Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Թէոդիկ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Թէոդիկ (Թէոդորոս Լապճինեան, 5 Մարտ 1873, Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն — 24 Մայիս 1928, Փարիզ), հայ բանասէր։

Ծնած է Պոլիս։ Յաճախած էր Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ «Պէրպէրեան» վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ գոլէճը։

Գրական ասպարէզ մտած է 1900-ականներու սկիզբները՝ «Մանզումէի Էֆքեար» թերթին մէջ տպագրելով փոքրիկ պատմուածքներ «Կեանքի հատորէն փրցուած» վերնագրով, որոնք յետագային, 1910 թուականին լոյս ընծայած է «Կաղանդ» ժողովածուի մէջ։ Այդ տարիներուն գրած է բարբառագիտական ուշագրաւ աշխատութիւն մը՝ «Պոլսոյ հայեվարը» խորագիրով, որ արժանացած է Իզմիրեան մրցանակի։ 1912 թուականին հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակի յոբելեանի օրերուն, Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Տիպ ու տառ»  շքեղ հատորը, ուր ժամանակագրական կարգով կը խօսի աշխարհի բոլոր երկրներուն մէջ հիմնադրուած հայկական տպարաններու մասին, տուած՝ անոնց հիմնադիրներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, տպագրուած գիրքերու ցուցակը։ 2012 թ. «Տիպ եւ տառ»-ը հրատարակուեցաւ նաեւ թուրքերէն թարգմանութեամբ։

Աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերած է «Ամէնուն Տարեցոյց»ը յայտնի տարեգիրք ժողովածուներով, որ առաջին անգամ լոյս ընծայած է 1907-ին, համիտեան բռնապետութեան խստագոյն տարիներուն։ Յաջորդ տարուընէ Թուրքիոյ մէջ հռչակուած Օսմանեան սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է առաւել բազմակողմանի դարձնել տարեցոյցները, ապահովելով ժամանակի գրեթէ բոլոր ականաւոր գրողներու եւ հայ գործիչներու աշխատակցութիւնը։ Բազմաթիւ նկարներով, գրական, բանասիրական, վիճակագրական եւ այլ կարգի նիւթերով, խնամքով լոյս տեսած այդ հատորները, յատկապէս՝ 1909, 1910, 1911, 1912, 1913, 1914 եւ 1915 թուականներու տարեգիրքերը, կը նկատուին հայ կեանքը եւ մշակոյթը ներկայացնող փոքրիկ հանրագիտարաններ։

Մեծ Եղեռնի տարիներուն աքսորուած է Թուրքիոյ խորքերը, ընդհատած սիրած գործը։ Մեծ Եղեռնէն ետք վերադարձած է Պոլիս, 1919-ին հրատարակած է 1916-1920 թթ. միացեալ տարեգիրքը, ապա՝ 1921, 1922, 1923 տարիները։

Քեմալական շարժման յաղթանակէն յետոյ մեկնած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը, հրատարակելով 1924, 1925, 1926, 1927, 1928, 1929 թուականներու տարեգիրքերը, որոնցմէ 1926-ը տպագրած է Վենետիկի մէջ։ Վերջին հատորի տպագրման ընթացքին մեռած է կաթուածէ։

Իր գրիչին պատկանող՝ գրական-բանասիրական, ծաւալուն երկեր տպագրուած են վերոյիշեալ տարեցոյցի տարբեր գիրքերուն մէջ։ 1919-ին Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայած է «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» ժողովածուն, ուր կենսագրական տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով ներկայացուած են Ապրիլ 24-ի ձերբակալութիւններուն զոհ՝ մօտ հազար հայ մտաւորական։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img