ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
«Վաղ արթնացիր, սերմնացան-այս պատուէրը հնուց քեզ տրուած է
Բայց ունի՞ս աչքեր սրատես, որ մթնում հերկերը տեսնես:» Ե.Չ.
Կ՛ապրինք սա կեանքը արեւուն տակ իսկ կան հունտերը մութին ու հարցումներ կը ծագին: Ի հարկէ հոս մեր գործը սերմնացանի հետ չէ այլ՝ ընդհանուր է, հասարակութեան է, պետութեան է:
Հարցում մը ու պատասխաններու աստղահոյլ մը կը բացուի մեր դէմ: Ապա կը սկսի երկրորդ բարդութիւնը՝ կարենալ ընտրելու՛ եւ ինչ որ կը գոհացնէ գէթ ա՛յդ վայրկեանին ու յոյսով՝ որ պիտի գոհացնէ նաեւ գալիք օրերու մէջ, երբ ուրախութիւնը կախեալ է իրողութենէ մը՝ որուն կը սպասէիր. Ուրախութեան առաջին քայլը երբ ա՛յլ ուրախութեան եթէ կ՛առաջնորդէ կը մնայ վիրաւոր ու մանաւանդ՝ կրնայ վերածուիլ տառապանքի ու անցեալը նզովելու առիթ կը դառնայ սակայն օգուտը ի՞նչ է. Ինչ որ եղած է անյեղլի է քանի որ ժամանակի անիւը ետդարձ չունի: Հետաքրքրական եւ օգտաշատ օրինակ մը տանք Պուտտիստական վարդապետութենէ:
Թիպեթցիները, որոնցմէ հաճոյախօսութիւնը առատ է, կը նկարագրէ կարեւորութիւնը ոգելից ըմպելիներէ հեռու մնալ հետեւեալ զուարճալի անեքթոտով:
Պուտտիստական Դաւանանքի անդամներէն մին, Հրէշի մը կողմէ կը պարտադրուի գործադրել Պատուիրանի հակառակ գործարք մը, հետեւեալ երեք արգիլուածներէն մին կատարելու ի՛ր ընտրութեամբ.- այծ մը սպաննել. Սեռային յարաբերութիւն ունենալ կնոջ մը հետ. Եւ կամ՝ ոգելից ըմպելի ընդունիլ: Խոր մտածումներու յանձնուելէ ետք Պուտտիստը կ՛եզրակացնէ թէ վստահաբար այս երեքէն նուազագոյն մեղքը արգիլուած ըմպելին է, ու կը կատարէ: Գլուխը կը լեցուի, կ՛ամպոտի ու բնականաբար կիրքը կը բորբոքի ու կը կենակցի կնոջ հետ. Ապա, հաճոյալի թուալու համար իր տարփուհիին, կը մորթէ այծը: Ընթրիք:
Այսպիսով սխալէ մը յառաջացան այլեր ու Հրէշի նպատակը իրագործուեցաւ Պուտտիստը առաջնորդելով երեք մեղքերու:
Ունի՞ս աչքեր: Օր ցերեկով լոյսի հագուստով խաբուսիկ խաւարները տեսնելու, կարենալ զատորոշելով իրարմէ սպիտակն ու սեւը: Եղի՛ր Թագաւոր: Քանզի դժուար է ուղին երբ անյայտ է թշնամին, գիշերուան մէջ մթաստուեր կամ ցերեկով լուսաշող: