ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Երկխօսութիւնը հասունութիւն եւ իմաստութիւն է: Այս բառը կը գործածուի երբ հակամարտ կողմերու միջեւ հասկացողութիւն գտնելու փորձ կ’ըլլայ: Գրեթէ նոյնիմաստ ուրիշ բառեր ալ կան, նոյն նպատակին, բայց տարբեր կացութիւններու, պատշաճեցումներու, եւ միտումներու համար:
Կ’ըսենք զրոյց, խօսակցութիւն, գիտաժողով, վիճարկում, ճառ, բանախօսութիւն, տեսակցութիւն, հարցազրոյց, գլուխ գլխի հանդիպում, վիճաբանութիւն: Կան այլ բառակապակցութիւններ ալ, տեսակէտի փոխանակում, տրամախոհութիւն: Ասոնց կը հակադրուին մենախօսւթիւնը, մեկուսի խօսակացութիւնը, փսփսուքը եւ ի հարկէ՝ լռութիւնը:
Լաւ ընթացող երկխօսութիւնը կը յայտնաբերէ ինչ որ բարձրաձայն չէր ըսուեր,- վերապահութիւններ եւ յետին միտքեր,- կը լուսաբանէ, յանգելու համար փոխհասկացողութեան: Այս յաջողութեամբ ընելու համար, խօսակիցները ի յառաջագունէ պիտի ընդունին, որ նպատակ է բարին, լաւը, հանրային շահը, չարի խափանումը:
Առանց այս միտումին երկխօսութիւնը խուլերու զրոյց է, առաւելութեան ձեռքբերում եւ կիրքի բաւարարում կը հետապնդէ, կը մերժէ հաւասարութիւնը եւ միւսը, չի յանգիր հակամարտութիւններու վերացման, ճշմարտութեան եւ արդարութեան, իրաւունքի հաստատման, անհասկացողութիւնը կը տեւէ: Կ’անտեսուի դրական լուծումը:
Այս ներածականը կը միտի բնորոշել Հայաստանի մէջ տեւող եւ խորացող տարակարծութիւնները:
Ֆրանսացի իմաստասէր Ռընէ Տէքարթ կ’ըսէր, որ «Ողջախոհութիւնը աշխարհի լաւագոյն ձեւով բաժնուած բանն է, քանի որ ամէն ոք կը մտածէ, որ ինք անկէ այնքան ունի, որ նոյնիսկ ամենէն դժուարահաճներն ալ, սովորութիւն չունին աւելին ցանկալու»*:
Եթէ Հայաստանի տասնեակներով կուսակցութիւնները կը խորհին, որ բաւարար ողջախոհութիւն ունին երկիրը ղեկավարելու, պէտք է հասկնալ, որ ենթադրաբար տասնեակներով ճանապարհներ կան յառաջացած փակուղիէն դուրս գալու: Եթէ տասնեակներով են ճանապարհները, ուրեմն ղեկավարութիւնները կը գտնուին լաբիւրինթոսի մէջ:
Եւ կ’եզրակացնենք, որ Տէքարթի նշած հաւասարապէս բաժնուած ողջախոհութիւնը մեզի չի վերաբերիր:
Փիլիսոփայութեան մէջ կայ Պիւրիտանի իշուն առակը. էշ մը՝ որ կը մեռնի անօթութենէ, անկարող ըլլալով ընտրութիւն ընելու աման մը վարսակի եւ դոյլ մը ջուրի միջեւ: Հայաստան եւ հայութիւնը կը գտնուին առաջարկուած-ներկայացուած բազմաթիւ լուծումներու առջեւ: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընտրել: Եթէ շարունակեն պառակտուիլ կանգնելով բազմաթիւ ընտրանքներու առջեւ, ինչպիսի ապագայ մը կարելի է նախատեսել:
Հայաստան ո՞վ պիտի խօսի կառուցողական երկխօսութեան մասին, ոչ միայն խօսի, այլ զայն ստեղծէ: Եթէ չկայ այդ հեղինակութիւնը, եթէ հեղինազրկած ենք զիրար եւ բոլորը, ինչպէ՞ս փակուղիէն դուրս կու գանք: Եթէ տարակարծութիւնները խորանան եւ զիրար մերժելու արշաւը սրուի, անխուսափելի կը դառնայ անցանկալին, որմէ մինչեւ այսօր խուսափած է Հայաստանը. քաղաքացիական կռիւը՝ իր զոհերով:
Հետագային ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ չքմեղանալու, յաղթողը եւ պարտուողը, քանի որ ազգովին պիտի պարտուինք:
Պառակտումներէն հաւասարապէս պարտուած դուրս չգալու յոյսը պէտք է գտնենք մենք մեր մէջ, բարձընտիր չըլլալով, այլ ըլլալով ողջախոհ:
Հայաստան եւ հայութիւն ունին թերթերու մէջ եւ հեռատեսիլէն իրենց լուսակարներով ցուցադրութիւն չընող (շաու) մտաւորականներ, գիտնական, ակադեմիկոս, գրող, որոնք պատմութիւն գիտեն, իմաստութիւն ունին ապագան տեսնելու, ամբոխահաճութիւն (պոպուլիզմ) չեն ըներ:
Ունի՞նք բաւարար ողջախոհութիւն այդ բարձրորակ մտաւորականութեան շուրջ խմբուելու, անոր վստահելու առաջնորդութիւնը կառուցողական երկխօսութեան, ոչ կողմնապաշտական, աշիրաթական, իշխանատենչական ցանկութիւններ չբաւարարող, մեր իսկ ստեղծած լաբիւրինթոսէն դուրս գալու համար:
Այս ընելու համար՝ կողմնապաշտութիւններէն եւ կարծրացած դիրքերէն անդին պէտք է նայիլ: Այս ըսել աւելի դիւրին է՝ քան ընել:
Անցեալին, նաեւ դեռ մօտաւոր, ընդունուած ազգային-բարոյական հեղինակութիւն էր եկեղեցին, ազգը այդպէս կ’ընդունէր, այդպէս կ’ընդունէին մեզի տիրած ուժերը: Ներկայի շիկացած մթնոլորտին մէջ, նաեւ այլ ազդակներու բերումով, այդ հեղինակութիւնը նուազած է:
Ունինք հարազատ մտաւորականութիւն, ոչ կեղծ լուրերու, ֆէյքերու, այլ բարձրամակարդակ իրաւ մտաւորականութիւն, որ այսօր հրապարակ պէտք է գայ ոչ թէ ժողովրդավարական իրաւունքով եւ արդարացումով, այլ ազգի գոյապահպանական-գոյատեւման-ինքնութեան հրամայականով, խօսի ժողովուրդին, նաեւ անոնց՝ որոնք զիրար վարկաբեկած են: Խօսի ժողովուրդի բնական ողջախոհութեան, լուռ մեծամասնութեան մանաւանդ:
Երբեմն կը լսեմ երրորդ ուժի մասին: Երրորդ ուժը այլ մոլորակէ մը պիտի չգայ: Զայն մեր մէջ պիտի գտնենք կամ պիտի դադրինք հայրենիք ունենալէ:
Ցոյցեր, իշխանութեան թեր կամ դէմ, կը սպառեն երկիրը, մարդիկը, տնտեսապէս, հոգեպէս: Մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ լարուածութիւնը:
Զիրար մերժելու ընթացքը կը ստեղծէ պայթիւնավտանգ կացութիւն (եթէ արդէն չէ ստեղծած): Հետեւանքին գինը կը վճարեն ե՛ւ կողմերը ե՛ւ լուռ մեծամասնութիւնը, որ զանազան պատճառներով չի դիրքորոշուիր եւ իր գոյապահպանական իրաւունքով չի նպաստեր հակամարտութեան հանգուցալուծման:
Երրորդ ո՞ւժը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Լուռ եւ հանդիսատես մնալով, մեծ պատասխանատուութիւն կ’ունենանք, եւ դէպքերը գահավէժ ընթացք կ’ունենան:
Ճիշդ է, հակամարտ ուժերը գրաւած են հրապարակը, բայց կը հաւատամ, որ ցարդ քաղաքական փառասիրութիւններով հրապարակ չեկած մտաւորականութիւնը եթէ խօսի, ժողովուրդը կը լսէ եւ կը հետեւի:
Վաղը, Հայաստան կրկին հակադիր ցոյցերու բեմ պիտի ըլլայ: Գործածեցի շիկացում բառը: Կայծ մը՝ եւ անցանկալի ողբերգականը կրնայ պատահիլ:
Այսօր, կիրակի, այս խորհրդածութիւնները կ’արձանագրէի, մենախօսելու պէս, երբ Պէյրութի ԶԱՐԹՕՆՔ թերթի ելեկտրոնային տարբերակը ստացայ եւ սարսափեցայ կարդալով անոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի «Տեսանկիւն» սիւնակի «Եզրայանգումը դուք ըրէք» խորագրուած էջը, ուր մէկ առ մէկ յիշուած են անունները Թուրքիոյ նախագահին, նախարարներուն, կուսակցապետերուն, նաեւ Ազրպէյճանի պատասխանատուներու, որոնք կը դատապարտեն, հետեւելով մեր վարչապետի բնորոշման, Հայաստանի մէջ դեռ չեղած «զինուորական յեղաշրջման» փորձը: Այս ի՜նչ անհաւատալի «սէր»՝ Հայաստանի նկատմամբ:
Այս ահաւորութիւններուն վրայ բարդենք կողմերու հրապարակած լուրերը, որոնց ճիշդը եւ սխալը հասկնալու համար մարգարէ պէտք է ըլլալ:
Անշահախնդիր եւ բարձրամակարդակ մտաւորականութիւն մը պէտք է գայ եւ մնայ այնքան ատեն, որ քաղաքական գործիչներ, բանակայիններ, դրամատէրեր, կուսակցական պատասխանատուներ, եւ բոլոր քաղաքացիները հասկնան, որ ազգը եւ երկիրը աղէտի մատնուած են, որմէ դուրս գալու համար հաւաքական կամք, համագործակցութիւն, ինչու ոչ նաեւ՝ անյիշաչարութիւն պէտք են:
Շատ մեծ է աղէտը: Կը նշանակէ, որ հաւաքաբար սխալած եւ մեղանչած ենք:
Իրաւ եւ հարազատ մտաւորականութիւնը,- պատմաբան, տնտեսագէտ, գիտնական, քաղաքագէտ, եւ զոհաբերութեան ոգի ունեցող,- ոմանց կողմէ քննադատուող ԸՆՏՐԱՆԻն, հրապարակ պէտք է գայ, տիրութիւն ընէ երկրին եւ ժողովուրդին, յուսադրէ եւ ըսէ, որ ԵԼՔ կայ: Կրկնուած Չարենցի պատգամը հարկ է յիշել եւ իրականացնել, մեծով եւ պզտիկով. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Գիտակից, ուժական, հաշուեյարդարներու մասին չմտածող եւ քէներէ հրաժարած հեղինակութիւն կը փնտռուի:
Այդ հեղինակութիւնը, այսօ՛ր, մեր սպասուող բարձրամակարդակ մտաւորականութիւնն է: