Վերջին տարիներու չհամադրուած աշխատանքներէ ետք, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած նորօրեայ արհաւիրքները միասնաբար եւ միակամ դիմակալելու համար ժամանակը հասուն նկատուեցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլի օրկաններու խմբագիրներուն կողմէ:
Արդարեւ ժամանակի պարտադրած պայմաններով՝ առցանց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի ԱԶԳ եւ ԱԶԳ Օնլայն(Երեւան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնթրէալ), ԱՐԵՒ (Գահիրէ), ԶԱՐԹՕՆՔ (Պէյրութ), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Աթէնք), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթըն), MIRROR SPECTATOR (Պոսթըն), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Պուէնոս Այրէս) թերթերուն պատասխանատու խմբագիրներուն միջեւ:
Հանդիպման քննարկուեցան միացեալ գործելակերպի սկզբունքային հասկացողութիւն մը յառաջ բերելու կարելիութիւնները: Ժողովականները ճշդեցին նաեւ ապագայ միացեալ աշխատանքի գործնական ձեւերն ու միջոցները:
Որոշուեցաւ հերթական հանդիպումներով համադրել մամուլի մեքենական կարելիութիւնները եւ ներդաշնակել օրկաններուն գաղափարական եւ քաղաքական ուղղութիւնները:
ՌԱԿ-ի Մամլոյ Օրկաններու Համախմբում