Գրիգոր Ասատրճեան (1886 կամ 1888, Մարաշ, Թուրքիա — 4 Մարտ 1983, Պէյրութ, Լիբանան), հայ բժիշկ, մշակութային գործիչ։
Գրիգոր ծնած է Մարաշ, 1885-ին: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի թաղային դպրոցին մէջ իսկ միջնակարգ ուսումը՝ ազգային կեդրոնական Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ, 1903 թ․ին կը սկսի Հետեւիլ պետական Լիսէի դասընթացքներուն, ուր եւ կը ծանօթանայ արաբերէն լեզուին որուն ուսուցումը պարտադիր էր այդ օրերուն: 1905 թ․ին ‘ Լիսէ ընթացաւարտ, մասնաւոր յանձնարարութիւններով ու բարձր գնահատականով մուտք կը գործէ Կ․Պոլսոյ Բժշկական համալսարանը, որուն ընթացքը կ’աւարտէ 1911 թ․ին, ու կը մտնէ բանակ, որուն ծառայութեան մէջ կը մասնակցի Պալքան պատերազմին: 1914 թ․ին իբրեւ պետական բժիշկ կը հաստատուի Մուսուլ (Իրաք): 1915 թ․ին մաս կը կազմէ Մուսուլի կուսակալ Հայտար Բեկի սպայակոյտին: Իր դիրքին ու ստեղծած բարեկամական կապերուն շնորհիւ, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ գաղթական էրզրումցիներու կարաւանի մը ապահով Մուսուլ հաստատուելուն: 1916 թ.ին կը տեղափոխուի Զաիյօ, ուր կը մնայ մինչեւ 1922 թ․ կը վերադառնայ Մուսուլ, ուր կը մնայ մինչեւ 1956, ամբողջ երեսուն հինգ տարիներ մասնակցելով մուսուլահայ գաղութի կազմակերպման ու ղեկավարման աշխատանքներուն: 1956թ․ կը փոխադրուի Պաղտատ, իսկ 1959 թ․ին վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ (Լիբանան):
Գ․ Աստարճեան իր բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, հետեւողականօրէն կ’ուսումնասիրէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը, իրեն կէտ նպատակ ունենալով իւրաքանչիւրին ներկայացնել միւսին պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այս գծով հայ եւ արաբ մամուլին մէջ ստորագրած իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ, առանձին Հատորներով կը Հրատարակէ Հետեւեալ ծաւալուն երկերը․արաբերէն լեզուով՝ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ (Մուսուլ, 1951), ՀԱՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ (Մուսուլ 1954), ՑԱՒԵՐ ՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ ֊ Հայ գեղարուեստական էջերէ թարգմանութիւններ — (Պաղտատ, 1957): Իսկ Հայերէնով ‘ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ (Պէյրութ, 1961), ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ (Պէյրութ, 1970):