Չորեքշաբթի, 21 Մայիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Գրական — Մշակութային. Եղբայր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ 

Սիրելի… պա­­տուա­­կան… հա­­րազատ… յար­­գե­­­լի… հո­­գեւոր… մէկ հա­­տիկ… Ար­­դեօք կա՞յ գո­­յական մը այս բո­­լոր ածա­­կան­­նե­­­րուն ար­­ժա­­­նի։ Այո, «եղ­­բայր» բառն է ան «բարձրաթ­­ռիչ», «բա­­րեհամ­­բաւ», (Վեր­­ջին եր­­կու կո­­չումնե­­րը կը պատ­­կա­­­նին 17-րդ դա­­րու ամե­­նահե­­տաքրքրա­­կան բա­­նաս­­տեղծնե­­րէն մէ­­կուն՝ Երե­­միա Չե­­լեպի Քէօմիւրճեանին) Նոյն մօր ար­­գանդէն ծնած, նոյն կա­­թով սնած այդ տղան, աղ­­ջիկ զա­­ւակի հա­­մար հպար­­տութիւն եւ հո­­վանի մըն է, իսկ փոքր եղ­­բօր կամ որ­­բի հա­­մար պաշտպա­­նու­­թիւն եւ հօր շունչ մը երկրորդ։ Կը տես­­նէ՞ք, կան բա­­ռեր, որոնք սրբու­­թիւն բու­­րեն մե­­զի հա­­մար։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, թէեւ չու­­նիմ աւագ եղ­­բայր, կամ քոյր մը, որ ին­­ծի այդ աչ­­քով նա­­յի, սա­­կայն կը փա­­փաքիմ գրել «եղ­­բայր» բա­­ռի մա­­սին ու ձե­­զի բե­­րել մեր հին ու նոր գրչեղ­­բայրնե­­րու կող­­մէ ստեղ­­ծո­­­ւած այնպի­­սի գրա­­կան հարստու­­թիւններ, որոնք ան­­կասկած կ՛ար­­դա­­­րաց­­նեն վե­­րոյի­­շեալ բո­­լոր ածա­­կան­­նե­­­րը, նե­­րառեալ Քէօմիւրճեանի յօ­­րինած­­նե­­­րը։ Իսկ դուք մի զար­­մա­­­նաք, եթէ յօ­­դուա­­ծի մէջ յան­­կարծ յայտնո­­ւին եր­­գեր, ու լսէք եղ­­բօր գո­­վասան­­քը։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է «եղ­­բայր»ը, մեր ամե­­նէն հա­­րազատ բա­­ռերէն մէ­­կը։ Ան ու­­նի եղ­­բայրներ աշ­­խարհի բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ- անգլե­­րէն brother, լա­­տինե­­րէն frater, իտա­­լերէն fratello, գեր­­մա­­­ներէն Bruder, դա­­սական յու­­նա­­­րէն φράτηρ (frոtēr), պարսկե­­րէն برادر‎ (barādar), ռու­­սե­­­րէն брат (brat)… Դա­­րերու ըն­­թացքին, մին­­չեւ որ բա­­ռը առ­­նէ «եղ­­բայր» ձե­­ւը, ու­­նե­­­ցաւ մի­­ջին ձե­­ւեր- բրայր > բղայր > ղբայր > եղ­­բայր։ Մեր գա­­ւառ­­նե­­­րուն մէջ միշտ չէ, որ եղ­­բայրը կան­­չէին իր գրա­­կան ձե­­ւով։ Զէյ­­թունցին կ՚ըսէր «էխբ՛mր», ակնցին, սե­­բաս­­տա­­­ցին, արաբ­­կիրցին, խար­­բերդցին, պոլ­­սե­­­ցին «ախ­­բար», կար­­նե­­­ցին, ագու­­լիսցին, ախալ­­ցախցին «ախ­­պար», խար­­բերդցին «mխբ՛mր», վա­­նեցին, մշե­­ցին, ար­­ցախցին, ալաշ­­կերտցին, թիֆ­­լիսցին, սալ­­մաստցին եւ վի­­պագիր Ռաֆ­­ֆին «ախ­­պէր», համ­­շէնցին «ախ­­բէր», գո­­րիս­­ցին «ախ­­պըէր», հա­­ճըն­­ցին «ախբ՛այ»։ Միեւ­­նոյն ժա­­մանակ ձայն առին բա­­ռի գա­­ւառա­­կան փա­­ղաք­­շա­­­կան ձե­­ւերը- աբար, աբա­­րիկ, աբօ, ապեր, ապի, ափի, ափու։ Եւ օր մըն ալ այս ձայ­­նե­­­րով տպա­­ւորո­­ւած Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը գրեց. «Որսկան ախ­­պեր» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը. «Որսկան ախ­­պեր, սա­­րէն կու գաս / Սա­­րի մա­­րալ կը փնտռես», մինչ Յա­­կոբ Պա­­րոնեանը 1886 թո­­ւակա­­նին ստեղ­­ծեց հայ­­կա­­­կան թատ­­րո­­­նի ամե­­նաշատ բեր­­մադրո­­ւած թա­­տերա­­խաղե­­րէն մէ­­կը՝ «Պաղ­­տա­­­սար աղ­­բար»։ ԱԱնոնց զու­­գա­­­հեռ լսե­­ցինք հայ մշա­­կի ձայ­­նը… «Հօլ արա եզօ / Ջան, աղ­­բեր ջան, հօ, / Թօլ արա եզօ, / Ջան աղ­­բեր»։

«Եղ­­բայր» բա­­ռը տէր կանգնե­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ իմաստնե­­րու եւ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու։ Երբ Յով­­հաննէս Յով­­հաննի­­սեանը գրի առաւ «Ում որ եղ­­բայր անո­­ւանե­­ցի, ինձ թշնա­­մի իմա­­ցաւ» տո­­ղը, նկա­­տի ու­­նէր ազ­­գա­­­կանը, արիւ­­նա­­­կիցը։ Ռու­­բէրն Զար­­դա­­­րեանը երբ կը յոր­­դո­­­րէր «Լսե­­ցէ՜ք, ո՚վ տա­­րաշ­­խարհի եղ­­բայրներ, դո՜ւք ան­­ծա­­­նօթ, բայց մեր­­ձա­­­ւոր իմ հո­­գիիս»՝ նկա­­տի ու­­նէր իր ազ­­գի տղա­­ները։Նոյն միտ­­քով Մու­­րա­­­ցանը ըսաւ. «Ի՞նչ հարկ կայ խտրու­­թիւն դնել գիւ­­ղե­­­րի մէջ։ Դրան­­ցից ամէն մէ­­կում ապ­­րում են մեր եղ­­բայրներն ու քոյ­­րե­­­րը»։ Սի­­րով ու բա­­րեկա­­մու­­թեամբ իրար հետ կա­­պուած մտե­­րիմ ըն­­կե­­­րուն այսպէս խօսք ուղղեց Վա­­հան Տէ­­րեանը. «Ող­­ջո՜յն ձեզ մութ ու­­ղի­­­ներում երկրա­­յին, իմ եղ­­բայրնե՚ր, հե­­ռու­­նե­­­րում եւ բան­­տե­­­րում»։ «Եղ­­բայր» բա­­ռը 301 թո­­ւակա­­նին առաւ հո­­գեւոր բնոյթ։ Ան դար­­ձաւ վա­­նական «միաբան» Ան­­շուշտ, թէ Դե­­րենիկ Դե­­միր­­ճեանի խօս­­քի մէջ յստակ էր այդ իմաս­­տը, «Երի­­տասարդ վա­­նական եղ­­բայրը որ անձկու­­թեամբ հե­­տեւում էր հա­­սակա­­ւոր զօ­­րակա­­նին, խիստ մտա­­հոգ խօ­­սեց», սա­­կայն 1203 թո­­ւակա­­նին գրի առ­­նո­­­ւած յի­­շատա­­կարա­­նի մը մէջ կը կար­­դանք հո­­գեւոր եղ­­բայրնե­­րուն դի­­մող ծե­­րու­­նի գրի­­չի մը աղա­­չական խօս­­քը. «Ո՜վ սուրբ եղ­­բարք աղա­­չեմ զձեզ / Արդ դուք եղ­­բարք յի­­շեցէք զմեզ յա­­ղօթս»։ Եր­­բեմն ալ զար­­մանքով, զայ­­րոյթով գոր­­ծա­­­ծեցինք «եղ­­բայր» բա­­ռը. «Սա ի՞նչ խայ­­տա­­­ռակ վի­­ճակ է, եղ­­բայր»։ Հա­­կառակ իր յար­­գա­­­լիր դիր­­քին, օր եկաւ որ սի­­րահար քոյ­­րը հրա­­ժեշտ տո­­ւաւ եղ­­բօր. «Մեր ու աղ­­բեր թող տո­­ւի, իմ չի­­նարի եարը, / Ես իմ սի­­րածին առի, դար­­դի­­­ման եարը»։

«Եղ­­բայր» բա­­ռը, ի՜նչ եզա­­կի եւ պա­­տուա­­բեր երե­­ւոյթ, անձնա­­նուն է հա­­յու հա­­մար։ Հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհի մէջ քիչ չեն Ախի­­ներ, Ախիկ­­ներ, Ախի­­ջան­­ներ եւ Աղբրաց­­ներ, որոնք բուն կը նշա­­նակեն «եղ­­բայր»։ Այդ այ­­րե­­­րէն մէ­­կը, Աղ­­բայրիկ վար­­դա­­­պետը ճար­­տա­­­րապետ էր, 1213-1232 թո­­ւական­­նե­­­րուն շի­­նեց Տե­­ղեր վան­­քը։

Երբ եղ­­բօր մա­­սին խօ­­սինք կը գոր­­ծա­­­ծենք ջեր­­մացնող, ըն­­տա­­­նեկան եւ ըն­­կե­­­րային սրբու­­թիւններ ակ­­նարկող ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ. «Աւագ եղ­­բայր», «Երէց եղ­­բայր», «Կրտսեր եղ­­բայր», «Հո­­գեւոր եղ­­բայր», «Հա­­րազատ եղ­­բայր», «Աշ­­խա­­­տաւոր եղ­­բայր»։ Առա­­ւելա­­բար, մօ­­տիկ ըն­­կերնե­­րու կ՛ըսենք «աղ­­բեր տղերք», իսկ պա­­տերազ­­մի մէջ զո­­հուած զէն­­քի եղ­­բայրնե­­րու ընդհա­­նուր գե­­րեզ­­մա­­­նը կը կո­­չենք՝ «Եղ­­բայրա­­կան գե­­րեզ­­ման»։ Թէեւ փա­­փուկ է եղ­­բօր սիր­­տը, բայց ան գի­­տէ խիստ ու պա­­հանջկոտ ըլ­­լալ, այն ժա­­մանակ կը զայ­­րա­­­նայ ու, — նե­­րեցէք ար­­տա­­­յայ­­տութիւնս — , ցոյց կու տայ «հինգ եղ­­բայրնե­­րը»։

Քա­­նի՞ «եղ­­­բայր» ու­­­նի հա­­­յոց լե­­­զուն։ Յի­­­սու­­­նէ աւե­­­լի։ Ձեզ կը վստա­­­հեց­­­նեմ, բո­­­լորն ալ լաւ նկար­­­գիր ու­­­նին, բա­­­րի համ­­­բա­­­­­­­ւի տէր են։ Ըն­­­տա­­­­­­­նեկան այդ մեծ խմբան­­­կա­­­­­­­րի պատ­­­կա­­­­­­­ռելի ան­­­դամներն են՝ եղ­­­բայրա­­­շունչ, եղ­­­բայրա­­­սէր, եղ­­­բայրա­­­բաժին, եղ­­­բայրա­­­նոց (Բնա­­­կարան հո­­­գեւոր եղ­­­բայրնե­­­րու, Լեռ­­­նա­­­­­­­յին Կի­­­լիկիոյ մէջ վանք), հարսնեղ­­­բայր, փե­­­սեղ­­­բայր, ար­­­քա­­­­­­­յեղ­­­բայր, կաթ­­­նեղբայր։ … Ալա­­­գեազ սարն ամ­­­պել ա, / Աղ­­­բեր իր ձին թամ­­­փել ա… Ու­­­րախ այս նկա­­­րի մէջ նկա­­­տեցի՞ք նա­­­խան­­­ձով եւ ատե­­­լու­­­թեամբ հա­­­մակո­­­ւած դա­­­ւաճան դէմ­­­քեր։ Անոնք, ցա­­­ւօք սրտի, պատ­­­ճառ եղան, որ ու­­­նե­­­­­­­նանք՝ եղ­­­բայրա­­­դաւ, եղ­­­բայրա­­­կուլ, եղ­­­բայրա­­­ջինջ, եղ­­­բայրաս­­­պան եւ եղ­­­բայրա­­­տեաց ածա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնց մա­­­սին գրա­­­կան յի­­­շատա­­­կու­­­թիւննե­­­րը մին­­­չեւ այ­­­սօր կը մնան մա­­­տենագ­­­րութեան էջե­­­րու մէջ։ Ահա քա­­­նի մը վա­­­տահամ­­­բաւ օրի­­­նակ. «Ան­­­յի­­­­­­­շաչա­­­րու­­­թեամբն զեղ­­­բայրա­­­դաւ բռնա­­­ւորսն կե­­­րակ­­­րե­­­­­­­ցեր գի­­­տու­­­թեամբ ճշմար­­­տութեանն», «Ամե­­­նայն սպա­­­նօղ եղ­­­բայրաս­­­պան է», «Թշնա­­­մու­­­թիւնք եղ­­­բայրաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան», «Զեղ­­­բայրա­­­տեացն մար­­­դասպան կո­­­չէ»։ «Եղ­­­բայրաս­­­պան» բա­­­ռը որ­­­պէս ծա­­­ղիկի անուն տեղ ու­­­նի նաեւ հայ­­­կա­­­­­­­կան բու­­­սա­­­­­­­բանա­­­կան բա­­­ռարան­­­նե­­­­­­­րու մէջ՝ անո­­­ւան հե­­­տեւեալ մէկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թեամբ. «Եւ այսպէս կո­­­չուե­­­լուն պատ­­­ճառ՝ այն է կ՛ըսեն հին գի­­­տունք, որ երբ նոր ար­­­մատ կամ ձու մի բու­­­սա­­­­­­­նի՝ առ­­­ջիննե­­­րէն մէկն կու չոր­­­նայ»։

Իսկ մենք այ­­­սօր ըլ­­­լանք «եղ­­­բայրա­­­պաշտ» ու յօ­­­դուա­­­ծի առա­­­ջին մա­­­սը աւար­­­տենք մէկ այլ քաղցրա­­­բոյր բա­­­ռով՝ «եղ­­­բայրա­­­շահ»։ Թէեւ ժա­­­մանա­­­կավ­­­րէպ ածա­­­կան է ան, սա­­­կայն ըն­­­տիր է եւ ու­­­նի վեհ իմաստ. «Այն մէ­­­կը, որ գի­­­տէ եղ­­­բօր սիր­­­տը շա­­­հիլ»։ Այ­­­սօր նաեւ աւե­­­լի քան եր­­­բէք հայ ազ­­­գին պէտք է ան­­­սալ հե­­­տեւեալ խրա­­­տին. «Եր­­­կայնա­­­միտ (համ­­­բե­­­­­­­րող) լի­­­նել, եւ եղ­­­բայրա­­­շահ, եւ քաղցր եւ բա­­­րեսէր»։ Ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, ար­­­տօ­­­­­­­նեցէք, որ հրա­­­ժեշ­­­տի երգն ալ նո­­­ւիրեմ բո­­­լոր եղ­­­բայրնե­­­րուն. «Աղ­­­ջի, անունդ Մա­­­յի, / Ճա­­­կատդ բո­­­լոր շա­­­հի. / Մի պաչ կ՛ու­զեմ, եր­կու տու, / Աս­տուած աղ­բերդ պա­հի»։

***

Յար­գե­լի եղ­բայրներ – եւ քոյ­րեր -, վերը խօսեցայ  «եղ­բայր» բա­ռի մա­սին։ Յու­զիչ չէ՞ր լսել, թէ ան մեծ հպար­տութիւն էր թէ՛ հայ ըն­տա­նիքի եւ թէ՝ հա­յոց լե­զուի հա­մար։ Հե­տեւա­բար, հասկնա­լի էր, թէ ին­չո՛ւ մեր մայ­րե­նին 50է աւե­լի բառ շի­նած էր «եղ­բայր»ը նկա­րագ­րե­լու եւ գո­վաբա­նելու հա­մար։ Ծա­ղիկի անուն ալ դար­ձեր էր ան «Աղ­բե­րանց արիւն – Եղ­բօր արիւն»։ (Ծրագ­րած եմ այդ ծա­ղիկի անուան եւ գրա­կան բոյ­րին նո­ւիրո­ւած մե­նախօ­սու­թիւն մը գրի առ­նել) Նա­խորդ յօ­դուա­ծիս մէջ ծա­նօթա­ցեր էինք նաեւ «եղ­բայր» բա­ռի օտա­րալե­զու եղ­բայրնե­րուն, ինչպէս՝ անգլիացի brother-ը, իտա­լացի fratello-ն եւ պար­սիկ barādar-ը։ Իսկ այ­սօր, յար­գե­լի եղ­բայրներ – եւ քոյ­րեր – կ՛առա­ջար­կեմ հա­յոց պատ­մութեան մէջ պտոյտ մը կա­տարել ու յայտնա­բերել ըն­տիր գրա­կան գո­հար­ներ, որոնք նո­ւիրո­ւած ըլ­լան «եղ­բայր»ին։ Եւ այս աշ­խա­տան­քը նո­ւիրած ըլ­լանք մեր բո­լոր «աւագ», «կրտսեր», «հո­գեւոր», «հայ­րե­նասէր», «հա­րազատ» եւ «զօ­հուած» եղ­բայրնե­րուն։

«Եղ­բայր» բա­ռը, որ­պէս ազ­գի հե­ռու եւ ան­ծա­նօթ տղա­մար­դի­կը, յայտնո­ւեցաւ միջ­նա­դարեան պանդխտու­թեան տա­ղերու մէջ։ Այդ երգ-բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ լսե­ցինք օտա­րաբ­նակ հա­յու – ղա­րիպի — վիշ­տը։ Ահա սրտաճմլիկ քա­նի մը տո­ղիկ. «Նա­յիմ սի­րուն նազ­լի եղ­բարք, / Էկէք իմ հա­լիս տե­սէք, / Ղա­րիպու­թեան հի­ւանդ մնա­ցի. / Մնա­ցի կա­րօտով, կա­րօտով», Սի­մէոն Ջու­ղա­յեցի, «Եղ­բարք, գան­կատ ու­նիմ ձեզ հա­մար, / Ղա­րիպի հացն խառ­նած է լե­ղի եւ քար», Սա­հակ Վա­նեցի, «Այլ եւ քան զա­մենայն խիստ դառն ու լե­ղի, / Յոր­ժամ որ ղա­րիպին մահն հա­սանի, / Խնդրէ եւ ոչ գտա­նէ եղ­բայր կամ որ­դի», Ներ­սէս Ան­ձա­պատ­ցի, «Այլ ողորմ մարդ չեմ տե­սել, / Քան հա­րուստն, որ աղ­քա­տանայ, / Ի ղա­րիպու­թիւն եր­թայ, / Հայր ու մայր, եղ­բայր չու­նե­նայ», անա­նուն հե­ղինակ, «Եղ­բարց կա­րօտ մնա­ցի, երկրիս օտա­րի, / Կա­րօտ եմ, կա­րօտ եմ, կա­րօտ սի­րելեաց», Յով­սէփ։ Հա­րազատ եւ սի­րելի եղ­բօրմէ մը զրկո­ւած ըլ­լա­լու վիշ­տը եր­գեց տա­ղասաց Սու­քիասը. «Էր եր­բեմն, որ կա­յի ի մէջ եղ­բարց եւ հարց, / Այժմ եղէ տա­րան­շատ, դի­պեցայ վշտաց»։ Անա­նուն հե­ղինա­կի մը հե­տեւեալ գոր­ծը կը նկա­րագ­րէ սրտի ցա­ւը այն մե­ծահա­րուստի, որ չու­նի… եղ­բայր. «Քէօշկ ես շի­ներ, բարձր սա­րայ (պա­լատ), / Հինգ տեղ ու­նիս թրի եարայ, / Եղ­բայր չու­նիս, կան­չէ՛ հա­րայ. (կան­չէ օգ­նութիւն)»։ Այլ հե­ղինակ­ներ խնդրե­ցին ըն­թերցող «եղ­բօր» ողոր­մութիւ­նը. «Է՛, իմ եղ­բարք եւ հարք սի­րուն… / Յի­շեմք զԱ­ւետիսն», Աւե­տիք վար­դա­պետ Եւ­դո­կացի, «Է՛ եղ­բարք եւ հարք իմ, զձեզ աղա­չեմ, / Ձեռնտուք օգ­նե­ցէք, զի ան­ճա­րակ եմ», «Էհ իմ հարք եւ եղ­բարք, որ լսէք, / ԵՌ­ԾԻԿ թուին (1686) զայս կար­դա­ցէք, / Մեզ ողոր­միս մի, ասա­ցէք. / Կրկին շրջե­լով, շրջե­լով, շրջե­լով»։ Ներ­սէս Շնոր­հա­լին 1145 թո­ւակա­նին երբ Եդե­սիոյ գրա­ւու­մը եւ աւե­րու­մը գրի առաւ, ու­զեց, որ իր ազ­գի բո­լոր ներ­կայ, ապա­գայ, հե­ռու եւ մօ­տիկ ան­դամնե­րը ող­բան. «Ող­բա­ցէ՜ք, եկե­ղեցիք, հար­սունք վե­րին առա­գաս­տի, / Քորք եւ եղ­բարք իմ սի­րելիք, որք յընդհա­նուր կողմ աշ­խարհի»։

Դուք յար­գե­լի ըն­թերցող, չկար­ծէք թէ խա­ւար էր միջ­նա­դարը եւ միշտ տխուր։ Ընդհա­կառա­կը, ուշ միջ­նա­դարուն է, որ հա­յը ապ­րե­ցաւ զար­թօնքի շրջան մը, ապ­րե­ցաւ կեան­քը, բնու­թեան շնորհնե­րը եւ գե­ղեցի­կը լիովին վա­յելե­լու փա­փաքով։ Հե­տեւեալ եռա­տողի մէջ սի­րահար բա­նաս­տեղծ մը ծա­նօթ եւ ան­ծա­նօթ բո­լոր տղա­ներուն կը խոս­տո­վանի, թէ տե­սած է կա­քաւի պէս գե­ղեցիկ աղ­ջիկ մը. «Սուտ է, որ կ՛ասեն, եղ­բարք, / թէ ըն­տա­նի կա­քաւ չի լի­նի. / Մէ­կիկ մ՛ես երէկ տե­սայ»։ Պետ­րոս Ղա­փան­ցին իր հայ­րե­նակից եղ­բայրնե­րը հրա­ւիրեց գա­րու­նը վա­յելե­լու. «Արի՛ք, եղ­բարք , ել­ցուք ի դաշտ ըզ­բօ­սանաց»։ «Եղ­բայր» բա­ռը յայտնո­ւեցաւ նաեւ խրատ­նե­րու մէջ։ Վրթա­նէս Սռնկե­ցին խրա­տեց համ­բե­րել. «Պարտ է հա­մեբե­րել, եղ­բարք , / Փառս տալ մեր ստեղ­ծո­ղի»։ Բա­նաս­տեղծ Աւե­տիքի խրա­տը ուղղո­ւած էր տղայ զա­ւակ­նե­րը ամուսնա­ցու­ցած հայ­րե­րուն. «Երբ որ որ­դիք կար­գես եւ եղ­բայր, / Մէկ չլի­նայ քեզ խնա­մատար, / Ոչ ոք լի­նի քեզ ձայ­նա­կից, / Ասեն ղա­րիպ է եւ օտար»։ Արիս­տա­կէս Խար­բերդցին բո­լոր հա­յոր­դի­ներուն խրա­տեց մի­մեանց սի­րել. «ԶՔրիս­տո­սի պա­տուէրս պա­հեցէք / Եւ զմի­մեանս սի­րեցէք, / Լե­րուք եւ դուք աս­տո­ւածա­սէրք, / Եղ­բայրա­սէրք եւ ըն­կե­րասէրք»։ Ազ­գա­յին եղ­բայրա­կան միու­թեան գա­ղափա­րը կը գտնենք նաեւ Սռնկե­ցի Վրթա­նէսի գոր­ծե­րուն մէջ. «Ժամ է մեզ դառ­նալ, եղ­բայր, / Հե­րիք էր զի­րար ատե­ցաք, / Աշ­խարհի զրուց եղաք, / Զթշնա­մին մեր խնդա­ցու­ցաք»։

Խար­բերդցիի եւ Սռնկե­ցիի եղ­բայրա­սիրու­թեան խրա­տը պէտք եղաւ կրկնել 19րդ դա­րուն, երբ բո­ղոքա­կան եւ կա­թոլիկ հա­մայնքնե­րու մի­ջեւ սուր պա­ռակ­տումներ յա­ռաջա­ցած էին։ Այդ ցա­ւը ամո­քելու հա­մար Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը հար­կադրո­ւեցաւ գրել «Եղ­բայր եմք մեք» հայ­րե­նասի­րական եր­գը.

Մա­տունք կու­սին ամե­նագեղ

Թէ որ զար­նեն փա­փուկ քնար,

Չու­նին ձայն մը այնքան սի­րուն,

Քան զանձկա­լի եղ­բայր անուն։

Տուր ինձ քու ձեռք, եղ­բայր եմք մեք…

«Եղ­բայր» բա­ռը հայ­կա­կան վի­պագ­րութեան մէջ ան­մո­ռանա­լի տեղ գտաւ, երբ Ար­փիար Ար­փիարեանի «Կար­միր Ժա­մու­ց»ի գա­ւառա­ցի Տէր Յու­սիկ քա­հանան, Օս­մա­նեան կայսրու­թեան գրաքննու­թեան ամե­նախիստ օրե­րուն, միամիտ պար­զութեամբ Պոլ­սոյ Օր­թա­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ մէջ որո­տաց «Ազա­տու­թի՜ւն եղ­բարց մե­րոց գե­րելոց»։ Այդ օրե­րուն ազա­տու­թեան գա­ղափա­րին եղ­բայր եր­կու բա­նաս­տեղծներ՝ Սիաման­թօն եւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը այդ բա­ռով շի­նեցին եր­կու նոր ար­տա­յայ­տութիւններ. «մտա­ծու­մի եղ­բայր» եւ «հո­ղին եղ­բայր» (նա­հատակ)։

Հայ ազ­գը հպարտ է իր ակա­նաւոր, աշ­խարհահռչակ եղ­բայրնե­րով։ Յօ­դուա­ծիս սահ­մաննե­րէն դուրս կը մնայ խօ­սիլ անոնց կեան­քի եւ գոր­ծունէու­թեան մա­սին – այդ ման­րա­մաս­նութիւննե­րը որո­նելու գոր­ծը կը թո­ղում հե­տաքրքիր ըն­թերցո­ղին – բա­ւարա­րուիմ յի­շելով երա­նելի եւ պա­տուա­բեր հինգ մա­կանուններ. Մի­կոյեան եղ­բայրներ, Օր­բե­լի եղ­բայրներ, Abdullah Freres, Սար­գիս եղ­բայրներ, Ալի­խանեան եղ­բայրներ։

«Եղ­բայր» բա­ռը ծա­ռայեց նաեւ որ­պէս գիր­քի անուն։ Զայն առա­ջին ան­գամ տե­սանք ո՛չ հա­յերէն, բայց հա­յատառ-թրքե­րէն գիր­քի մը վրայ։ 1820 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ Պաղ­տա­սար դպի­րի հրա­տարա­կած «Քրիս­տո­նէական հա­ւատք» գիր­քի խո­րագիրն է. «Պու գիրք օլ­տուր քի Քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քը­մըզա Իգ­թի­զալը Կե­րէք օլան Պիր գաչ Էօյ­րէ­նիլէ­ճէք­լէր՝ Հայ­ճա պիլ­մէ­յէն քրիս­տո­նեայ եղ­բայրլա­րըմըզ իչին Թիւրքճէ շա­րադ­րել օլունտու»։ Ապա լոյս տե­սան այլ գիր­քեր- «Սաղ­մոս Դաւ­թի ։ Գրա­բառ չի հասկցող եղ­բայրնե­րուն հա­մար զգու­շութեամբ Եբ­րա­յեցե­րէնէն պարզ աշ­խարհա­բառի թարգմա­նուե­ցաւ», Զմիւռնիա, 1843, «Աղ­բար Թով­մա­սի տնա­կը», Վե­նետիկ, 1854, «Թո­րոս աղ­բար», Կ. Պո­լիս, 1884, «Աք­լօր եղ­բայր կամ ման­կան մը պատ­մութիւ­նը», Կոս­տանդնու­պո­լիս, 1866, «Եղ­բայրը եղ­բօր դէմ», Թիֆ­լիս, 1891, «Տե­ղեկա­գիր Նա­խիջե­ւան-Շա­րուր-Դա­րալա­գեազ-Սալ­մաստի Եղ­բայրա­կան օգ­նութեան կօ­միտէի», Սալ­մաստ, 1916, «Տաւ­րո­սեան եղ­բայրակ­ցութիւ­նը», Ֆրէզ­նօ, 1923, «Սար­գիս Տխրու­նի կամ եղ­բայրաս­պան գնդա­կը», Պէյ­րութ, 1929, «Միաբա­նող եղ­բայրնե­րը եւ հայ եկե­ղեցին», Վիեն­նա, 1971, «Եղ­բայրա­կան ժպիտ­ներ», Երե­ւան, 1980։

Իսկ շատ մօ­տիկ ան­ցեալին, մին­չեւ 44-օրեայ պա­տերազ­մի նա­խօրեակը, ամ­բողջ հա­յու­թիւնը իր շրթնե­րուն վրայ կը պա­հէր հայ­րե­նասի­րական երգ մը՝ եր­կու եղ­բօր սփո­փիչ խօս­քը իրենց մօր ուղղո­ւած.

Մամ ջան, չտխրես, շատ չմտա­ծես,

Կռի՚ւ ենք գնում՝ ախ­պերս ու ես…

Ու տո՚ւն կը դառ­նանք յաղ­թութեամբ էս­պէս,

Ծա­փով-ծի­ծաղով՝ ախ­պերս ու ես։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, մենք ալ ան­սանք հի­ներու խրատ­նե­րուն՝ մեր բա­ռապա­շարի մէջ պա­հենք «եղ­բայրա­սիրու­թիւն», «եղ­բայրօ­րէն» եւ «եղ­բայրա­բար» բառերը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img