ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Պսակաձեւ Ժահրի Հետեւանքներէն . . .
Պսակաձեւ ժահրի յայտնաբերումէն ահաւասիկ գրեթէ մէկ տարի անցած է սակայն անոր յոռի հետեւանքները տակաւին ցայտուն կերպով ի զօրու են, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ։
Տակաւին դիմակ կը գործածենք՝ ծածկելով մեր դունչերը, իրարմէ երկու մեթր հեռու կը կենանք, ուր որ ալ երթանք, եւ ակամայ տնային կալանքի տակ կը գտնուինք որպէսզի չվարակուինք եւ փոխադարձաբար ալ ուրիշները չվարակենք այդ մահացու հիւանդութենէն։
Եկեղեցիները փակ են, մարզասրահները փակ են, իսկ ճաշարանները կը գործեն եթէ ճաշարանէն դուրս՝ բացօթեայ տեղ մը յատկացուցած են՝ ինչպիսին է ինքնաշարժներու կանգառը, ուր սեղան եւ աթոռ տեղաւորած են։
Ընթրիք՝ Մէկ անձի Համար . . . (Dinner for one)
Ահաւասիկ ճաշարանէն դուրս տեղաւորուած սեղանի մը եւ աթոռի մը՝ մէկ անձ սպասարկելու համար, օրինակը (տես նկարը) որ մեզի կու գայ Շուէտէն։
Արդարեւ, Ransater միայն 100 բնակիչներով փոքրիկ գիւղ մըն է ուր Լինտա Քարլսըն եւ Ռասմոս Փըրսըն ունին Ճաշարան մը։ Անոնք կ՛սպասարկեն օրական միայն մէկ ընթրիք եւ արդեն յաճախորդներ իրենց տեղերը ապահոված են մինչեւ ամառուան վերջաւորութեան։
Հետաքրքրական է գիտնալ որ յաճախորդը ոչ մէկ անձի հետ շփում չունենար որովհետեւ երեք մասերէ բաղկացած բանջարեղէնի ( 3 course vegetarian meal) իր ընթրիքը իրեն կու գայ զամբիւղի մը մէջ։ Այդ զամբիւղը՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, իրեն կու գայ 50 մեթր երկարութեամբ պարանի մը վրայէն . . .
Բայց եթէ մէկը առանձինն պիտի ընթրէ, հապա ինչո՞ւ ճաշարան երթայ եւ առանձինն նստի։ Ան կրնայ նոյն այդ ճաշը ապսպրել եւ իր տան հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ ճաշել, չէ՞ք խորհիր։ Բայց ինչպէս ամերիկեան ասացուածքը կ՛ըսէ, “To each` his own.» Այսինքն՝ մարդ ազատ է իր ուզածին պէս ապրելու իր կեանքը եւ վերջ։
Նուագահանդէս՝ Մէկ Անձի Համար . . . (Concert for one)
Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքէն։ Ինչպէս գիտէք՝ վերոյիշեալ համաճարակին պատճառաւ, համերգային սրահներն ալ փակ են եւ մարդիկ այդ առթիւ զրկուած են նաեւ ունկնդրելէ դասական թէ այլ երաժշտութիւն եւ համերգային ելոյթներ։ Այսինքն՝ մէկ խօսքով, մշակութային կեանքն ալ դադրած է գործելէ։
Առաջ որ մեր բուն նիւթին անցնիմ, պիտի յիշեմ ժողովրդային ասացուածք մը որ առնչութիւն ունի անոր հետ։ Ասացուածքը կ՛ըսէ, «Եթէ լեռը Մուհամմէտին քով չգար, Մուհամմէտը կ՛երթայ լեռան քով։» Անշուշտ ակնարկութիւնը կ՛երթայ իսլամներու Մուհամմէտ մարգարէին։
Ուրեմն, եթէ անձը չկարենայ համերգասրահ երթալ, նուագահանդէսը կու գայ իր մօտ եւ ան առանձինն կ՛ունկնդրէ այդ երաժշտութիւնը։ Երաժշտական ելոյթը վայելողը 55 տարեկան հրապարակագիր մըն է՝ Գլոտիա Պրուստէյլինս անունով, որ կ՛աշխատի վերանորոգուող ուժականութեան հետազօտական ընկերութեան (renewable energy research group) մը մէջ:
Գլոտիա համացանցով կը դիմէ որ երաժշտական ելոյթ մը ունկնդրէ։ Այդ ելոյթները տեղի կ՛ունենան Շթութկարթ քաղաքի 27 տարբեր վայրերու մէջ։ Ան չ՛իմանար թէ ո՞ւր պիտի հրաւիրուի եւ ոչ ալ թէ ո՞վ պիտի ըլլայ երաժիշտը։ Այս պարագային՝ վայրը կ՛ըլլայ բլուրի մը վրայ (տես նկարը), այգիի մը մօտ։ Իսկ երաժիշտը՝ թաւ ջութակահար մը։
Տաս վայրկեանի երաժշտութիւնը կ՛ըլլայ անգլիական երգի մը տարբերակը «Greensleeves» անունով։ Գլոտիա շատ կը խանդավառուի, որովհետեւ այդ նուագը կը յիշեցնէ զինք այն օրերը՝ երբ ան իր կեանքի մէկ մասը անցուցած էր Անգլիա։
Երբ Գլոտիայի կը հարցնեն թէ ի՞նչ էր իր տպաւորութիւնը նուագային այդ ունկնդրութենէն՝ ան սապէս կը պատասխանէ,
«Ես պարզապէս գնահատուած զգացի ինքզինքս։»
Ինչպէս տեսաք՝ կեանքի պայմանները կը փոխուին, ըստ անհրաժեշտութեան եւ մարդիկ կարողութիւնը ունին յարմարելու եւ իրենց կեանքը շարունակելու լաւագոյնս։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։