Երեքշաբթի, 10 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Կանանց Միջազգային Օր. ՀԲԸՄ Կը Գործակցի Համաժողովի Մը՝ Նուիրուած Պատերազմական Գօտիին Մէջ. Կիներու Յաղթահարումը Համաճարակին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ Լիբանան), Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարան (LAU) — Arab Institute for Women  (AiW) -ի հետ միասնաբար կազմակերպեց առցանց համաժողով մը « Կիներ ովքեր պատերազմական  վիճակներու մէջ յաղթահարեցին համաճարակը» խորագիրով:

Մեծ թիւով մասնակիցներով այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Մարտ 2021-ին, Պէյրութի ժամով կ.ե. ժամը 5:00-ին, «Կանանց Միջազգային Տօն»ին առիթով:

ՀԲԸՄիութեան Վարիչ-Տնօրէնուհի Օրդ. Արին Ղազարեան, ողջունեց օրուան բանախօսներն ու մասնակիցները:

Դոկտ. Գարըլ Մանն` Women in War Think Tank-ի  հիմնադիր ու տնօրէնուհի, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու վարեց բոլոր քննարկումները:

« Ի հարկէ համաճարակը համաշխարհային է, սակայն կը տարբերի եթէ դուն կին ու մայր ես, ու ընտանիքի պատասխանատու, մանաւանդ աղքատ երկիրներու եւ պատերազմական գօտիներու մէջ»: Ան հաստատեց ըսելով.- «Այս համաժողովին նպատակը հեռանալ է համաճարակին արեւմտեան հասկացողութենէն, ու դիտել պատերազմական գօտիները, ուր հիւանդութիւնը կրնայ միայն փոքր վտանգ ներկայացնել այլ ողբերգութիւններու կողքին, որոնք  կը սրին կամայական կրճատումներու արդիւնքով, եւ որոնցմէ միայն հարուստները կը յաջողին փրկուիլ»:

1.-  Համաշխարհային համաճարակին ազդեցութիւնը կիներուն վրայ

Առաջին զեկուցողը (AiW- LA) տնօրէնուհի Միրիամ Սֆէյր, խօսեցաւ արաբական տարածքաշրջաններուն մէջ համաճարակին սեռային իրաւունքներուն մասին:

« Աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, ուր հասած է սեռային հաւասարութեան: Այնուամենայնիս, մեր տարածաշրջանը շատ աւելի գէշ է քան միւսները: Հակառակ անոր որ Արաբական երկիրները ստորագրած ու վաւերացուցած են մարդու իրաւունքներու աջակցող համընդհանուր համաձայնագիրները, ի հարկէ կարգ մը վերապահումներով, ոչ մէկ փոփոխութիւն բերած են կիներուն համար»:Աւելին, Տիկ.  Սֆէյր շարունակեց ըսել որ իրավիճակը աւելի վատթարացած է համաճարակին պատճառով, քանի որ կիները չէին կրնար հեռու մնալ իրենց բռնարարներէն, քանի որ իրենք իրենց մէջ կղպուած էին»:

Երկրորդ զեկուցողը՝ Կարմիր Խաչի ու Կարմիր Մահիկի Միջազգային Կազմակերպութեան ապաստարաններուն ու բանակավայրերուն աւագ պատասխանատու Սանտրա Տ՛Ուրզօ, քննարկեց  սեռային անհաւասարութիւնը հաշուի առնելով կիներու անվտանգ ու արժանապատիւ ապաստան գտնելու ու պահպանելու դժուարութիւնները:

Երրորդ ու չորրորդ զեկուցողները՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Women Coders-ի ղեկավար Յասմիկ Հայրապետեանը եւ ՀԲԸՄիութեան AGBU Women Entrepreneurs (WE) ծրագրի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեանը, ընդհանուր առմամբ քննարկեցին Հայաստանի մէջ  սեռական անհաւասարութիւնը, շեշտելով որ Հայ կիներ շատ կարեւոր դեր ունեցան պատերազմին ընթացքին զինուորներուն, վիրաւորներուն ու իրենց տուները կորսնցնողներուն օգնելու գործին մէջ: Աւելին, ՀԲԸՄ-ը օգտակար հանդիսացած է աւելի քան հարիւր կիներու, որպէսզի կարենան իրենց տնտեսական անկախութիւնը ստանալ:

2.- Կիներ՝    լրատուական միջոցներ ու թուային իրաւունքներ Քորոնա համաճարակին ժամանակաշրջանին

Այս քննարկման իւրաքանչիւր զեկուցող անդրադարձաւ բազմազան տեսանկիւններէ առնուած սեռային անհաւասարակշռութեան մասին:  Քաղաքական գործիչ Ասմա Խալիֆա, Լիպիոյ մէջ սեռային անհաւասարակշռութեան եւ կիներու իրաւունքներու չարաշահութեան հարցը արծարծեց, միաժամանակ նշելով թէ ինչպէս փոքր   արհեստներու տէր կիներ կ՛աջակցին  իրենց բարենպաստ չեղող գործընկերներուն: Իր դիմատետրին վրայ ստեղծած էջին միջոցով, շատ աւելի մեծ թիւով կիներ իրենց փորձառութիւնները կը կիսեն, առանց իրենց անունները յիշելու: Ուստի, լրատուական միջոցները մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան լսելի դարձնելու այն ձայները, որոնք նախապէս անլսելի էին:

Միւս կողմէ, Ճափոնի Տօշիշա Համալսարանի Դոկտորայի թեկնածու Մարուա Ահմատ, կարեւորեց սեռային անհաւասարութիւնը, որ շատ աչքառու է Լիբանանի փախստակա-

յաններուն մէջ: Իր յայտնագործութիւնները կ՛ենթադրեն որ փախստական ընտանիքներուն մէջ կ՛աճի ընտանեկան համերաշխութիւնը: Ալ աւելի, կիները կրցած են  աւելի արագ յարմարիլ համաճարակին հետ, քան թէ տղամարդիկ, սակայն անոնց յաղաթահարման միջոցները բացասական արդիւնքներ տուին:

Facebook-ի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի (MENA) հանրային քաղաքականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու բաժանմունքի ղեկավար Շահէտ Ալ Հինտի խօսեցաւ իր ձեռնարկած տարբեր միջոցառումներուն մասին՝ ուղղուած գաղտնիութեան եւ անվտանգութեան  քաղաքականութեան բարձրացման, այն ինչ որ իր կարգին կ՛օգնէ կիներուն խուսափիլ չարաչար օգտագործուելէ եւ Facebook-ի յանցագործութենէ հեռու մնալէ:

3.-  Քովիտ 19-ի հանդէպ չընկճուող կին նկարիչներ

Առաջին քննարկող՝ Forward Film Producers-ի հիմնադիր, արձանագրող ու արտադրող Գարոլ Մանսուր, ներկայացուց իր կողմէ նկարահանուած ժապաւէնէն փոքրիկ          մասեր, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս Լիբանանի մէջ կիներ եւ առհասարակ մարդիկ կը յաղթահարեն համաճարակը: Փոքր ժապաւէնը կը պատկերացնէր Գարոլի եւ ամէն օր իր հանդիպած մարդոց զգացումներն ու առօրեան:

Երկրորդ քննարկողը՝ երգչուհի եւ երգահան Տիա Աուտի, ցոյց տուաւ թէ ինչպէս ինք ու իրեն նման արուեստագէտներ կը ջանան յաղթահարել համաճարակը, յատկապէս երբ անոնք ըլլան կին եւ մայր: Ան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս չնայած որ համերգները դադրեցուած են, այնուամենայնիւ,  երաժշտութեան միջոցով ի վիճակի են մարդկանց միաւորել, համագործակցելով առցանց երաժշտական տեսահոլովակներու եւ յոյս տարածելով հաղորդագրութիւններով:

4.- Միասնաբար մենք կրնանք կերտել պատմութիւնը

Հիւմա Սաիտ, KU Leuven’s քրէական հաստատութեան գիտաշխատող, քննարկեց Աֆղանիստանի փորձառութիւնը համաշխարհատարած Քօրօնա Ժահրին ընթացքին  հակամարտութիւններու եւ կառավարութեան փտածութեան ընդմէջէն: Կառավարու-

թեան գործառնութեանց խանգարումը, արգելք դարձաւ ժողովուրդին ներքին ու արտաքին օգնութիւններուն արժանաւորապէս բաշխումին: Աւելին, ան նշեց թէ Աֆղանիստանի քաղաքացիները կը կրեն ու կը զգան բոլոր տեսակի բռնութիւններն ու մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները:

Համաժողովին վերջին մասնակիցը՝ Զէյնապ Ալի Խան, Every Woman Treaty կազմակերպութեան համակարգող, պատմեց բռնութեան  չարաշահման իր փորձառութեան մասին, որպէս նախապէս ամուսնացած կին: Ան կարեւորեց թէ ինչպէս կիներուն իրաւունքները պաշտպանող ու լուծումներ գտնող համագումարները արդիւնաւէտ չեն մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն դէմ պայքարին մէջ, ուր կիներ կ՛ապրին ամէն օր:  Ան իր քննարկումը աւարտեց զօրաւոր կոչ ուղղելով համաշխարհային փոփոխութեան համար:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Կանանց Արաբական Հաստատութեան Գործադիր տնօրէնուհի Դոկտ.  Լինա Ապի Ռաֆէհ, քննարկուած կարեւոր կէտերուն ամփոփումը կատարելով: «Երբ քաղաքական ճգնաժամերը աւարտին,  արտակարգ իրավիճակները երբեք չեն վերջանար: Փաստօրէն, կիներուն համար արտակարգ իրավիճակները կը շարունակուին ու նոր ձեւեր կը ստանան: Մեզի համար, որպէս կիներ, կը զգանք որ     կը գտնուինք յաւերժական  անապահով վիճակներու մէջ» աւելցուց ան: Դոկտ. Ապի Ռաֆէհ շեշտեց՝« Քօրօնա Ժահրը սերունդ  սահմանող իրադարձութիւն մը եղաւ, ինչպէս նաեւ՝ սեռը որոշող»:  Ան աւարտեց անդրադառնալով համագումարի վերնագիրին.« Այս զրոյցին վերնագիրը այն է՝ որ կիներ պատերազմական գօտիին մէջ կը յաղթահարեն համաճարակը: Այդ է որ մենք կ՛ընենք: Մենք անընդհատ կը յաղթահարենք իւրաքանչիւր հանգամանք, անկախ այն իրականութենէն՝ թէ աշխարհը ինչ կը շպրտէ մեր վրայ: Եկէք շարունակենք գլուխ հանել ՛ ու յոյսով ենք որ պիտի յաջողինք»:

Յետ քննարկման, քանի մը վայրկեան յատկացուեցաւ մասնակիցներուն եւ ներկաներուն հարցումներուն:    

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img