ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հակառակ ձմեռնային բիրտ ցուրտին, ցնցոտիներով պարուրուած մուրացկաններու եւ տնակներու ներկայութիւնը մնայուն երեւոյթ մը սկսած է դառնալ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ: Յաճախ կարելի է հանդիպիլ ամէն տարիքի եւ սեռի պատկանող անձերու որոնք բարձրաձայն կը վիճաբանին իրենք իրենց հետ: Կան ուրիշներ, որոնք հետզհետէ ամայի դարձող Նիւ Եորքեան փողոցներու մէջ իրենք զիրենք նորօրեայ փիլիսոփաներ կը հռչակեն եւ պատահական անցորդի մը ուշադրութիւնը կը պահանջեն՝ իրենց սնամիտ եւ այլանդակ արտայայտութիւնները ունկնդրելու: Նորագոյն արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն, շուրջ հինգ հազար անտուն թշուառականները կը շրջագայէն Նիւ Եորքի մէջ: Հակառակ քաղաքապետութեան պարկեշտ ճիգերուն պատուաւոր բնակավայրեր հայթայթելու հետզհետէ բազմացող այս համայնքին, անոնցմէ շատեր կը նախընտրեն ապրիլ փողոցներու վրայ, մուրացկանութեամբ ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը, ժխտական այս երեւոյթին զուգահեռ, սկսած է ոճիրներու եւ բռնարարքներու թիւին արագ աճը: Փետրուար ամսուան երկրորդ շաբաթավերջին երկու անձեր կորսնցուցին իրենց կեանքը եւ չորս ուրիշներ հիւանդանոց փոխադրուեցան ծանր վէրքերով:
Դժբախտաբար, այսօրուան Նիւ Եորքը ունի ժխտական եւ հակասական այլ երեւոյթներ: Ճիշտ տարիէ մը ի վեր, վիթխարի այս քաղաքը կը տուայտի անորոշութեան մէջ: Նիւ Եորքը դատարկ է երբեմնի իր տնտեսական նախանձելի կեանքէն: Երբ անցեալ տարուայ Մարտ ամսուն Քորոնա ժահրը իր ճիրաններուն տակ առաւ կեանքով առլցուն այս քաղաքը, տասնեակ հազարաւոր Նիւ Եորքցիներ եւ հոս գործող պաշտօնեաներ՝ հրաժեշտ տալով, գաղթեցին տարբեր նահանգներ: Դէպի երկինք սլացող շէնքեր, իրենց հարիւր հազարաւոր գրասենեակներով, լքուեցան անստոյգ ճակատագրի: Այսօր Նիւ Եորքի երեւոյթը կը մնայ մռայլ: Հակառակ պատուաստի խոստմնալից կիրարկման, կը պարզուի թէ Նիւ Եորք աշխատողներուն միայն 16 առ հարիւրը վերադարձած են իրենց գործատեղիները: Անգործութիւնը գլած անցած է տասը առ հարիւր: (Քորոնայի յայտնաբերումէն առաջ՝ միայն 3,5 առ հարիւր էր:)
Նիւ Եորք քաղաքին մշտանորոգ աւիշ հայթայթող նիւթական աղբիւրը՝ թուրիզմը կիսամեռ վիճակի մէջ գտնուի: Քաղաքը կորսնցուցած է շուրջ կէս միլիոն աշխատաւորներ, որոնք թուրիզմի հետ առնչուած զանազան գործերով ապրուստ կը վաստակէին: Քաղաքին փայլ տուող Broadway-ը ցարդ դատապարտուած է գերեզմանային լռութեան, որուն իբրեւ արդիւնք, շուրջ քառորդ միլիոն Նիւ եորքցիներ կորսնցուցած են իրենց գործերը: Այս բոլորին գումա՞րը. անգործներու այս բանակը աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի հասնող բնակարանային վարձք պարտական է իր տանտէրերուն:
The New York Post տարածուն օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, Նիւ Եորքի մէջ գործող ճաշարաններուն 60 առ հարիւրը Դեկտեմբեր ամսուան վարձքերը վճարած չեն տակաւին: Այս ընթացքով մեծապէս հաւանական է անոնցմէ շատերուն վերջնական փակումը: Անցնող տարուան ընթացքին, Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած 24 հազար ճաշարաններէն միայն 12 հազարը այժմ իրենց դռները բաց կը պահեն: Իբրեւ հետեւանք, հազարաւոր անձեր գործազուրկ են որոնք ճաշարաններու հետ կապուած գործեր ունէին: Հաւանական կը թուի դաշնակցային կառավարութեան 25 միլիառ տոլարի յատկացումը՝ կանխարգիլելու փակումը աւելի մեծ թիւով ճաշարաններու:
Տհաճ այս երեւոյթը կարելի է հակադրել հետեւեալ հակասական պատկերով: 2016էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով Նիւ Եորք քաղաքին մէջ 38 բնակարաններ ծախուած են մէկ շաբթուան ընթացքին որոնց իւրաքանչիւրին արժէքը 4 միլիոն տոլարէն էն աւելի բարձր է՝ ընդհանուր գումար՝ 351.5 միլիոն տոլար…:
Փակուող վաճառատուներու եւ խանութներու ցաւալի ցանկը կը շարունակուի բազմանալ:
Միջազգային ճանաչումի տիրացած Վալենթինօ վաճառատունը վերջերս փակեց իր դռները, քաղաքին երբեմնի ամենէն շքեղ համարուող շրջանին մէջ, առարկելով թէ ժահրին ստեղծած պայմաններով յաճախորդներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է, թուրիսթներ չկան եւ քաղաքապետութիւնը սահմանափակած է վաճառատուներու գործունէութեան ժամերը՝ առաւօտեան ժամը 10էն՝ երեկոյեան ժամը 6:
Այս առարկութիւնները համոզիչ չեն թուած դատախազին եւ նաեւ տանտիրոջ՝ երբ Վալանթինոյին իտալացի վարձակալները փորձած են մինչեւ 2029-ը երկարաձգուող վարձքի պայմանագիրը բեկանել: Ըստ Ռոյթըր գործակալութեան, Վալանթինօ հաստատութիւնը պարպած է իր վաճառատունը, որուն իբրեւ հետեւանք, տանտէրը 207.1 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կը պահանջէ, 16 տարուան վարձքի պայմանագիրը միակողմանի խզած ըլլալուն, վերջին 4 ամիսներու վարձքը վճարած չըլլալուն եւ վաճառատան ներքնամասին՝ յատկապէս Վենետիկէն ներածուած մարմարներուն հասցուած վնասներուն համար: Նիւ Եորքի նահանգապետն ու քաղաքապետը կարելիութեան բոլոր սահմաններէն ներս ճիգ չեն խնայեր գահավէժ այս թաւալքը դանդաղեցնելու համար: Նիւ Եորք քաղաքին պարծանքը նկատուող ճաշարաններուն փակ մնալը հարուած մըն է քաղաքին տնտեսութեան եւ վարկին: Ամիսներէ ի վեր, քաղաքապետութիւնը՝ նահանգային իշխանութիւններու համագործակցութեամբ արտօնած է բացօթեայ ճաշարաններու արտօնութիւն շնորհել՝ մեղմացնելու համար ճաշարանատէրերու նիւթական անձուկ կացութիւնը: Փետրուար 19էն սկսեալ, պատճառաբանելով թէ Քորոնա ժահրի տարածումը սկսած է դանդաղօրէն նուազիլ, Նիւ Եորքի նահանգապետը յատուկ հրամանագիրով արտօնեց բոլոր ճաշարաններուն վերաբացումը՝ պայմանաւ, որ ճաշասեղաններուն միայն 30% գործածութեան դրուին: Նաեւ արտօնութիւն տրուած է մարզական խաղերու հանդիսատեսներու ներկայութիւնը, անցեալ Մարտէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: 19 հազար աթոռներ ունեցող գոց մարզասրահը արտօնուած է միայն 10% հանդիսատեսներ ընդունիլ: Դարձեալ New York Post-ի համաձայն սեփականատէրերը փոխանակ 19000 տոմսեր վաճառելու սովորական գինով՝ 50-էն 380 տոլարի, որոշած են միայն 300 տոմսեր վաճառել, իւրաքանչիւրը 5 հազար տոլար արժողութեամբ: Բոլոր անոնք որոնք այս գումարը ի վիճակի են վճարելու, առաջին շարքի վրայ հանգստաւէտ օթեակներու մէջ պիտի դրուին, իրենց ընկերակցող 6 բարեկամներով, որոնց պիտի մատուցուի յայտնի խոհարարներու կողմէ պատրաստուած ճաշեր, ոչ-ոգելից ըմպելիքներով: Նիւ Եորքին վիճակուած համատարած այս պատուհասէն առաջ իսկ, ունեւոր Նիւ Եորքցիներ սկսած էին արտագաղթել: Այդ երանելիներէն մէկն էր նախկին Նախագահ Տոնալտ Թրամփը: Նիւ Եորքը լքելու այս հոսանքին մաս սկսած են կազմել նաեւ մեծ ընկերութիւններ, որոնք իրենց գործողութիւններն ու պաշտօնէութիւնը սկսած են տեղադրել Ֆլորիտա, Արիզոնա եւ այլ նահանգներ, որոնք համեմատաբար ժահրազերծ են եւ ուր կեանքը շատ աւելի մատչելի է բաղդատած Նիւ Եորքի: Անշուշտ այս մեծ հաստատութիւններուն կը հետեւին Նիւ Եորքի ամենէն նշանաւոր ճաշարանները, որոնք մասնաճիւղեր կը բանան այս նահանգներուն մէջ:
Նիւ Եորքի վերաբացման եւ վերաշխուժացման հեռանկարները այնքան անորոշ են, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ համայն աշխարհի:
Խօսինք տուեալներով:
Ընթացիկ տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Միջազգային Թուրիզմի Մարմինը 70 տարբեր երկիրներու մէջ բնակող 200 ակադեմականներու, գործատէրերու, տնտեսագէտներու եւ թուրիզմի հետ զբաղող պաշտօնեաներու հետ հարցազրոյցներ ունենալով հետեւեալ տուեալները կը ներկայացնէ:
Ե՞րբ կ’ակընկալէք միջազգային թուրիզմի աշխուժացումը՝ 2019-ի մակարդակին, Քորոնա ժահրի երեւումէն առաջ:
1%ը պատասխանած են 2021-ին
15% պատասխանած են 2022-ին
43% պատասխանած են 2023-ին
41% պատասխանած են 2024ին կամ աւելի ուշ:
Հակառակ պատուաստումի միջազգային ճիգին, այնպէս կը թուի թէ կեանքը իր բնականոն հունին մէջ կրնայ մտնել ամենականուխը 2023 թուականին, բայց բազմաթիւ թերացումներով: