Երկուշաբթի, 17 Փետրվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Հայոց Բանակը Պէտք Է Պաշտպանուած Ըլլայ Իր Դէմ Նիւթուող Բազմաբնոյթ Եւ Բազմապիսի Խարդաւանքներէ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած գոյաբանական սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներու ճակատագրական այս շրջափուլին, ժամանակն է, որ մենք ազգովին վերջապէս գիտակցինք, որ Հայոց Բանակը՝ ո՛չ միայն մեր պաշտպանութեան, անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան երաշխաւորն է, այլ մեր լինելիութեան, յարատեւման եւ զարգացման անփոխարինելի գրաւականը:

Միայն հզօր եւ ամուր զինեալ ուժերու առկայութեամբ՝ մենք կրնանք ապահովել մեր պետութեան անվտանգ կենսագործումը, տնտեսութեան կայուն զարգացումը, հասարակութեան համընդհանուր բարօրութիւնը եւ ամենաէականը՝ ժողովրդավարութեան խոր արմատաւորումը:

Առանց գերհզօր զինեալ ուժերու՝ ո՛չ պետական հեղինակութիւն, ո՛չ միջազգային կշիռ, ո՛չ կենսունակ տնտեսութիւն, ո՛չ ալ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն կրնան ունենալ, որովհետեւ՝ պարզապէս երկիր գոյութիւն չունենար:

Եթէ սահմանադրութեան պահանջն է, որ Հայաստանի զինեալ ուժերը պէտք է անվերապահ չէզոքութիւն պահպանեն ներքաղաքական գործընթացներու վերաբերեալ, համազօր հրամայական է նաեւ, որ քաղաքականութիւնը չներխուժէ զինեալ ուժերու ոլորտ, զայն չներքաշէ քաղաքական գործընթացներու մէջ, եւ ամենակարեւորը՝ զայն չդարձնէ քաւութեան նոխազ, իր սխալները եւ թերացումները քօղարկելու կամ արդարացնելու համար:

Հայոց Բանակը պէտք է ըլլայ վեր՝ ամէն կարգի այսրոպէական ճղճիմ նկատառումներէ, ընթացիկ քաղաքական նպատակներ հետապնդող շահարկումներէ, եւ մանաւանդ՝ պաշտպանուած ըլլայ իր դէմ նիւթուող բազմաբնոյթ եւ բազմապիսի խարդաւանքներէ:

Հայոց Բանակը մեր ներկայ ու ապագայ լինելիութեան կռուանն է:

2 Մարտ 2021

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Կեդրոնական Խորհուրդ (վերակազմեալ)

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img