Շաբաթ, 7 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատիւ Արժանաւորին. Քահանայութեան 60-Ամեակ Հոգեշնորհ Տ. Ժիրայր Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ծնած է Զահլէ՝ Լիբանան 18 Դեկտեմբեր, 1935-ին: Նախնական կրթութիւնը ստա-ցած է Պէյրութի Ազգային Սահակեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ: 1952-ին ընդուն-ւած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: Երկու տարի վերջ, 1954-ին դիմած եւ ընդունուած է Ս. Աթոռոյս Ժառանգաւորաց վարժարանը իբրեւ ուսանող: Վարժարանի ընթացքը աւարտելէ ետք, 1957-ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, ձեռնադրուած է Սարկաւագ՝ Տ. Տիրան Արքեպս. Ներսոյեանի ձեռամբ: Ապա հետեւած է Ընծայարանի եռամեայ դասընթացքներուն: 1960-ի Փետրուարին, ձեռամբ Տ. Սուրէն Արքեպս. Քէմհաճեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն Քահանայ:

Ձեռնադրութենէն ետք քառասունքի, եւ Սբ. Յարութեան Տաճարէն ներս իր ծա-ռայութենէն յետոյ, Նորընտիր պատրիարք Տ. Եղիշէ Արքեպս. Տէրտէրեանի հրամանաւ եւ Տնօրէն ժողովի որոշումով նշանակուած է Սբ. Յարութեան Տաճարի տեսուչ, յաջորդե-լով Տ. Լեւոն Աբեղայ Աբէլեանի:

1961-ի Հոկտեմբերին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Սիոն Արքեպս. Մանուկեանի կարգադրութեամբ նշանակուած է Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի նորակազմ համայնքի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

1967-ին ձեռամբ Տ. Թորգոմ Արքեպս. Մանուկեանի ստացած է Մասնաւոր Վար-դապետութեան չորս աստիճաններ, իսկ 1968-ին, Մոնթրէալի հայոց եկեղեցւոյ մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք՝ մասնաւոր սրբատառ կոնդակով:

1975-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հետեւած է վերապատրաստման Բանա-սիրութեան դասընթացքներուն: Երեք ամիս ետք Վազգէն Վեհափառի քաջալերու-թեամբ եւ Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի տնօրինութեամբ ստանձնած է Իտալիոյ Միլանոյ քաղաքի Սբ. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուու-թիւնը, երկու տարուան կարճ ժամանակով՝ 1975-1977:

1977-ի աշնան վերադարձած է Հիւսիսային Ամերիկայ: Օրուան Առաջնորդ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան նշանակած է զինք Շիքակօյի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկե-ղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Քառամեայ պաշտօնավարութէնէ ետք, Փարիզէն՝ Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Տ. Սերովբէ Արքեպս. Մանուկեան ետ կանչած է զինք, եւ 1982 Փետրուարէն առժամեայ հանգամանքով իրեն վստահուած է Փարիզի Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը՝ միաժամանակ վարելով Մայր Եկեղեցւոյ գրադարանի դասաւորման աշխատանքները:

1990-ին, Երջանկայիշատակ Տ. Թորգոմ Պատրիարք Մանուկեան իր Գահակալու-թեան վաղորդայնին Ծայրագոյն Վարդապետութեան 10 աստիճաններ շնորհեց Հոգե-շնորհ Տ. Ժիրայր Վարդապետի:

Հայր Սուրբի անձնական նախաձեռնութեամբ Քրիստոնէութեան 1700-ամեակին նուիրուած Մատենաշարով եւ իր համեստ միջոցներով լոյս ընծայած է Կրօնական պարբերականներու մէջ ցրուած աշխատասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ առանձին պրակներով հրատարակած է հետեւեալ մենագրութիւնները.

1. Այվազեան, Հ. Գաբրիէլ Վ., «Դասատետր Մեկնութեան Խորհրդոյ եւ Արարողու-թեանց Սրբոյ Պատարագի», 2003:

2. «ՅՈԲԱՅ Գիրք»-ի տաղաչափեալ Աշխարհաբար թարգմանութիւն Տ. Թորգոմ Արքեպս. Գուշակեանի, 1997, քաղուած «Հայ Խօսնակ» կրօնաթերթէն, Կ. Պոլիս:

3. Տ. Գարեգին Արքեպս. Տրապիզոնի, Հովուական Խօսքեր, 2005, քաղուած «Քա-ռամեայ Պաշտօնավարութեան» գրքուկէն, 1932, Գալիֆորնիա:

4. Տ. Փառէն Եպս. Մելքոնեանի Բաղդատական Հայկ. Չորս Պատարագամատոյց-ներու Աշխատասիրութիւնը, քաղուած ՀԱՍԿ կրօնաթերթէն:

5. Տիրան Արք. Ներսոյեանի «Համառօտ Մեկնութիւն Պատարագամատոյցի», 1999, քաղուած «Շողակաթ» Կրօնաթերթէն, Կ. Պոլիս:

6. Տ. Թորոս Քահանայ Ջուղահեցիի «Աւանդութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ», 2001, քաղուած «Հայ-Եկեղեցի» կրօնաթերթէն:

7. ՊԱՏԱՐԱԳ Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ, 2010:

2016-ի Հոկտեմբերին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ մասնակցած է Գրադարաններու Միջազգային Չորրորդ Համագումարին եւ այս առթիւ յատուկ Զեկոյց մը տուած է Փարիզի Հայոց Մայր Եկեղեցւոյ գրադարանին մասին:

«Սիոն» յանուն Նորին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ բովանդակ Միաբանութեան, կը շնորհաւորէ Հոգեշնորհ Յոբելեարի Քահանայական Ձեռնադրութեան Վաթսուն-ամեակը, եւ կը մաղթէ քաջառողջ կեանքի երկար օրեր:

ՍԻՈՆ Ամսագրի Խմբ.

ՍԻՈՆ Օգոստոս – Դեկտեմբեր 2020

Էջ 300 — 301

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img