«Կրթէ Մանուկը Իր Ճամբան Սկսած Ատենը». Առակած 22:6
ԼԵՆԱ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ*
Ահա այս Աստուածաշնչական պատուէրին եւ լուսաբանութեան հիման վրայ է, որ Շ. Եւ Է. Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը ամէն առաւօտ՝ առցանց, իր հոգեւոր մատուռին դռները կը բանայ, որպէսզի իր աշակերտներուն սիրտերուն մէջ դրոշմէ աստուածապաշտութիւն, քրիստոնէական նկարագիրի կերտում, ազգային եւ եկեղեցական տօներու հասկացողութիւն եւ Սուրբ գրային սաղմոսներու անգիր ընկալում:
Նաեւ մենք կը հիւրընկալենք հոգեւոր հովիւներ եւ քրիստոնէական դաստիարակներ, որպէսզի իրենք ալ իրենց ներդրումը բերեն աշակերտներուն հոգեւոր ուսման եւ նկարագիրի կերտումին մէջ:
Այսօր, Մեսրոպ Մաշտոցը, Նարեկացին եւ Վարդան Մամիկոնեանը գովերգելը եւ մեծարելը կը նպատակադրէ նոր սերունդին մէջ տարածել անոնց ազգային, դաստիարակչական ու նաեւ քրիստոնէական հաւատքը:
Կ՛ուզենք ուրախութեամբ բաժնեկցիլ թէ 2020-2021 տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր, մեր աշակերտներուն անգիր սորվելու ջանքերը պտուղ տուին, երբ 10 Փետրուարի առաւօտեան առցանց հաւաք-պաշտամունքին ընթացքին, 15 աշակերտներ (մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգ) անգիր եւ սահուն կերպով հայերէնով արտասանեցին ԱստուածաշունչիՍաղմոս 46էն բաժին մը:
Անոնք ստացան պատշաճ գնահատագիրներ եւ ամէնէն կարեւորը՝ անոնք հարստացան Աստուածաշունչի կենսարար գոհարներով:
* Մերտինեան վարժարանի հայերէնի եւ կրօնի դասատու