«168 ժամ» թերթը կը գրէ. «Պարտուողը բացի իրմէ՝ բոլորը կը մեղադրէ: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ՝ Արցախը հայկական է: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեեմ, որ Ղարաբաղի բանակն ու ժողովուրդը, ու ասոր համար ատրպէյճանցիներն ինծի կ’ատեն, խիզախօրէն կռուեր են: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ, որ Ալիեւը կատարելապէս յաղթեց Փաշինեանին: Ես ըսեր եմ եւ կ’ըսեմ, որ ձեր Փաշինեանը չէ կատարած Հայաստանի ժողովուրդի կողմէ իր վրայ դրուած հիմնական պարտականութիւնները: Ան չպաշտպանեց Արցախը»,- իր հեղինակային հաղորդման ժամանակ ըսած է ռուս քաղաքական վերլուծաբան Վլատիմիր Սոլովիովը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ, եթէ անգամ ատրպէյճանցիներու կողմէ կռուեր են թուրքերը, սուրիացի ահաբեկիչները, անոնք կատարել են իրենց խնդիրը:
«Այո, ես կտրուկ դէմ եմ ՆԱԹՕ-ի բանակի օգտագործման: Այն կը հակասէ մեր ազգային շահերուն: Բայց խօսքը Ալիեւի դիրքերէն հարցին նայելու մէջ է: Անոր առջեւ խնդիր դրուած եղած է, ան կատարած է այն: Փաշինեանի առջեւ դրուած եղած է խնդիր, եւ ան ամբողջովին տապալած է այն: Ան դաւաճանած է Արցախը իր անկարողութեամբ եւ ապաշնորհութեամբ: Սա իմ անձնական կարծիքն է»,- ըսած է Սոլովիովը:
Իր հերթին՝ Վլատիմիր Սոլովիովի հետ ուղիղ տեսակապի ժամանակ ռուս ռազմական փորձագէտ ու զինուորական թղթակից Ալեքսէյ Լեոնկովն ըսած է, որ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ Արցախին հասցուող էական օգնութեան բացակայութեան արդիւնքն էր:
«Բառերով ամէն բան գեղեցիկ կը հնչէր մարտակոչ, Լեռնային Ղարաբաղը պաշտպանելու կոչ, սակայն կամաւորները կը ներկայանային զինուորական պետական հիմնարկութիւն, անոնց կ’ըսէին՝ սպասեցէք: Արցախէն ռումբեր, փամփուշտներ կը խնդրէին, անհրաժեշտ զրահներ, համազարկային կրակային համակարգերու գծով մասնագէտներ, բայց ոչինչ կը հասնէր Արցախ»,- ըսած է Լեոնկովը:
Նա նաեւ աւելցուցած է, որ զօրքերու հիւսիսային պաշտպանական գիծը դիմադրած է ատրպէյճանական յարձակումներուն: Հիւսիսէն զօրքը դուրս չեն բերած, որովհետեւ ըսած են, որ վտանգ կայ նաեւ այդտեղէն ճեղքում ըլլայ: Այդ ժամանակ Շուշի մտած է երկրորդ խմբաւորումը, տիրացած է Շուշիին, պարզուած է, որ հարաւային ճակատը ինկած է, իսկ բուն Շուշին, փաստօրէն, պատրաստ չէր պաշտպանութեան:
«Այսինքն՝ հայերը դեռ կը շարունակէին կռուիլ, անոնք կը դիմադրէին, եթէ հասնէր այն օգնութիւնը, որ խոստացած էր Նիկոլ Փաշինեանը, երբ կ’ըսէր, որ պիտի պաշտպանէ Արցախը: Բայց այստեղ նաեւ շատ հետաքրքիր փաստեր կը բացայայտուին, որոնք արդէն կը հրապարակուին թելեկրամ ալիքներով, որ սկսած 2018-էն՝ Հայաստանը ստացած է բաւականաչափ քանակով զէնք-զինամթերք, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ Թուրքիոյ հետ ինչ-որ գործարքներ եղած է: Այսինքն՝ Հայաստանէն Թուրքիոյ միջոցով զէնք մատակարարուած է սուրիացի ահաբեկիչներուն: Ահա այսպիսի հետաքրքիր բաներ կը բացայայտուին: Այսինքն՝ այնտեղ անոնք փող կ’աշխատէին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղին, ուր այդ զինամթերքը անհրաժեշտ էր, ոչինչ կը հասնէր»,- ըսած է ռազմական փորձագէտը:
Յաջորդիւ Վլատիմիր Սոլովիովը ցոյց տուած է փաստաթուղթեր ու ըսած, որ հաւանաբար Ալեքսէյ Լեոնկովը այս գործարքներու մասին կը խօսի: Վերջինս հաստատած է Սոլովիովի դիտարկումը:
«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ անոր զինակիցներ՝ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մակար Ղամբարեանը եւ նախարարի վաղեմի ընկեր, որոշակի շրջանակներուն քաջ յայտնի, զէնքի առեւտուրով զբաղող Դաւիթ Գալստեանը զբաղուած էին Թուրքիոյ Սուրիոյ մէջ փրոթրքական ահաբեկիչներուն համար զէնք վաճառելով: Սա յանցագործութիւն է, որուն համար ցմահ ազատազրկում պէտք է տրուի»,- եզրափակել է Սոլովիովը»: