Ինչպէս հաղորդած էինք, լոյս տեսած է Միսակ Մեծարենցի քնարական բանաստեղծութիւններու ամբողջական հաւաքածոյին անգլերէնի թարգմանուած հատորը։ «Misak Medzarents: The Complete Lyric Poems» խորագրուած հատորը թարգմանած դոկտ. Ճէյմզ Ռասըլ Հինգշաբթի, 11 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, պիտի առաջնորդէ Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն եւ թարգմանական աշխատանքին վերաբերող քննարկում մը։
Առցանց քննարկումը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի գարնանային դասախօսութիւններու շարքին։
Դոկտ. Ռասըլ «Հարվըրտ» համալսարանի հայագիտական ուսմանց «Մաշտոց» հիմնարկին մէջ դասախօս է եւ հրատարակած է հայագիտութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներ ու շարք մը հատորներ, ինչպէս՝ Zoroastrianism in Armenia, The Heroes of Kasht: An Armenian Epic եւ Bosphorous Nights: The Complete Lyric Poems of Bedros Tourian։
Մեծարենցի առաւել քան 180 բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյէն օրինակ մը գնելու համար այցելել abrilbooks.com կամ naasr.org կայքերը, իսկ մեծաքանակ ապսպրանքի համար հեռաձայնել (559) 278-2669 թիւին կամ գրել barlowd@csufresno.edu հասցէին։