Տիկին Մարիա Քէշիշեան եւ զաւակները՝ Ռաֆֆի եւ Սարա
Տիկին Յարութիւն Քէշիշեան
Տիկին Արփի Պապոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պերնար եւ Մարիժան Անտոնեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Գնդապետ Յովիկ եւ Էլիզապէթ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տիկին Էլիզապէթ Նորշահեան
Տէր եւ տիկին Ճոնի եւ Երան Սալպաշեան եւ դուստրը
եւ համայն Քէշիշեան, Տէմիրճեան, Պապոյեան, Անտոնեան, Նորշահեան, Պապահէքեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ եւ ազգականներ սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, զաւկին, եղբօր եւ հարազատին՝
ՏՈՔԹ. ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ-ին
մահը՝ որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 9 Մարտ 2021-ին, կ. ե. ժամը 1:00-ին Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Երեքշաբթի, 9 եւ Չորեքշաբթի, 10 Մարտին, կ.ա. ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել Լ.Օ.Խ.-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին: