Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերի, 2023
- Գովազդ -spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ. 91-րդ Ընդհանուր Ժողով. ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄՆԵՐ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

27 Փետրուար 2021

Նիւ Եորք

Մենք, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ) Շաբաթ 27 Փետրուար 2021-ին կայացած 91-րդ ընդհանուր Ժողովին ներկայ անդամներս, քննելէ ետք Կեդրոնական Վարչական Ժողովին կողմէ ներկայացուած հաշուական եւ գործունէութիւններու 2018-2019-ի տեղեկագիրները, կը հաստատենք հետեւեալները.

Մենք գոհունակութեամբ ճանաչման կ’արժանացնենք Միութեան յաջող ձեռքերումները երկու տարիներու ընթացքին եւ կը բաժնենք անոր լուրջ մտահուգութիւնները, 2020-ի ողբերգական դէպքերու ձգած աւերիչ հետեւանքներուն կապակցութեամբ, աշխարհի եւ յատկապէս հսկայական մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ազգին համար:

Ժողովը կը հաստատէ Միութեան վճռակամութիւնը գործնապէս մասնակցելու, յառաջ մղելու եւ դիւրացնելու համընդհանուր նախաձեռնւոթիւնները, որոնք միտուած են հայ ազգի զարգացման եւ բարգաւաճումին, հաւատարիմ կենսունակ հայրենիք եւ ներգրաւուած սփիւռք իր անխախտ տեսլականին: Ընդհանուր Ժողովը առաւել, կը հաստատէ իր վճռակամութիւնը շարունակելու իր բարեսիրական առաքելութիւնը, ապահովելու ազգի զարգացումը եւ ամբողջականութիւնը, համոզուած, որ իբր ժողովուրդ ունինք անհրաժեշտ հմտութիւնը, տաղանդը, հաստատակամութիւնը եւ միջոցները, դիմակալելու այդ մարտահրաւէրները, բարելաւելու մեր վիճակը եւ ամրացնելու մեր դիրքերը:

Ժողովը կը խոնարհի այն հազարաւոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին եւ անոնց, որոնք վիրաւորուեցան պաշտպանելով մեր հայրենիքը եւ Արցախը, Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս կատարուած յարձակման դէմ: Իր ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ այն բոլոր ընտանիքներուն որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են պատերազմին, արագ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, յանձն կ’առնէ միաւորելու մեր ուժերը եւ մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

Ժողովը խոր գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ Ընդհանուր Միութեան հիմնադիրները, առաջնորդութեամբ Նախագահ Պօղոս Նուպարի, իրենց պայծառ տեսիլքին եւ յանդուգն նախաձեռնութեան համար, նաեւ բոլոր անցեալ եւ ներկայ նախագահները, շրջանակներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետները եւ հաւատաւոր անդամները, որոնք սատարած են Միութեան այսօրուան հզօր դիրքի ապահովումին եւ անոր վայելած բացառիկ վստահութեան, հայութեան թէ այլ լայն շրջանակներու մօտ:

Ժողովը կը հաստատէ Հայ Եկեղեցւոյ հետ Միութեան անխախտ զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Միութիւնը յանձնառու կը մնայ աջակցելու ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները մատակարարելու անոր ջանքերուն եւ մանաւանդ մեր ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ մշակելու պատմական դերին: Նոյն ոգիով, Ընդհանուր Ժողովը կ’ողջունէ Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ Կաթողիկոսութիւնները, նաեւ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեանց նուիրապետական աթոռները եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու առաջնորդութիւնը: Ժողովը կը գիտակցի որ մեր ժողովուրդի ճակատագիրն է որ նժարի վրայ է այսօր: Ապահովելու համար մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ ապագան, որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ ինքնութեան յաւերժութեան գերագոյն գրաւականը, կոչ կ’ուղղէ Հայաստանի մեր ժողովուրդին, կառավարութեան, զինեալ ուժերուն եւ քաղաքական խմբակցութիւննրուն, հեռու մնալու որեւէ քայլէ, որ ներքին պառակտում կը յառաջացնէ վտանգելով մեր հայրենիքի փխրուն կայունութիւնը, մէկ կողմ դնելու իրենց հակամարտ շահերը եւ ձեռնարկելու կառուցողական երկխօսութեան, դիմակալելու համար այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները զորոնք մեր ազգը կը դիմագրաւէ պատերազմի հետեւանքներուն պատճառով:

Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով կը նշէ Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի առաջնորդութիւնը Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու կողքին, իրենց շարունակական յանձնառութեան եւ տեսիլքին համար, առաջնորդելու Միութիւնը իր առաքելութեան եւ նպատակներու հետապնդումին, բոլոր տեսակի կացութիւններու մէջ, ի շահ հայ ժողովուրդին:

Ժողովը կը շնորհաւորէ շրջանակները եւ մասնաճիւղերը որոնք գործակցեցան կեդրոնական Վարչութեան ղեկավարութեամբ կազմակերպուած բազմաթիւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններու, օգնելու համար մեր աշխարհատարած համայնքերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին, որոնք դժուարութեան մատնուած էին: Կը հաստատէ, որ անոնց գործունէութիւնները կը համապատասխանեն Միութեան տեսլականին եւ մտասեւեռումին, կը նպաստեն հայ ժողովուրդի համաշխարհային դիրքին եւ զուգահեռ են մեր պարտաւորութիւններուն՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր ժառանգութեան եւ արժէքներուն, ինչպէս նաեւ որպէս աշխարհաքաղաքացիներ, մարդկայնական դատերու մեր զօրակցութեան:

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, բարեկամներուն եւ միութեան համակիրներուն: Միութիւնը պիտի չկարենար իրականացնել իր առաքելութեան առնչուող ծրագիրները, առանց Միութեան հանդէպ անոնց վստահութեան, համարումին եւ առատաձեռնութեան:

Ժողովը կը շնորհաւորէ Կեդրոնական Վարչութեան վերընտրուած անդամները եւ իր գնահատանքը կը յայտնէ իր նուիրեալ անդամներուն, կամաւորներուն եւ աշխարհատարած պաշտօնէութեան: Մեր համընդհանուր ձեռքբերումները կարելի պիտի չըլլար իրականացնել առանց անոնց աջակցութեան, նուիրուածութեան եւ քաջալերանքին:

Ի վերջոյ, մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ընդհանուր Ժողովի բոլոր կազմակերպիչներուն, արհեստավարժներուն, որոնք միաժամանակ թարգմանութիւններ կատարեցին հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, եւ յատկապէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի տնօրէններու խումբերուն, մեր սիրելի Գործադիր Տնօրէն Անիթա Անսըրեանի ղեկավարութեամբ եւ Հայկական Վիրտուալ Գոլէճին, ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեանին, որուն հմտութիւնը, գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը սատարեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովի յաջողութեան:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img