Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձով կ՛ակնկալուի, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները կը վերակենդանանան: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ ան նաեւ հանդիպի հանրապետութեան նախագահին հետ կարգ մը խնդիրներու հանգուցալուծման համար:
Յիշեցնենք, որ արդէն իսկ վեց ամիսներ անցած են Հարիրիի նշանակումէն ի վեր, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը տակաւին կ՛ուշանայ:
Նշենք, որ Հարիրի Պէյրութ պիտի վերադառնայ Քաթարէն: