Մինչ պատուաստաւորումը դանդաղ կ՛ընթանայ, Լիբանանի մէջ երէկ քորոնաժահրով վարակուած 52 հիւանդներ մահացան: Մինչ մէկ օրուայ մէջ գրանցուեցան 3469 վարակակիրներ: :
Սոյն պարագաները յայտնաբերուեցան 19681 քննութիւն յանձնած անձերուն ընդմէջէն, որոնցմէ միայն երկուն արտասահմանէն ժամանած էին: Դրական արդիւնք ունեցող քննութիւնները 18 տոկիս կը հաշուեն, որ անցեալ շաբթուայ համեմատ 0.3 տոկոսի աճ արձանագրած է:
Հակառակ արգելափակումներուն, ներկայ տուեալները լաւատեսութիւն չեն ներշնչէր: