Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Մաղաքեան Հրայր, «1915-ի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ 21-րդ դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (էլեկտրոնային) լրատուամիջոցներուն – Ընտրուած հիմնախնդիրներ», Շլոնսք համալսարանի հրատարակչութիւն, Քաթովիցէ (Լեհաստան), 2020, 508 միջակ չափի էջ (լեհերէն):
– Մեծարենց (Մեծատուրեան) Միսաք, «Քնարական բանաստեղծութիւններու ամբողջական ժողովածու», կազմող, խմբագիր եւ վերլուծող՝ Ճեյմս Ռասսըլ, Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչութեան Հայկական մատենաշար թիւ 12, Ֆրեզնօ, 2021 (180-է աւելի բանաստեղծութիւններու հայերէն բնագիրները, անոնց թարգմանութիւնը եւ վերլուծումը) (անգլերէն):
– Մովսէս Խորենացի, «Հայոց պատմութիւն», ռուսերէնէ թարգմանեց Վոյիսլաւ Կութեսսա, յառաջաբանը եւ մասնագիտական խմբագրումը՝ Բաբգէն Սիմոնեանի, պատմական ակնարկը՝ Աէլիթա Տոլուխանեանի, խորհրդականներ՝ Գեղամ Պատալեան եւ Փրետրակ Միյանովիչ, «Փեշիչ ի սինովի» հրատարակչութիւն, Պելկրատ, 2020, 359 էջ (ծանօթագրութիւններ, Հայաստանի քարտէսը ըստ «Աշխարհացոյց»ի, ծանօթագրութիւններ, պատմական լուսանկարներ) (սերպերէն):
– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայերը համաշխարհային Բ. պատերազմին», «Սիփան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2020, 472 էջ:
– Յակոբեան Հրանոյշ, «Յիշում ենք եւ պահանջում», Երեւան, 2021, 840 էջ (Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետականօրէն նշման առնչուած զանազան նիւթեր՝ նախապատմութիւն, միջոցառումներ, ելոյթներ, փաստաթուղթեր, եւ այլն, ու այս բոլորի հետ Հ. Հ.ի սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը): Հատորը հրատարակութեան երաշխաւորած է Հ. Հ.ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
– Նշանեան Միքայէլ, «Բնաջնջել հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Փիոթր Ռաք, Մարաք Տերեվիէցքի հրատարակչութիւն, Բոզնան (Լեհաստան), 2020, 233 միջակ չափի էջ (լեհերէն): Տպագրուած է Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան Մշակոյթի խթանման հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:
– Քէօշկերեան Գէորգ Լ. , «Հայկական ասացուածքներ թրքերէնէ թարգմանուած – Armenian Sayings translated from Turkish into English», Լոս Անճելոս, յունուար 2021, 126 էջ (թրքերէնէ հայերէն թարգմանուած 403 եւ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած 186 հայկական ասացուածքներ՝ կիլիկիահայերէ քաղուած):
– Քորուճու Սերտար, «Սանճաքը ինկաւ – «Հայկական հարցը» Աղեքսանտրէթի Սանճաքէն մինչեւ Հաթայ», խմբագիրներ՝ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, յունուար 2021, 224 էջ (15 x 21 սմ.) (Աղեքսանտրէթի Սանճաքի՝ ֆրանսացիներու կողմէ Թուրքիոյ նուիրումին պատմութիւնը՝ Հայկական հարցի ծիրին մէջ դիտարկուած) (թրքերէն):
– Քորուճու Սերտար, «Բնակչութեան մեկնումը – Մուսա լեռ 1939», խմբագիրներ՝ Էմրէ Ճան Տաղլըօղլու եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, յունուար 2021, 224 էջ (13 x 19,5 սմ.) (1939-ի ամռան Մուսա լեռան գիւղերու – բացի Վագըֆէն – հայութեան Սուրիա եւ Լիբանան գաղթին պատմութիւնը) (թրքերէն):