Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Միջինքը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Չորեքշաբթի, 10 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։

Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն, Միջինքը կը նշէր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ իր Հայրապետական պատգամը կ՚ուղղէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն. սակայն երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, այս տարի Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Անթիլիասի Մայրավանքէն։

«Աստուած մարդուն հետ եղաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ հետ ըլլայ» միտք բանին կազմեց Նորին Սրբութեան պատգամին առանցքը։ Մեկնելով քրիստոնէական հաւատքի էութիւնն ու իմաստը ամփոփող սոյն հաստատումէն, Հայրապետը ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատքին առնչուած բոլոր ուսուցումներն ու սկզբունքները խարսխուած են Աստուածայայտնութեան մէջ։ Ան նշեց, որ Աստուածաշունչը կը վկայէ, որ Աստուած տարբեր շարժառիթներով, զանազան դէպքերու եւ անձերու ճամբով Ինքզինք յայտնեց մարդուն, եւ, հետեւաբար, յայտնութեան բովանդակութիւնը Աստուած ի՛նքն է՝ «քրիստոնէական ըմբռնումով, յայտնութիւնը Աստուածայայտնութի՛ւն է, յայտնողը ու յայտնուողը Աստուած է. այլ խօսքով, յայտնութիւնը Աստուծոյ մասին տեղեկութիւն չէ, անոր բովանդակութիւնը Աստուած Ի՛նքն է՝ Իր անձն ու գործը» ու աւելցուց, որ մարդը չէ որ զԱստուած ճանչցաւ, այլ Աստուած Իր յայտնութեան ճամբով մարդուն մօտեցաւ եւ անոր պարգեւած հաւատքին ու բանականութեան ճամբով կարելիութիւնը տուաւ զինք ճանչնալու։ Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է դէպի մարդ եւ մարդուն բարձրացումը՝ առ Աստուած» ըսաւ Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ «Աստուծոյ էջքը երկիր մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ մարդուն վերամարդացումը, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին վերականգնումով, մարդուն Աստուածատուր կոչումին վերահաստատումով»։ Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ քրիստոնեայ ըլլալու համար հարկ է խօսքը գործի՛ վերածելով ապրիլ եւ հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին։

Եզրակացնելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց, որ Աստուած մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնայ Իր բարիքներով, շնորհներով ու պարգեւներով։ Ան ընդգծեց. «Մեծ Պահքը առիթ մըն է Աստուծոյ հետ ըլլալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու։ Եթէ մեր կեանքի պայմանները մեզ հեռացուցած են Աստուծմէ, մօտենա՛նք մեր Արարիչին։ Եթէ մեր անձին հաճոյքն ու փառքը հեռու պահած են զԱստուած մեր կեանքէն, մօտենա՛նք մեզ սիրող ու պահպանող երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ։ Եթէ ընտրած ենք այնպիսի ճամբայ մը, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, դառնա՛նք Աստուծոյ, որովհետեւ Ա՛ն է մեր ճշմարիտ ճամբան։ Դառնա՛նք Աստուծոյ մեր կեանքի տխուր թէ ուրախ պահերուն։ Աստուած մեզ կը սպասէ, ինչպէս սպասեց անառակ որդին ու գրկաբաց ընդունեց զինք։  Եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք, մեր կեանքէն հեռու պիտի մնան ամէն տեսակ չար ու չարիք»։

Նշենք, որ Ժամերգութեան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէն, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ «Զղջում»ի, «Տէր ողորմեա»-ի եւ Դաւանանքի աղօթասացութիւնը։

Ապա, Դպրեվանքի սաները նախաճաշեցին վանաբնակ միաբանութեան հետ։

«Աստուած Մարդուն Հետ Եղաւ,
Որպէսզի Մարդը Աստուծոյ Հետ Ըլլայ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Միջինքի պատգամին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ արտասանուած, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ին։

**********

Քրիստոնէական կրօնին իմաստը ու նպատակը, իւրայատկութիւնը ու պատգամը կարելի է խտացնել վերոնշեալ հաստատումին մէջ։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Աստուած մարդուն հետ եղաւ։ Քրիստոնէական հաւատքին աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Քրիստոնէական կրօնի ճշմարտութիւններն ու արժէքները, ուսուցումներն ու սկզբունքները խարսխուած են Աստուածային յայտնութեան վրայ։ Աստուծոյ յայտնութիւնը ներառուած է եկեղեցւոյ Աւանդութեան եւ Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ յայտնութիւնը նկարագրող դէպքերն ու գործերը յստակօրէն կը պարզեն, որ պատմութեան ընթացքին Աստուած զանազան կերպերով ինքզինք յայտնած է։

Քրիստոնէական ըմբռնումով, յայտնութիւնը Աստուածայայտնութիւն է, յայտնողը ու յայտնուողը Աստուած է. այլ խօսքով, յայտնութիւնը Աստուծոյ մասին տեղեկութիւն չէ, անոր բովանդակութիւնը Աստուած ինքն է՝ իր անձն ու գործը։ Սա քրիստոնէական կրօնին յատուկ եզակի երեւոյթ մըն է։ Կարեւոր է շեշտել, թէ քրիստոնէական հայեցակէտով, Աստուած բնազանցական յղացք մը չէ, անճանաչելի գոյութիւն մը չէ, անտեսանելի ու անըմբռնելի էութիւն մը չէ։ Աստուած ինքզինք յայտնող, ինքզինք մարդուն ճանաչելի դարձնող գոյութիւն մըն է։ Մարդը չէ որ զԱստուած ճանչցաւ, այլ Աստուած իր յայտնութեան ճամբով մարդուն մօտեցաւ, եւ  անոր պարգեւած հաւատքին ու բանականութեան ճամբով կարելիութիւնը տուաւ զինք ճանչնալու։  Աստուածաշունչը Աստուծոյ մարդուն հետ ըլլալու պատմութիւնն է։

Կարեւոր է միաժամանակ ընդգծել, որ ժամանակին մէջ մտնելով հանդերձ, Աստուած միշտ վեր մնաց ժամանակէն, երկրին մօտենալով հանդերձ մնաց երկնային, ճանաչելի դառնալով հանդերձ մնաց անճանաչելի։ Աստուծոյ էութեան ու յայտնութեան այս երկու տարբեր, սակայն ոչ հակադիր, տարածքները տիրական շեշտով ներկայացուած են Գրիգոր Նարեկացիին մօտ։

Յովհաննէս Աւետարանիչ Աստուծոյ էութիւնը, գոյութիւնը ու յայտնութիւնը խտացնելով «Բան» բառին մէջ, կը հաստատէ՝«Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ…» (1.14)։ Մատթէոս Աւետարանիչ խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդին մասին՝ կ’ըսէ.- «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ» (1.23-24)։ Արդարեւ, Քրիստոս՝ մարդուն հետ Աստուծոյ ըլլալու շօշափելի ու տեսանելի արտայայտութիւնն  է։ Քրիստոսի մէջ Աստուած եւ մարդ միացան, աստուածային բնութեան կողմէ մարդկային բնութեան իւրացումով (բացի ադամական մեղքէն)։ Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ աստուածային ու մարդկային բնութիւնները անքակտելի կերպով միացան պահելով իրենց իւրայատկութիւնները։

Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է դէպի մարդ եւ մարդուն բարձրացումը՝ առ Աստուած։ Աթանաս Հայրապետին վերագրուած հետեւեալ խօսքը թէ՝ Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ, յաճախ տարբեր բանաձեւումներով շեշտուած է եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ։ Ան քրիստոնէական կրօնին համաձայն մարդաբանութեան առանցքը կը կազմէ։ Հեռու Աստուծմէ մարդը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը ու նպատակը։

Աստուծոյ էջքը երկիր մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ մարդուն վերամարդացումը, մարդուն մէջ աստուածային պատկերին վերականգնումով, մարդուն աստուածատուր կոչումին վերահաստատումով։ Քրիստոսի մարդեղութիւնը էապէս փրկագործական բնոյթ ունէր։ Այսպէ՛ս բնորոշեց Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեան նպատակը, Նազարէթ քաղաքին մէջ իր փրկագործական առաքելութեան սեմին (Ղկ 4.18)։ Եւ, ինչպէս Աւետարանները կը վկայեն, Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին իր հրաշքներուն եւ ուսուցումներուն ճամբով, եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափելով մարդը Աստուծոյ մօտեցուց ու զայն Աստուծոյ որդեգիր զաւակը դարձուց (Ա.Կր 6.19-20)։

Արդ, Աստուած երկինքէն երկիր իջաւ, մարդ դարձաւ ու նոյնիսկ խաչուեցաւ մարդո՛ւն համար։ Մկրտութեամբ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է Աստուծոյ հետ ըլլալու։ Սա կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութեամբ իր կեանքը շաղախելու, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ իր կեանքը ուղղելու, Աստուծոյ թագաւորութեան արժէքներուն վկան հանդիսանալ, կարիքաւորին ու հիւանդին օգտակար դառնալու։ Քրիստոնէութիւնը կը մերժէ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ կեանք։ Քրիստոնէութիւնը պիտակ չէ, սոսկ եկեղեցւոյ անդամակցութիւն չէ, այլ Աստուծոյ ներկայութիւնը կեանքով, գործով ու ծառայութեամբ թարգմանել է։ Յիշենք Քրիստոսի թելադրութիւնը իրեն մօտեցող երիտասարդին ծախէ ինչ որ ունիս եւ աղքատներուն տուր եւ հետեւէ ինծի։  (Մտ 19.21)։ Յիշենք նաեւ առաքեալին խօսքը, թէ «հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.17)։

Մեծ Պահքը առիթ մըն է Աստուծոյ հետ ըլլալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրելու։ Եթէ մեր կեանքի պայմանները մեզ հեռացուցած են Աստուծմէ, մօտենանք մեր Արարիչին։ Եթէ մեր անձին հաճոյքն ու փառքը հեռու պահած են զԱստուած մեր կեանքէն, մօտենանք մեզ սիրող ու պահպանող երկնաւոր հօր՝ Աստուծոյ։ Եթէ ընտրած ենք այնպիսի ճամբայ մը, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ, դառնանք Աստուծոյ, որովհետեւ ա՛ն է մեր ճշմարիտ ճամբան։ Դառնանք Աստուծոյ մեր կեանքի տխուր թէ ուրախ պահերուն։ Աստուած մեզ կը սպասէ, ինչպէս սպասեց անառակ որդին ու գրկաբաց ընդունեց զինք։  Եթէ մենք Աստուծոյ հետ ենք, մեր կեանքէն հեռու պիտի մնան ամէն տեսակ չար ու չարիք։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img