Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

«Եալլա Պայ»

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Եալլա պայ» եւ ասոր նման ուրիշ բազմաթիւ օտար բառեր եւ բառեր: Այսպէս             «օքէյ»էն սկսեալ մինչեւ «թանք եու»,  «սօրի», «շուր» «ուաթ» «նօ ուէյ» «այ թինկ», «եու նօ», եւ տակաւին շարքը երկար է: Այսպէս, զաւակ, թոռնիկ, ծնողք, դրացի, զարմիկ, բարեկամ կամ խնամի, աշակերտ, միութենական կամ առեւտրական, դուք ձեզի հարցուցէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ կը գործածէք այս բառերը:

Անկեղծօրէն բոլորս ալ այս բառերը, իբրեւ սովորական եւ բերնի ծամօն, կը գործածենք գիտակցաբար եւ կամ՝ անգիտակցաբար: Կը գործածենք, կարծես մեր շրջապատին ցոյց տալու, թէ.- — «Տեսէ՛ք, ես անգլերէն ալ գիտեմ…»:

Պէտք է նշել, թէ այս յիշած բառերս դիւրին հնչուող են, եւ հաճոյալի ալ են, միավանկ, կարճ ու սահուն, ու համայն աշխարհի մարդկութեան հասկնալի: Շատերուն համար այս բառերու սո-վորական գործածութիւնը կարծես տեսակ մը իրենց անձին «շուք» կու տան, անգլերէն «գիտցողի» հովերէն քշուած: Բայց չմոռնանք, որ այս նշուած բոլոր բառերուն հայերէններն ալ կան: Նորէն, դուք գիտէ՛ք:

Սակայն ինչո՞ւ այս յառաջաբանը, ըսե՛մ որովհետեւ 21 Փետրուարը «Մայրենի Լեզուի Օր» նշանակուած է: Այդպէս որոշուած է: Հպարտութիւն բուրող տօն ալ է: Անոր համար, երբ թուականն ու առիթը յիշեցի, անհանգիստ ջիղ մըն էր, որ յանկարծ սկսաւ տրոփել մտքիս մէջ: Նաեւ ըսեմ, որ նոյն այս թուականն է, որ իր հետ բերաւ զանազան հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք թէեւ նոր չեն, բայց հաւատացէ՛ք, տագնապալի են, իրենց արդիւնքներուն նման:

Անկասկած, շատ շատերու մօտ այս բոլորը նոր բացուած արշալոյսի նման կը մտնեն իրենց կեանքին մէջ, արեւի գոյնին նման պայծառ: Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ ալ հոգեպէս տառապանք հագած կ’ապրին: Այս եւ նման բառերու արտասանութեամբ կարծես նոյնիսկ մեր մտքի բանալին կորսնցուած ըլլանք: Ահա մտահոգութիւնը: Տեսակ մը մեծամտութիւն: Երբեմն պարտաւոր ենք նման «բաներ» հրապարակային հնչեցնել:

Ինչո՞ւ սակայն: Որովհետեւ հայ ենք եւ Սփիւռք կ’ապրինք: Ուստի յստակ եւ տեսանելի է, թէ ինչպէս սկսած ենք մաշիլ: Միւս կողմէ նաեւ ըսեմ, որ դժբախտ ազգ ալ ենք, մեր երկրին պէս եւ մեր ներկան մեր աչքին առջեւ իսկ հսկայ վիհ մըն է: Այս է մեր ճակատագիրը: Բայց…:

Տխուր եւ հաստատ ըսեմ.- բոլորս ալ շուարած կը նայինք մեր այս ճակատագրի աչքին որովհետեւ մենք զոհ ենք, բայց նաեւ մտահոգ ենք, այս անբնական կացութեան դիմաց: Արեւելքի միւս ժողովուրդներու նման մենք մոլեռանդ ազգ չենք: Սակայն այս բոլորը խորունկ եւ շօշափելի կը զգանք:

Եւ տակաւին աւելցնեմ, որ Արցախեան պատերազմն ալ եկաւ իր խիստ խօսքերով ու մահացու, քանդեց մեր կորովը, վիրաւոր մեր երազներուն հետ: Անոր համար մշուշը բռնած է մեր ուղեղները եւ զայն խստօրէն պաշարած: Օտար աղմուկներու մէջ եւ ամէն տեղ սկսած ենք ծերանալ: Յստակ է, թէ ապրումը զիջած է մեր խոհին, ու Սփիւռքեան մեր ապրած երկիրներէն ներս տեղական լեզուները, նոր գոյն եւ տարբեր գիծ տուած են մեր խօսակցութեան եւ մայրենիի հարազատութեան:

Չեմ փորձեր եւ ոչ ալ կ’ուզեմ, որ տողերս յարատեւ տագնապի երգեր դառնան: Բայց եւ այնպէս պէտք է պահպանել մեր մնայուն արժէքները, որոնց առաջին շարքին կու գայ մայրենի լեզուն:

Հայ զանգուածները կապելու միակ բանալին մայրենի լեզուն է. կը կրկնենք շարունակ: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք եւ սակայն յաճախ ալ անոր հետ անհոգ կը վարուինք: Կարծես ան մերը չէ: Օտարինն է: Մեզի համար՝ անծանօթ: Տեսնուած է, որ յաճախ ալ դիմազուրկ կ’ապրինք:

Քաջութիւն է պէտք ցեղին հայելիին մէջ դիտելու: Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը պէտք է, որ գիտնանք:

Ուստի հայ միտքը պէտք է ազատել օտար եւ «վնասակար» փշրանքներէն: Գիտակցելու զօրութիւնը ունենալ է պէտք: Հակառակ մեր շուրջը տիրող եւ փոխուող արագ իրողութիւններու, մեզի կ’իյնայ մեր նոր սերունդը հայրենի մթնոլորտէն չզրկել:

Երբ շատերու բերնէն մաքուր հայերէնով արտայայտութիւնը կը լսեմ, հիացումս կ’երթայ:

Յաճախ զմայլանք մը ունիմ: Հաւանաբար շատ բան կայ այս մասին գրելիք եւ խօսելիք:

Նաեւ աւելցնեմ, որ մեր պատմութեան անիւը ծռած է: Ուստի հաստատ կամք է պէտք: Դրա-կան մօտեցում: Ճիշդ է, որ մեր լեզուի նահանջի ներկայութիւնը կ’ապրինք, ականատեսներ ենք արդէն, ուստի ամէն օր եւ ամէն առիթով անոր մաքուր գործածութեան հանդէպ անտարբեր պէտք չէ որ մնանք կամ ըլլանք: Ճեղք մը կայ հայերէն լեզուի պարզ սովորական խօսակցութեան եւ մաքուրին միջեւ: Ժամանակն է, պաշտպանել լեզուի իշխանութիւնը որպէսզի ան դառնայ թռիչք եւ մտածում: Այս մէկը կը սկսի տուներէն հասնելու անմիջապէս հայ դպրոցին եւ հայ ակումբ-կեդրոնին ու միութենական կեանքին:

Ուստի խորապէս կապուինք մեր լեզուին սիրենք եւ պաշտպանենք: Պահենք եւ գուրգուրանք:

Այս կը նշանակէ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը բազմացնել: Լաւ յիշենք, որ մեզմէ շատ շատեր հայութեան աղմուկէն հեռու կ’ապրին, զանազան պատճառաբանութիւններու եւ պատրուակներու ետին պահուըտելով: Օտար լեզուն է տիրապետողը եւ որ աղետալի հետեւանք կը ձգէ մեր եւ մեր մշակոյթին վրայ: Չեմ խօսիր հայրենիքի մասին: Հո՛ն, պապենական երկիր է: Հո՛ն, մեր երկիրը իր տէրը ունի, որ հայ ժողովուրդն է: Հո՛ն, հող կայ, դարերու պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Ահա սեփականու-թեան հրճուանքը: Ուստի այս խօսքս կամ մատնանշումս հասցէագրուած է մեզի, Սփիւռքի մէջ ապրողներուս, զաւակներէս, թոռներէս եւ հարազատներէս սկսեալ, մինչեւ համայն հայութեան:

Յիշենք այս առթիւ Շահան Շահնուրի մտահոգ տողերը.-

«Սփիւռք դարձած հայերս, պիտի սկսինք կամաց-կամաց մոռնալ մեր լեզուն: Լեզուն կորսնցնելով մեր կռնակը պիտի դարձնենք հայուն մեծագոյն գանձին՝ մեր մշակութային արժէքներուն»:

Նաեւ յիշեցնեմ Պարոյր Սեւակի մտածումներէն բաժին մը.- «Օտար բառեր գործածելով ոմանք ուզում են կրթուած կամ իբրեւ ժամանակակից երեւնալ»:

Լեզուն պահպանելու ահաւոր այս բեռը կ’իյնայ նախ հայ ծնողքին եւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին վրայ: Յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ հայ լեզուն մեզմէ դուրս է: Կարծես մերը չէ: Անտէր ձգած ենք զինք: Որբ եւ աղքատ: Ուստի զայն ներգրաւելու միջոցներու անմիջական կարիքը պէտք է որոնենք: Եւ կը կարծեմ, որ լաւագոյն դեղատոմսը՝ իրարու հետ հայերէն խօսիլն է: Հայերէն գիրքեր կարդալն է: Այլապէս պարտութեան կը մատնուինք, եւ ձուլումը կը յաղթանակէ: Եւ այն ժամանակ՝ վա~յ եկեր է մեզի…: 

Բացառութիւնները ներելի ու հասկնալի են: Իսկ եթէ իրապէս կ’ուզենք հայօրէն ապրիլ, մենք պէտք չէ որ մեր դէմքը, մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն փոխենք: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, կ’այլափոխուինք: Պարտաւո՛ր ենք մնալ հայ:

Եւ եթէ կամքը կայ, մեր բոլոր ճիգերը ապարդիւն չեն:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img