Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի 91-րդ Ընդհանուր Ժողովը Համաշխարհային Համաճարակի Պատճառով Տեղի Ունեցաւ Առցանց Դրութեամբ
ՀԲԸՄ-ի Նախագահը Յատուկ Կերպով Գնահատեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Ղեկավարութիւնը, Անոր Ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանն ու Ամբողջ Կառոյցը
27 Փետրուար 2021ին, իր աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երկամեայ Ընդհանուր ժողովը, խախտելով աւանդութիւնը, աշխատանքները կազմակերպեց ամբողջովին առցանց դրութեամբ։ Նկատի ունենալով շարունակուող համավարակը, որ արդէն թեւակոխած է իր երկրորդ տարին եւ տակաւին կը շարունակէ թէժ օճախներու ձեւով պահպանուիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը յօժարեցաւ օգտուիլ առցանց դրութեան ճարտարարուեստներու ընձեռած կարելիութիւններէն՝ հեռավար ձեւով միաւորելու աշխարհատարած իր անդամակցութիւնը։
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանին ընձեռած կարելիութեանց շնորհիւ, 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակիցներ կրցան միանալ Zoom-ի միջոցով՝ անգլերէնէ հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ։
«Անցեալ տարի պսակաձեւ ժահրի բռնկումէն ի վեր Հ.Բ.Ը. Միութիւնը առցանց դրութեամբ կրցաւ ճկունութիւն եւ հնարամտութիւն ցոյց տալ։ Այդ ատենէն ի վեր մեզի համար պարզ դարձաւ, որ ոչ միայն կրնանք շարունակել մեր առաքելութիւնը, այլ նաեւ աւելի քան երբեք ընդարձակել մեր հասու ըլլալը գաղութներու աւելի մեծ զանգուածներուն, որոնց կը ծառայենք», ըսաւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Ատենադպիր Սարգիս Ճէպէճան, որ կը վարէր Ընդհանուր ժողովը։
Ողջոյնի խօսքերէ ետք, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տուաւ իր Օրհնութեան Խօսքը՝ Ընդհանուր Ժողովին մաղթելով յաջող եւ արդիւնաւոր ընթացք, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Ինչպէս միշտ, պաշտօնական օրակարգը կ՛ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական տեղեկագրութիւնը, զոր ներկայացուց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըքճեան եւ նոյն տարեշրջանի բարոյական տեղեկագիրը Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Փոխ-ատենադպիր Արտա Յարութիւնեան։ Կրթութեան ասպարէզին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կատարած աշխատանքը, մանաւանդ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հսկայական ներդրումը հայ կրթութեան մէջ, հիմնադրումէն ի վեր անցնող տասը տարիներու ընթացքին, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Լենա Սարգիսեան։ Կարճ հարց ու պատասխանին յաջորդեց քննարկում հարցերու շուրջ, զորս նախքան Ժողովը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։

Մեթր Պերճ Սեդրակեան իր պատգամը ուղղած պահուն
Գովասանքի խօսքեր ըսուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երեք խումբերու հասցէին, որոնց մասին Միութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան հպարտութեամբ խօսեցաւ՝ վեր առնելով ժամանակի եւ փորձառութեան անոնց աներեւակայելի զոհողութիւնը 2020ի ճակատագրական պահերուն։ (Նախագահ Սեդրակեանի ամբողջական ելոյթը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումները հրատարակած ենք մեր երէկուայ թիւով)։
Մեթր Պերճ Սեդրակեան իր պատգամը ուղղած պահուն
Նախագահ Սեդրակեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերու սկաուտներուն, իրենց քրտնաջան աշխատանքին եւ ցոյց տուած համայնքային ծառայասիրական ոգիին համար, աներեւակայելիօրէն դժնդակ ժամանակներուն, երկրէն ներս թէ աշխարհի տարածքին։ «Մենք երջանիկ ենք, որ անոնք կը կրեն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կրծքանշանը եւ մեզ այդքան լաւ ձեւով կը ներկայացնեն», նկատեց Սեդրակեան, որ ինք նոյնպէս անցեալին սկաուտական շարժման առաջնորդ եւ ղեկավար եղած է։ Յատուկ յիշատակուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը, որոնք համաճարակի բռնկումին ընթացքին դրսեւորեցին առաջնորդութիւն ստանձնելու իրենց կարողութիւնը, նախայարձակ կերպով գտնելով հաղորդակցութեան մէջ մնալու միջոցներ, ինչպէս նաեւ ապահովելով աշխատաժողովներ կարեւոր հարցերու շուրջ ժամանակին միտքերու փոխանակութիւն կատարելու։

Գնահատուած խումբերուն մէջ էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը եւ անոր Ատենապետ Պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի լիբանանեան ամբողջ կառոյցը, որոնք անգամ մը եւս գնահատեցին իրենց քաղաքացիական ներգրաւուածութիւնը լիբանանեան կեանքէն ներս, անցեալ տարուան Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք։
***

Մեր կողմէն ալ կը վկայենք,, թէ Պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանի առաջնորդութեամբ է, որ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կառոյցը իր մարդկային եւ ազգային առաքելութեան հաւատարիմ, անմիջապէս ձեռնարկեց մարդասիրական լայնածաւալ աշխատանքներու՝ անխտիր հասնելով բոլորին առողջապահական, շինարարական, պարենաւորման եւ այլ պէտքերուն: Աւելին, Պրն. Թիւֆէնքճեան իր անձնական օրինակով եւ գետնի վրայ նիւթական, ֆիզիքական եւ բարոյական աջակցութեամբ, իր ներկայացուցած կառոյցին միջոցաւ, ամէն ինչ ըրաւ օգտակար հանդիսանալու լիբանանահայութեան եւ ոչ միայն, մեղմելու համար քորոնաժահրի եւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական արհաւիրքին դժուարութիւնները: Յարգանք ու պատիւ իր վաստակին:
Կեցցէ՛ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:






