Չորեքշաբթի, 3 Մարտ, 2021-ին, Ճափոնական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագրի մը ստորագրութիւնը ՝ Լիբանանի մէջ Ճափոնի լիազօր դեսպան Օքուպօ Թաքէշի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանի Միջեւ։
Ըստ համաձայնագրին Ճափոնի ժողովուրդը «Հաուըրտ Գարակօզեան» հիմնարկին կը յատկացնէ $89,948 ամ․ Տոլար՝ ծրագրի մը համար, որուն շնորհիւ՝
1․- Գարակէօզեանի լէյլաւանի դարմանատունը պիտի օժտուի նոր ատամնաբուժարանով իր լրիւ սարքերով եւ այսպէս դարմանատունէն ներս օրական դրութեամբ Ընտանեկան բժիշկի կողքի ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ատամնաբուժ։
2․-Գարակէօզեանի Պուրճ Համուտի դարմանատան մէջ գործող ատամնաբուժարանը պիտի օժտուի յաւելեալ արդիական սարքերով։
Գարակէօզեան հաստատութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Ճափոնի ժողովուրդին իրենց կատարած այս օգտաշատ նուիրատուութեան համար։