Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Տեսանկիւն. Եզրայանգումը Դուք Ըրէք

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Առանց երկարաշունչ նախաբանի կամ պատմականի, այսօր սոյն սիւնակով՝ ամենապարզ ձեւով հետեւեալ պատկերը կ՛ուզեմ ներկայացնել.

Տխրահռչակ 10 Նոյեմբեր 2020-էն մինչեւ այսօր, կրօնական, քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, ակադեմական եւ այլ՝ հետեւեալ գերազգային եւ ծանրակշիռ հաստատութիւնները ծանօթ պատճառներով ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յորդորեցին կամ իրմէ պահանջեցին իր հրաժարականը. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, Ազգային աւանդական կուսակցութիւններ  եւ միութիւններ, ներհայաստանեան մեծ թիւով ազդու քաղաքական կուսակցութիւններ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան, Երեւանի Պետական Համալսարանը, փաստաբաններու մեծ համախմբում մը, մեծ թիւով մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ վերջապէս Հայոց Բանակի սպայակոյտը:

25 Փետրուար 2021-ին Փաշինեան, իր հրաժարականը պահանջող Հայոց Բանակի սպայակոյտին ծանօթ յայտարարութիւնը համարեց՝ պետական յեղաշրջման փորձ:

Նիկոլ Փաշինեանին տուած այս նոյն որակաւորումը տուին եւ այսպէս կոչուած «զինուորական յեղաշրջումը» դատապարտեցին եւ մտահոգութիւն յայտնեցին.

  • Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիպ Էրտողանը:
  • Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաուլուտ Չաւուշօլու՝ իր պաշտօնական յայտարարութեամբ:
  • Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պաշտօնական ներկայացուցիչ Իպրահիմ Քալինը՝ իր թուիթըրեան գրառումով:
  • Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ՝ Օմէր Չելիքը:
  • Թուրքիոյ հիմնական ընդդիմադիր, «Քեմալական Հանրապետական Ժողովրդական» կուսակցութեան փոխ նախագահ՝ Օզկիւր Օզելը:
  • Թուրքիոյ պաշտօնական կամ իշխանամէտ շատ մը լրատուական միջոցներ:
  • Ազրպէյճանի պետական համակարգը:
  • Ազերի լրատուական միջոցները:
  • Ֆէյսպուքեան օգտատէր Վարդան Պալեանի կողմէ համադրուած՝ ազրպէյճանի հասարակութեան ընկերային համացանցի վրայ հետեւեալ (թարգմանուած) գրառումներու նմոյշները, որոնք մեծ ժողովրդականութիւն գտած են.
  • Ճեյհուն Նեսիրով.

Չէի պատկերացներ, որ երբեւէ այսպէս կ՛ըսեմ, բայց իրապէս  լուրջ՝ եկէք աղօթենք Նիկոլի համար։

  • Նուրիտէ Շաֆակ.

Պինդ եղիր Փաշիկ, մենք քեզի հետ ենք:

  • Շամիլ Աղա.

Նիկոլի հանդէպ յարգանքս կը մեծնայ։ Քանի դեռ ան կը դիմադրէ Ռուսաստանին, մենք հեռանալու ենք Ռուսաստանէն: Ես հայու հանդէպ այսքան յարգանք դեռ չեմ ունեցած։ Վերակենդանացիր Նիկոլ։ Անդրանիկի հոգին քեզ օգնական։

  • Ճամիլա Իսմայիլզատա.

Եթէ գերիները վերադարձնէին, կրնայ ըլլալ Փաշինեանի աջակցութիւնը քիչ մը աւելի ըլլար։ Ցաւալի է, որ թէ՛ մենք, եւ թէ Հայաստանը կրկին կը գլորինք Քրեմլինի գիրկը:

Այսօր այսքանով պիտի բաւարարուիմ: Վերոյիշեալին եզրայանգումը ընթերցողին ձգելով:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img