Իր ֆէյսպուքի էջին վրայ լիբանանահայ վաստակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ՝ Յարութ Գնդունի կը գրէ.
Լիբանանահայութիւնը վաստակաւոր դերասանուհի մը կորսնցուց։
Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Մարի Ռոզ Մանուկեանը, երկու օր առաջ իր տան մէջ մահացած գտնուած է։
Ան իր թատերական գործունէութեան սկսած է Վարուժան Խտըշեանի հետ, յատկապէս դերեր վերցնելով «Թատրոն 67» թատերախումբին մէջ։ Տասնեակ տարիներու ընթացքին Մարի Ռոզ Մանուկեան բեմ ելած է՝
* Միլըրի «Սալամի Վհուկները» (Լիւսի Լուիս)
*Չեխով «Ամուսնութեան Առաջարկ մը» (Նաթալիա)
* Լապիշ «Յարդէ Գլխարկը» (Քլարա)
* Փիթըր Վայս «Մարա Սատ» (Սիմոնն Էվրար)
* Պարոնեան «Արեւելեան Ատամնաբոյժը» (Մարթա)
* Փինթըր «Գիշեր մը Դուրսը» (Սթօուքս)
* Պարոնեան «Ալաֆրանկա» (Աննիկ)
* Սայմըն «Հանրային Պարտէզին Մէջ Բոպիկ» (Տիկին Պենքս)
* Մոլիէր «Երեւակայական Հիւանդը» (Տիկին Պելէն). . .
Եւ տասնեակներով այլ դերեր. . .
Լիբանանահայ թատրոնի գործիչները և հանդիսատեսը այսօր կորսնցուցին վաստակաշատ դերասանուհի Մարի Ռոզ Մանուկեանը՝։
Սիրելի բեմընկերուհի հողը թեթեւ գայ վրադ, քեզ միշտ պիտի յիշենք։