Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաի կրկնեց իր կոչը Միջազգային Համագումարի եւ Լիբանանի Չէզոքութեան անհրաժեշտութեան առնչութեամբ:
Այս հարցը սակայն քաղաքական քննարկումի առարկայ կը շարունակէ մնալ երբ Հըզպալլա իր դէմ կը նկատէ այս քայլը:
Ռաիի այս թեմայով դիմեց Պքըրքէ հաւաքուած ժողովուրդին, որոնք եկած էին զօրակցելու իրեն:
Պատրիարք Ռաիի Լիբանանի փրկութիւնը Միջազգային համաժողովի մը կայացումին մէջ կը տեսնէ եւ կ՛ուզէ այդ միջոցաւ առաջքը առնել Լիբանանի տնտեսական անկումին: