Չինաստանի կառավարութիւնը որոշած է 50,000 հատ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ նուիրել Լիբանանին: Չինական Sinopharm պատուաստանիւթը պիտի նուիրուի դիմակայելու համար քորոնաժահրը ըսաւ Չինաստանի Լիբանանի մէջ դեսպանը:
Չինաստանի դեսպանին յայտարարութենէն կարճ պահ մը ետք Լիբանան օրինականացուց տուեալ պատուաստանիւթին գործածութիւնը Լիբանանի մէջ:
Այս լուրը եկաւ մինչ Լիբանան կը մտնէ պատուաստումներու մեկնարկման երրորդ շաբաթը, ուր Լիբանանի տարածքին 28 կեդրոններ լծուած են քաղաքացիները պատուաստելու աշխատանքին: Մինչեւ այս պահը պատուաստումները կը կատարուին Pfizer պատուաստանիւթով: