Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հ.Բ.Ը.Մ. 91-րդ Ընդհանուր Ժողով. Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Խօսքը Ներկայացուած 91-րդ Ընդհանուր Ժողովին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Արտակարգ պայմաներու տակ է որ հաւաքուած ենք այսօր: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անդամակցութեան, մասնաճիւղերուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան հանդիպումը կազմակերպած ենք առցանց:

Բարեբախտութիւն է, որ ճարտարագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններով, կը յաջողինք հաղոդակցիլ իրարու հետ, ներկայ ժամանակներուն:

Բոլորս անցած ենք ժահրային համավարակի փորձառութեան ընդմէջէն, որ չէ խնայած որեւէ երկիր կամ համայնք, խլելով բազմաթիւ կեանքեր:

Այս միջոցին սակայն, մեր կարելին ի գործ կը դնենք, գնահատելու համար կեանքի բարիքները, մաղթելով, որ մեր կեանքերը մօտիկ ապագային վերագտնեն իրենց բնականոն հունը:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի համար կենսունակութիւնը չէ կասած բնաւ: մենք կը շարունակենք հասնիլ մարդոց, ծրագիրներ մշակել գոհացում տալու համար երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններուն, հակազդել նաեւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն, մանաւանդ անոնց, որոնք անմիջականօրէն կը վերաբերին մեր ժողովուրդին:

Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ձեզի պիտի ներկայացնեն եւ բացատրեն հաշուական մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 2018 եւ 2019 տարիներու գործունէութիւններու երկամեայ համապատկերը: Որպէս ընդգծում, ես կրնամ հաստատել, թէ նշանակելի իրագործումներու տարիներ էին անոնք, որոնք կարելի դարձան ձեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութեան շնորհիւ:

Միջազգային գետնի վրայ, մեր ազգը ուշագրաւ զարգացում արձանագրեց: Կը թուէր, թէ աշխարհը մեր կողքին է եւ մենք սկսած ենք իրկանացնել ազգերու համայնքին մէջ մեր արժանի յառաջխաղացքը:

Դժբախտաբար, այդ տարիներու փայլուն ձեռքբերումներէն ետք, 2020-ը տառապալի եղաւ մեր բոլորին համար: Մինչ համավարակը չկրցաւ կոտրել մեր ոգին կամ կասեցնել մարդասիրական ծառայութիւններու մեր յարաճուն թափը, կարծէք տարեսկիզբի պատահարները, նախադէպերն էին գալիք ծանրագոյն մարտահրաւէրներուն: Օգոստոսին, Լիբանանի մեր համայնքը կ’ենթարկուէր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած աննախադէպ պայթումի ծանր
հետեւանքներուն: Աղէտը կը հարուածէր քաղաքի հայահոծ շրջանները, ուր մեր համայնքի կարեւոր մէկ մասը հաստատուած էր:

Բայց եւ այնպէս, մեր շրջանակը պատուով դիմագրաւեց այդ բոլորը, Լիբանանի քաղաքացիական կեանքին մէջ իր ներգրավուածութիւնը լաւագոյնս դրսեւորելով: Ժամերու ընթացքին, մեր Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովը կամաւորներու շտապ օգնութեան համակարգ մը հաստատեց, նուիրեալ պաշտօնէութեան եւ սկաուտական խումբերու աշխոյժ աջակցութեամբ:

Անոնք անմիջապէս ձեռնարկեցին բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներու, վերաշինելով մարդոց տուները (արդէն աւելի քան 400), ուտելիք հասցնելով անոնց սեղաններուն, բառացիօրէն եւ ֆիզիքապէս տրամադրելով իրենց արիւնը, պահելու համար իրենց համաքաղաքացիները:


Անոնց աշխատանքը կարելի եղաւ ձեր բոլորին միաւորուած ճիգերով, որով դուք աջակցեցաք արագ եւ լայնատարած դրամահաւաքներով:

Լիբանանի աղէտէն անմիջապէս ետք, հայ ազգը դիմագրաւեց իր ժամանակակից պատմութեան ամենադժնդակ իրադարձութիւններէն մին, որ ծանր ազդեց մեր բոլորին վրայ, ձգելով եկարատեւ հետեւանքներ: Սեպտեմբերի 27-ին, Ազերի ուժերու կողմէ սանձազերծուած կործանարար յարձակումը, թրքական բանակի հրամանատարութեան եւ ռազմական վիթխարի միջոցներու աջակցութեամբ, յանգեցաւ Արցախի պատմական հողատարածքներու մեծ մասի կորուստին: Ինչ որ ամենաաղիտալին էր, ունեցանք շուրջ 5,000 զոհեր եւ աւելի քան 10,000 վիրաւորներ: Մեր
խոստմնալի երիտասարդներն էին անոնք, իւրաքանչիւրը անոնցմէ թանկագին կեանք մը, որ քանդուեցաւ ընդմիշտ:

Ի յարգանս անոնց յիշատակին եւ որպէսզի իմաստաւորուի անոնց զոհաբերութիւնը, անհրաժեշտ է որ միացնենք մեր ուժերը եւ միաւորենք մեր կարելիութիւնները, դիմագրաւելու համար մեր դէմ ցցուող մարտահրաւէրները:

Հայաստանի ապագան է որ նժարի վրայ է այսօր: Եթէ մենք համախմբուինք, ներդնենք մեր լաւագոյնը եւ իւրաքանչիւրս իր ուժերը ի գործ դնէ իրերօգնութեան ի խնդիր, այն ատեն, յոյսով եւ հաւատքով, պիտի կերտենք մեր ազգի փայլուն եւ յաջող ապագան:

Այս է այն պահը, որ պիտի սահմանէ եւ վերահաստատէ թէ ով ենք մենք: Մեր ժողովուրդը դիմացկուն է: Մենք պիտի գոյատեւենք, որովհետեւ դարեր շարունակ, յաջողած ենք վերականգնիլ, կոտորածներու, հալածանքներու եւ ամէն տեսակի ցնցումներու եւ աւերածութիւններու ընդմէջէն:

Իրաքանչիւր մարտահրաւէրէ ետք, մեր ազգը եղած է աւելի եւս կենսունակ եւ հպարտ իր պատմութեամբ: Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով, «Ոչ մէկ ուժ կրնայ բնաջնջել մեզ»: Մենք է որ կ’որոշենք մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ հզօրութիւնը:

Աւելի քան մէկ դար, Հ.Բ.Ը.Մ.ը եղած է համաշխարհային մեր համայնքի անկիւնաքարը, միշտ յանձնառու իր մարդասիրական առաքելութեան մէջ, սակայն ամէն բանէ վեր, հետամուտ մեր ազգի յառաջդիմութեան եւ ամբողջականութան: Երբ մեր ազգի ճակատագիրը կը վտանգուի, ինչպէս այսօր, մենք կը գործենք որպէս ազգային կազմակերպութիւն, նախանձախնդիր մեր հայրենիքի ապագային եւ ապահովութեան: Հայրենիքը մեր ժողովուրդի գոյատեւման գերագոյն գրաւականն է եւ հիմքը մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան:

Իր պատմութեան ընթացքին շարունակ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը, մեր ժողովուրդին կեանքի առանցքային պահերուն, միշտ եղած է յանդուգն, իր մարդասիրական ծառայութեան դերին առընթեր, գործելով որպէս ազգային կազմակերպութիւն:

Միութեան Հիմնադիր Նախագահ Պօղոս Նուպար, կը գլխաւորէր հայ ազգային յաջորդական պատուիրակութիւնները քսաներորդ դարասկիզբին կայացած խաղաղութեան համաժողովներուն, եւրոպական Մեծ Տերութիւններուն հետ բանակցութիւններ վարելու, թուրքիոյ հայութեան իրավիճակի բարելաւման, եւ հայկական անկախ պետութեան մը ստեղծումին կարելիութեան ուղղութեամբ, ի վերջոյ Սեւրի դաշնագրի ստորագրողներէն մին հանդիսանալով, 10 Օգոստոս 1920-ին: Խորհրդային իշխանութեան օրերուն, երկաթեայ վարագոյրի ետին, ան 1924-ին կը նախաձեռնէր Հայաստանի մէջ բժշկական կեդրոնի մը հաստատումին, իսկ 1931-ին, Նուպարաշէն աւանի ստեղծումին, որ այսօր աւելի քան 12,000 բնակիչ ունի: 1930-ի կէսերուն, մեր Նախագահը, Գալուստ Կիւլպէնկեան յաջողեցաւ յարաբերութիւններ պահպանել խորհրդային իշխանութեանց հետ, Հայաստանի մէջ պահելով
Հ.Բ.Ը.Մ.ի գրասենեակը, օժանդակելով հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ ապահովելով Ս. Էջմիածնի իրաւասութիւնները:


Մեր Նախագահ Արշակ Գարակէօզեանի ղեկավարութեամբ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ստանձնեց արեւմտեան սփիւռքէն Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան կազմակերպումը եւ ֆինանսաւորումը, 1946-47 տարիներու Պաղ Պատերազմի ամենածանր տարիներուն, ապահովելով անհրաժեշտ ժողովրդաքանակը որպէսզի Հայաստանը կարենար ճանչցուիլ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններու շարքին: Այդ հանրապետութիւնն էր որ հետագային դարձաւ այժմու Անկախ Հայաստանը: Այս պատմական անկիւնադարձերէն իւրաքանչիւրը մեր նախորդներու պարագային տեսիլք ունեցող առաջնորդներ կը պահանջէր:

Անոնց յանդուքն նախաձեռնութիւններուն պատճառով է որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը առանձնայատուկ դերակատաութիւն ունեցած
է մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:

Նոյն համոզումով, հայ եկեղեցական ներքին տագնապի ընթացքին, 1956-ին, Նախագահ Ալէքս Մանուկեան մնաց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի կողքին, համոզուած, որ անիկա կրնար գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ միայն հայրենիքի մէջ: Եւ ի վերջոյ, բոլորդ քաջածանօթ էք Նախագահ Լուիզ Սիմոնի համարձակ նախաձեռնութիւններուն եւ հայրենիքին ընձեռած աջակցութեան, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժին եւ Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն: Ան նաեւ իր պաշտօնի պարտաւորութիւններէն անդին, առաջնորդեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի
հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը, ուր որպէս երկրի ամենաառաջատար եւ յարգուած բարձրագոյն կրթական հաստատութիւներէն մին, կազմաւորուեցան ղեկավարներու եւ առաջնորդներու յաջորդական սերունդներ:

Այս բոլորը մեզ կը մղեն գիտակցելու այսօրուան մեր հրատապ կարիքներուն: Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, ացնող տարուան դէպքերու լոյսին տակ, ի տես մեր ժողովուրդի դիմագրաւած վտանգներուն, կոչ ուղղած էր բոլոր հայութեան, միաւորուելու եւ իրենց հմտութիւնը եւ անկոտրում կամքը ի գործ դնելու, ի խնդիր ապագայի կերտումին:

Մենք կոչ ուղղած ենք Հայատանէն եւ Սփիւռքէն անկախ եւ կարող փորձագէտներու, համախմբուելու եւ ի գործ դնելու իրենց փորձառութիւնը եւ կարողութիւնները, նոր կառավարութեան մը կազմութեան եւ ապագայի քաղաքականութեան ձեւաւորումին ուղղութեամբ:

Հայաստանի խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ անցեալ եւ ներկայ ղեկավարները, մեկդի դնելով իրենց հակամարտ շահերը, պէտք է միաւորուին նման կառավարութեան մը շուրջ, վերականգնելու համար ժողովուրդի վստահութիւնը, ապա նաեւ վերաշահելու միջազգային վստահութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմի պատճառած վնասարար հետեւանքները դարմանել ի շահ մեր երկրին եւ մեր ժողովուդին: Անոնք պէտք է որդեգրեն եւ ի գործ դնեն հաստատուն եւ համակարգուած շարք մը քաղաքական սկզբունքներ, սկսած դիւանագիտական հմտութիւններու
եւ քաղաքականութեան մշակումով, ապահովելու համար Հայաստանի երկարատեւ գոյապահպանումը եւ ազդու դերակատարութիւնը շրջանի աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ:

Աւելին, Անոնք պէտք է կեդրոնանան կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հասարակականտնտեսական զարգացման ուղղուած իրատես նպատակներու գործադրութեան վրայ, որոնք կրնան պահպանել երկրի համակարգը եւ ժողովուրդը:

Բոլորս միասնաբար պէտք է կազմենք բարոյական եւ գործնական ղեկավարութիւն մը, որ կրնայ միաւորել երկիրը եւ մեզ վերադարձնել բարգաւաճութեան: Կարիքը ունինք նոր եւ հասուն սերունդի մը, որոնք կրթեալ են եւ խորապէս մասնագիտացած իրենց ասպարէզներուն մէջ, պատրաստ ծառայելու եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, դէպի ապագայ առաջնորդելու համար ազգը: Իբր Հ.Բ.Ը.Մ., մենք մեր կարելին պէտք է ընենք, իրարու մօտ բերելու համար այս մասնագէտները, մղելու զիրենք գործելու միասին, ոչ զուգահեռ կամ մրցակցաբար:

Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հայաստանեայց Եկեղեցիին, որ հիմա ինչպէս եւ անցեալ դարերուն, ծառայած է որպէս մեր հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյապահպանման ամուր միջնաբերդը:

Կոչ  կ’ուղղենք հայութեան, զօրավիք կանգնելու մեր ազգային եկեղեցիին, որպէս կառոյց մը, որ կը պահէ մեր հոգեւոր տոհմիկ ժառանգութիւնը եւ լոյսի տակ կը բերէ մեր ինքնութիւնը միջազգային համայնքէն ներս: Թէեւ ներկայիս իշխանութիւններու կողմէ հարցականի տակ դրուած է այդ, անհրաժեշտ է Հայաստանի հանրային կրթութեան ծրագրին մէջ պահել Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը, որ փաստօրէն մեր ազգի վերջին երկու հազար տարուան պատմութիւնն է:

Մենք լաւատես ենք մեր ապագային նկատմամբ: Մենք վստահ ենք որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը կարեւոր դեր կրնայ կատարել զօրացնելու համար մեր ազգի կորիզը, որ համաշխարհային է իր հայրենիքով եւ սփիւռքով: Մեզմէ իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է ասոր համար, որովհետեւ միասնաբար միայն կրնանք իրականացնել այն ազգային կայունութիւնը որուն խորապէս կը ձգտինք:

Ընդհանուր Ժողովի այս առիթով, կոչ կ’ուղղենք մեր բոլոր մասնաճիւղերուն եւ անդամակցութեան աւելի սերտօրէն գործակցելու Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջանային տարբեր յանձնախումբերուն հետ, բերելով իրենց գաղափարները եւ լաւագոյն ներդրումը նորարար ծրագիրներու նոր ալիք մը ստեղծելու համար:

Մի սպասէք որ նախաձեռնութիւնները գան վերէն:

Միասնաբար պեղեցէք նոր կարելիութիւններ: Մենք կրնանք տարակարծիք ըլլալ որոշումերու եւ արդիւնքներու շուրջ: Սակայն մենք մեր բոլոր որոշումները կը կայացնենք բարեկամեցողութեամբ:

Անհրաժեշտ է հանդուրժողութեամբ, համակրանքով եւ գնահատանքով վերաբերիլ մեր շրջանակներու ղեկավարներուն եւ անդամներուն նկատմամբ, միշտ յիշելով, որ մեր ուժը մեր միասնականութեան մէջ է:

Մենք հպարտ ենք որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է իր ծառայութեան պատմական առաքելութեան, արժանանալով աշխարհի տարածքին բոլոր շրջանակներու բարձր վստահութեան: Այդ վստահութիւնը արդիւնք է աւելի քան մէկ դարու ծրագիրներու եւ աջակցութեանց, որոնք քայլ պահած են մեր ժողովուրդի կարիքներուն հետ:

Այսօր մեզմէ կ’ակնկալուի նոյնը: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու մարտահրաւէրին, նորարարելու եւ
ստեղծելու ապագան որով կրնանք հպարտ զգալ բոլորս:

Մենք կրնանք ձեռք ձեռքի գործել, ամոքելու համար մեր ազգը:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր մեծ կազմակերպութեան նկատմամբ ցուցաբերած ձեր նուիրումին եւ աջակցութեան համար: Ձեր միջոցաւ է որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, կը շարունակէ պահել իր բարձր վարկը եւ վստահութիւնը:


Կը բաժնուինք, շուտով անձամբ ձեր հետ հանդիպէլու յոյսով:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img