Յովհաննէս Գրիգոր Գասապեան (1880, Ակն — 27 Փետրուար 1915, Մոնթեվիտէօ, Ուրուկուէյ), հայ բժիշկ։
Յովհաննէս Գասապեան ծնած է մօտաւորապէս 1880 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի, Սեբաստիոյ գաւառի՝ Ակն գաւառակի կեդրոն Ակն քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս։
1903 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ Հաստատուած է Սամսոն՝ նաւահանգստային քաղաքին մէջ եւ որպէս բժիշկ աշխատած է։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած՝ 10-րդ զօրաբաժինի ամրութիւններու վաշտի զինուորական բժիշկ։
1915 թուականին, Փետրուար 27-ին սպաննուած է կամ մահացած ժանտախտէ՝ մօտ 35 տարեկան հասակին։