Երէկ երեկոյ նոյնպէս բողոքարարներ փակեցին Լիբանանի գլխաւոր ճամբաները իրենց ցասումը արտայայտելով լիբանանեան թղթոսկիի արժէքին անկման նկատմամբ մինչ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը տակաւ կ՛ուշանայ:
«Մեր միակ պահանջքը արժանապատիւ կեանք ունենալն է» ըսաւ Ժալ էլ Տիպի մայրուղին փակողներուն շարքին եղող, տարեց բողոքարար մը:
Քորոնաժահրի պատճառած առողջապահական եւ տնտեսական արհաւիրքը մէկ կողմէն եւ Լիբանանի դիմագրաւած ֆինանսական տագնապը միւս կողմէն ամէն օր աւելի եւս կը սեղմէն լիբանանցի քաղաքացին, որ անասելի անելի մը դիմաց կը պոռթկայ մինչ պատասխանատուները լուռ են եւ անհոգ: