Անդրդուելի մնալով հակազդեցութիւններու դիմաց Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաաի կը շարունակէ յառաջ երթալ Լիբանանի համար Միջազգային Յատուկ Համաժողովի մը իր կոչով, որ տեղի պէտք է ունենան Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան հովանիին տակ:
Ան կը շեշտէ նման համաժողովի մը կարեւորութեան վրայ ի տես Լիբանանի մէջ ամէն օր աւելի եւս խորացող քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամին:
«Մենք նշեալ կոչով հանդէս եկանք, որովհետեւ երկիրը հասած է այնպիսի կէտի մը, ուր մենք անկարող ենք իրար մէջ հասկացողութեան մը հասնիլ կամ երկխօսութիւն ունենալ: Միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն ունի Լիբանանը դուրս բերելու այս ճգնաժամէն». Ըսաւ Ռաաի իր այցելուներուն դիմաց:
Ռաիի կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն լուծումներու իրենց տեսիլքը պարունակող թղթածրար մը պատրաստեն, որուն համադրումէն ետք պէտք է ներկայացնել նշեալ ժողովին :