Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազարու Մայրավանքին երեք նորընծաներ՝ Եղ. Կորիւն Ճենանեան, Եղ. Մաշտոց Օհանեան եւ Եղ. Յովհաննէս Մանուկեան, յընթացս Ս. Պատարագի, իրենց Ժամանակաւոր Ուխտադրութիւնը կատարեցին ի դէմս Միաբանութեան «Քահանայապտական Պատուիրակ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանի։
Կիրակի 28 Փետրուար 2021ին, Մայրավանքի եկեղեցւոյն մէջ, յընթացս Ս․ Պատարագի տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Եղ. Կորիւն Ճենանեանի եւ Կիսասարկաւագութեան տուչութիւն՝ Եղ. Առաքել Քալանթարեանի, ձեռամբ՝ Տ. Լեւոն Արք.ի։
«Շատ յիշատակելի օր մըն է», ըսաւ Տ. Լեւոն Արք. իր քարոզին մէջ ձեռնադրութեան արարողութենէն վերջ։
«Սարկաւագութիւնը, գիտենք, հաստատուած է Առաքեալներուն կողմէ, հետեւաբար Քրիստոսադիր կարգ մը չէ», աւելցուց Սրբազան Հայրը։ «Առաքեալները հաստատած են ինչո՞ւ. Գործք Առաքելոցը շատ լաւ կը բացատրէ այս կէտը՝ որպէսզի, կ՚ըսէ, Խօսքին ծառայութեան հետամուտ ըլլանք եւ նիւթական ծառայութիւններով աւելի չզբաղինք»։
Այդ եղած է, ըսաւ Տ. Լեւոն Արք., Առաքեալներուն մեծ խոհեմութիւնը եւ իմաստութիւնը։ «Առաքեալները իրենց յատուկ պաշտօնը նկատեցին, որ միայն խօսքով զբաղին… Ամէն ինչ պիտի ընէք, խօսքի պաշտամունքին համար»։
Յիշատակելով Նախասարկաւագ եւ Նախավկայ Սուրբ Ստեփանոսը, որ սարկաւագութեան խորհրդանիշն է, Սրբազան Հայրը ըսաւ, խօսքը ուղղելով Եղ. Կորիւնին եւ Եղբ. Առաքելին. «Որքան առաջ կ՚երթայ աստիճանը, այնքան կ՛աւելնայ պատասխանատուութիւնը»։
Լեւոն Արք․ իր քարոզը ամփոփեց մաղթելով, որ ձեռնադրեալ սարկաւագին եւ կիսասարկաւագին կեանքը «վարդերու տարափ մը ըլլայ եւ որ Աստուծոյ շնորհքը չպակսի ո՛չ միայն ձեր անձերէն, ձեր գլուխէն, այլ նաեւ բոլոր անոնցմէ, որոնք ձեզի հետ շփման մէջ պիտի գան»։ Սրբազանը մաղթեց, «որպէսզի Աստուծոյ աջը միշտ բոլորիս գլխուն վրայ ըլլայ»։
Արարողութեան ներկայ էին Վենետիկի Կնգղաւորնրու (Քափուչին) Կարգէն վանահայր ու կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ քաղաքիս հայ գաղութի անդամներ եւ բարեկամներ։