Խաչիկ Դաշտենց (Տոնոյեան, 25 Մայիս 1910, Դաշտադեմ, Պիթլիսի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն — 9 Մարտ 1974, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւններու Միութիւն), հայ խորհրդային գրող, թարգմանիչ, բանասէր։
Ծնած է Տարօնի Խութ գաւառը։ Դէպի Երեւան գաղթին, յաճախած է Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) ամերիկեան որբանոցը, ուր ստացած է նաեւ միջնակարգ ուսում, ապա դառնալու համար գիւղական ուսուցիչ։ 1932–ին աւարտած է Երեւան համալսարանի լեզուաբանական բաժինը։ Քանի մը տարի կատարած է խմբագրական աշխատանք, ապա մասնագիտացած է անգլիական գրականութեան մէջ Մոսկուայի համալսարանէն։
Երկար տարիներ դասախօսած է Երեւանի համալսարանի եւ յարակից հիմնարկներու մէջ. գործած է իբր գիտաշխատող արուեստի հիմնարկի։
1950–էն սկսեալ, հրատարակած է իր վէպերը նուիրուած հայրենի Տարօնի ոգեկոչման։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն։
Ունի գրականագիտական աշխատութիւններ, բարձրորակ թարգմանութիւններ, յատկապէս անգլիական գրականութենէն՝ Շէյքսփիր։
Կազմած է անգլերէն դասագիրքեր՝ Հայաստանի դպրոցներուն համար։
Մահացած է 1974-ին, Երեւանի մէջ։