Ընդդիմախօսութիւն Վարդանի եւ Վասակի» եւ «Ողբեր-գութիւն Ս․ Վարդանանց Զօրավարաց» թատրերգական ստեղծագործութիւն-ները։
Հայր Սուրբը գունաւոր տեսապատ-կերներու միջոցով նախ ծանօթացնելով գիրքին՝ նշեց որ Սարգիս Գնունին այդ երկու ստեղծագործութիւնները գրած է 1880-1881 թթ․ ընթացքին եւ մաս առ մաս հրատարակած է Ս․ Էջմիածինի «Արարատ» ամսագիրին մէջ, որոնք 5-րդ դարէն ետք առաջին ընդարձակ ստեղծագործութիւններն են՝ նուիրուած Վարդանանց պատմութեան եւ այսօր կը վերահրատա-րակուին առաջին անգամ։
Ապա, գիրքի բովանդակութեանը անդրադառնալով՝ մանրամասնեց, թէ «Ընդդիմախօսութիւն Վարդանի եւ Վասակի» գործին մէջ հեղինակը գեղարուեստօրէն ներկայացուցած է միայն Վարդանի եւ Վասակի երկխօսութիւնը, որ լեցուն է հետաքրքրական գաղափարներով եւ մօտեցումներով։ Ի մասնաւորի առաջին գործի նախաբանին մէջ Ս․ Գնունին կը նշէ․ «Եթէ կամենում ես տկարացնել մի ազգ` նրա մէջ կրօնական բաժանումներ եւ աղանդներ ցանիր,եթէ կամենում ես մի ազգ ջնջել աշխարհի երեսից` նրա կրօնը միացրու մի հզօր տիրող ազգի կրօնի հետ, եթէ կամենում ես վերացնել մի ազգի լեզուն` ջնջիր նրա դպրութիւնը»:
Իսկ երկրորդ՝ «Ողբերգութիւն Ս․ Վարդանանց Զօրավարաց» թատ-րերգական գործի մէջ ներկայացուցած է Աւարայրի ճակատամարտը, Վարդանանց քաջերու սխրագործութիւնները՝ համեմուած ազգային խոր զգացումներով։ Թերեւս երկրորդ գործի բուն գաղափարա-խօսութիւնն ալ ամփոփուած է հետեւեալ տողերու մէջ․ «Հայերի միութիւնը կարող է հրաշքներ գործել, քանզի ամէն անգամ, որ պարտուել ենք օտարներից, սկզբնապատճառը եղել է միայն մեր երկպառակտութիւնը եւ ներքին պատերազմը, որի համար օտար ազգերն աշխատում են նախ մեր միութիւնը ցրել, բաժանել, որ տիրեն»:
Հայր Սուրբը անդրադառնալով այս գործերը վերահրատարակելու դրդապատճառին ըսաւ․ «Ժամանակագրական առումով Վարդանանց պատմութիւնը մօտ 1600, իսկ այս գործերը մօտ 140 տարուայ հնութիւն ունին եւ թէեւ ժամանակներ անցած են, սակայն մինչեւ այսօր մարտահրաւէրներն ու խնդիրները նոյնը մնացած են ՝ պայքար ֆիզիքական գոյութեան, հոգեւոր արժէքներու եւ ազգային ինքնութեան համար։ Աւարայրի ճակատամարտի հերոսները ստացած են հաւաքական մէկ անուն՝ Վարդանանք, եւ իրենց մահով անմահա-ցուցած են ազգային եւ հոգեւոր միաձոյլ, անխախտ գաղափարը՝ մեզի աւանդելով յաւերժ հայ ապրելու երեք զէնք՝ խաչ, սուր եւ գրիչ։ Վարդանանքն իբրեւ ազգապահպանութեան ուխտ՝ կտակուեցաւ հայ ազգին, որու ծոցէն յետագային ծնան նոր վարդաններ, որոնք եղան այդ սուրբ ուխտի կրողներն ու պահապանները։
Հետեւաբար, գիրքին բովանդակութիւնը յոյժ այժմէական է մեր հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի համար, քանզի մենք այսօր նորէն կը դիմագրաւենք նոյն խնդիրները»։
Այդ խնդիրները յաղթահարելու, ազգային ոգին զօրացնելու եւ միաբանուելու ճանապարհը կրնանք գտնել այս գիրքին մէջ։ Ուստի, Հայր Դերենիկը ամփոփելով իր խօսքը՝ նոյնպէս նշեց որ գիրքը կրնայ ուղեցոյց դառնալ հայրենանուիրումի, ազգի հզօրացումի եւ ազգային գաղափարախօսութեան ձեւաւորումի, որու ճանապարհը ինչպէս հեղինակը յստակօրէն շեշտած է՝ ազգ եւ եկեղեցի միութիւնն է։
Արեւելահայ եւ արեւմտահայ ընթերցողին աւելի դիւրըմբռնելի դարձնելու համար՝ Հայր Սուրբը գիրքի լեզուն վերածած է արեւելահայերէն, իսկ ուղղագրութիւնը ձգած է դասական հայերէն։
Արժէ նշել, որ գիրքն ունի բաւականին հետաքրքրական էջակալ, որու մէկ երեսին վրայ համառօտակիօրէն տրուած է դասական հայերէնի ուղղագրութեան կանոնները եւ միւս երեսին Ս․ Գնունիի բանաստեղծութիւններէն մէկը՝ համեմուած ազգային պատկերներով։
Գիրքին կողքին վրայ ականաւոր հայ նկարիչ Գ․ Խանճեանի «Վարդանանք» պատմանկարն է զետեղուած, որ սակայն Հայր Սուրբը ներկայացուցած է Հայաստան եւ Արցախ միացեալ քարտէզի տեսքով:
Շնորհանդէսի աւարտին Հայր Սուրբը բոլոր ներկաներուն գիրքէն օրինակներ նուիրեց ՝ իր մակագրութեամբ:
Գահիրէ