ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ծայրայեղ Կրօնաւորները . . .
Դարերէ ի վեր գիտութիւնն ու կրօնը միշտ հակադիր եղած են իրարու։ Կրօնը հիմնուած է հաւատքի վրայ, իսկ գիտութիւնը փաստերու վրայ։ Հաւատացեալի մը չես կրնար համոզել որ գիտութիւնը ճիշդ է, իսկ գիտնականի մըն ալ չես կրնար համոզել որ Աստուած է երկրի եւ մարդկութեան ստեղծիչը։
Վերոյիշեալ հակադիր այդ կեցուածքները աւելի եւս կը սրանան, երբ կողմերէն մէկը կազմուած ըլլայ ծայրայեղականներէ։ Օրինակ՝ առնենք ամերիկայի Ամիշները, որոնք մարդկային ընկերութենէն մեկուսացած կ՛ապրին եւ կ՛օգտագործեն նախնական միջոցներ (տես նկարը) իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։
Ամիշները (Amish people) չեն հաւատար բժիշկի եւ դեղորայքի, անոնք կ՛ունենան մէկէ աւելի կիներ եւ իրենց զաւակներու ուսումը կը վստահին միայն իրենց դպրոցներուն։ Այս բոլորով հանդերձ՝ անոնք մէկու մը վնաս չեն հասցնէր, որովհետեւ ուրիշներու հետ երբեք չեն շաղուիր . . .
Ծայրայեղ մտածելակերպի ուրիշ օրինակ մըն ալ մեզի կու գայ Իրանի կրօնաւորներէն, որոնք կիշխեն երկրին՝ Շահին տապալումէն ետք։ Հիմա տեսնենք թէ այդ կրօնաւորներէն Այաթուլլահ Ապպաս Թապրիզեան (տես նկարը) ի՜նչ անտրամաբանական արտայայտութիւն ունեցած է գիտութեան հանդէպ։
Ան սապէս ըսած է, «Մի՝ մօտենաք անոնց, որոնք Պսակաձեւ Ժահրի պատուաստը առած են։ Որովհետեւ այդպիսով՝ անոնք դարձած են միասեռական։» Այս դիրքորոշումը ոչ մէկ գիտական փաստի վրայ հիմնուած է, սակայն տգէտ մարդիկ կը հաւատան՝ որովհետեւ այդ կու գայ կրօնաւորի մը համոզումէն եւ վերջ։
Առաւել՝ նոյն այդ կրօնաւորը տեսնուած է տեսաերիզի մը վրայ որ կ՛այրէ բժշկական ձեռագիրք մը (Harrison’s Manual of Medicine) եւ կ՛ըսէ, «Իսլամական բժշկութիւնը այսպիսի գիրքեր դարձուցած է անհեթեթ։»
Ամերիկայի Սառնամանիքը ․ ․ ․
Գաղտնիք մը չէ որ ամէն տարուան ձմեռուան ամիսները, ամերիկայի հիւսիսային մասի՝ կեդրոնական եւ արեւելեան նահանգները սաստիկ պաղ կ՛ընեն եւ կը թաղուին ձիւնի հսկայ բլուրներու տակ։ Կը պատահի որ օրերով դպրոցները գոց մնան եւ մարդիկ չկարենան գործի երթալ։
Ձմռան եղանակին՝ ըստ պետական տուեալներուն, ամերիկայի ճամբաներուն 70 տոկոսը ենթակայ է ձիւնածածկութեան։ Այդ իսկ պատճառաւ՝ ինքնաշարժներու արկածները կը բազմանան (տես նկարը) եւ հետեւաբար ալ, մեռնողներու թիւը։
Ձիւնածածկ այդ ճամբաներուն վրայ՝ մարդ որքան որ ալ ուշադիր ըլլայ եւ կամաց վարէ ինքնաշարժը, արկածները դժբախտաբար անխուսափելի են որովհետեւ երբ ձիւնը սառի, ինքնաշարժները կը սահին եւ կամքէ անկախ պատճառներով արկածն ու մահը տեղի կ՛ունենան . . .
Հիմա անցնինք ուրիշ երեւոյթի մըն ալ որ դարձեալ կապ ունի ամերիկայի սառնամանիքին հետ։ Այս երեւոյթը սակայն դժբախտութիւն մը չէ, այլ՝ զարմանք եւ հիացում պատճառող, մարդուն ստեղծագործ միտքին եւ ճարպիկութեան համար։
Ուրեմն, դիտեցէք հետեւեալ նկարը, որը մեզի կու գայ Մինիսոթա նահանգի Մէյբըլ Կրով քաղաքէն։ Այս նկարը առնուած է այն ժամանակ երբ օդին ջերմութիւնը -50 աստիճան Fahrenheit (այսինքն -45 աստիճան Centigrade) է։ Իսկ ի՞նչ է տեղի ունեցած հնարքը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Այդ քաղաքի բնակիչներէն Տանիքա Պրինտա եւ իր աղջիկը Բայբըր սառած ճինզ տեսակի տաբատ մը օդին մէջ նետած են, տեսնելու համար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը . . .
Եւ ահա ի՜նչ զարմանք՝ տաբատը եղածին պէս կախուած մնացած է օդին մէջ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ամենուրէք։ Իսկ կ՛երեւի դրացիներէն մին՝ նկարելով այդ արտասովոր երեւոյթը, համացանցի վրայ ներկայացուցած է։
Հիմա միլիոնաւոր հետեւորդներ՝ նկատելով այդ տարօրինակ դէպքը, անուանած են զայն (The Challenge) որ կը թարգմանի մարտահրաւէրը!