Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան մէջ Այսօր. Փանոս Թէրլէմէզեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Փանոս Թէրլէմէզեան (11 Մարտ 1865, Վան — 30 Ապրիլ 1941, Երեւան), հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ։

Ծնած է Մարտ 11, 1865-ին, Վանայ Այգեստան, Պօղոս Թէրլէմէզեանի յարկին տակ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ Յանկոյս ձորի ծխական դպրոցին մէջ։ Նախակրթական կրթութիւն ստացած է Նարեկ կարդալով։ Մանկութենէն հակում ցոյց տուած է գծագրութեան, 6-7 տարեկանին` երեք գոյնով մատիտներով մարդու դէմքեր գծելով։ 11 տարեկանին, դպրոցը թողելէն ետք, շրջան մը դերձակի մը խանութին մէջ աշկերտ կը դառնայ, ու ապա` հիւսնի քով կ’աշխատի։ Երբ Մկրտիչ Փորթոգալեան կը բանայ «Հայկազեան-Կեդրոնական Վարժարան»-ը, 1880-ին, պատանի Փանոսը կը սկսի յաճախել հոն եւ իր ընդունակութեամբ յայտնի կը դառնայ դպրոցին մէջ։ Ան չորս ու կէս տարի կ՛աշակերտէ հոն։

1885-ին թրքական կառավարութեան հրամանով Կեդրոնական Վարժարանը կը փակուի, եւ տնօրէնը` Մ. Փորթուգալեանն ալ կ’աքսորուի Վանէն։

1880-ական թուականներուն վերջերը Փանոս արդէն յեղափոխական երիտասարդ կ՛ըլլայ, Արմենականութեան դրօշին տակ։ 1890-ին ան քանի մը ընկերներու հետ, զէնքեր եւ յեղափոխական գրականութիւն փոխադրելու համար Վանէն կ’անցնի Սալմաստ (Պարսկաստան)։

1890-ին, կ’անցնի Մուշ, սղերդցիներ, մշեցիներ, քղեցիներ եւ սասունցիներ յարաբերութեան մէջ դնելու համար Վանի յեղափոխականներուն հետ, որպէսզի կազմակերպուին անոնք եւս։

1892-ին, Փանոս Թէրլէմէզեան, Յովհաննէս Քանքան-Փանօեան (Գիժ Դաւիթ), Կաճեացի Չաթօն, Շէրօն եւ Շահբուրայ Բերգցի (Շատախ) Մուրատ եւ Սարգիս եղբայրները միացած կ’որոշեն մահափորձի ենթարկել յայտնի աւազակապետ Քիւրտ Շաքիրը, որուն ցեղը` Գրաւցիք` պատուհաս դարձեր էին Նորգուզի եւ Շատախի հայութեան համար։

Այս դէպքերէն յետոյ, Փանոս արդէն կասկածելի յաջս կառավարութեան, փախստական ապրելով, ի բացակայութեան կը դատապարտուի երիցս մահուան։ Փանոս, որ արդէն յաջողած էր փախչիլ Պարսկաստան ու հոնկէ անցած` Թիֆլիս, ուր անցուկ եւ չարքաշ կեանք մը կ’անցնէ։

Իսկ Փանոս Թէրլէմէզեանի յեղափոխական ծածկանունը Մինաս էր:

1895-1897 տարիներուն բախտաւորութիւնը կ’ունենայ ուսանելու Փեթերսպուրկի Գեղարուեստը խրախուսող ընկերութեան դպրոցը: Այսպիսով կը բացուի արուեստի նոր հորիզոն մը: Անոր նկարչական տաղանդը կը յղկուի հոն եւ ուր կը ծանօթանայ միջազգային նկարչութեան դասականներուն։

Սակայն, երկու տարի ետք, Սուլթանին պահանջով եւ Օսմանեան կառավարութեան ցուցմունքով, Փանոս Թէրլէմէզեան կը բանտարկուի Փեթերսպուրկի մէջ, քան զի նոյն տարիներուն Ռուսիա կը շարունակէր բարեկամ մնալ Թուրքիոյ հետ։

Մէկ ու կէս տարի բանտը մնալէ ետք, Պարսից դեսպանի երաշխաւորութեամբ՝ իբրեւ պարսկահպատակ, շղթայակապ, կը յանձնուի Պարսիկ կառավարութեան, կ’աքսորուի Թաւրիզ, Պարսկաստան։

Պարսկաստանի մէջ ռուս դեսպանը կը հետապնդէ զինք. Փանոս կը ստիպուի անցնիլ Ռուսիա ու անկէ` Փարիզ։

Փարիզի մէջ կ՛ընդուի «Ակադեմի Ժիւլիան», ուր 1899-1904 տարիներուն, կ’ուսանի նկարչութիւն։ Նկարչութիւն ուսանած է Ժան Փօլ Լորանսի մօտ, որ նկարչական աշխարհի կարկառուն դէմքերէն էր ունենալով` նաեւ հայ աշակերտներ` Էտկար Շահին, Տ. Եսայեան, Ս. Քիւրքճեան եւ անշուշտ Փանոս Թէրլէմէզեան։

Ուսման տարիներուն կը գծէ «Բանուորուհին ջրհորի մօտ պատկերը (1903), Փարիզի բանուորական թաղամասի եւ Լամանշի շրջակայքի բնակարանները. այս աշխատանքները պատճառ կ’ըլլան, որ յետագային Սովետական կարգերու շրջանին, ան շահի Մոսկուայի վստահութիւնն ու խորհրդահայ առաջնորդներու համակ սէրը։

Կարճ ժամանակի մըն ընթացքին ան կը վայելէ մեծ համբաւ՝ արդէն իբր կազմաւորուած նկարիչ։ Կը մասնակցի նկարչական ցուցահանդէսներու եւ կ’արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու։ Մկրտիչ Խրիմեան դրամական օգնութիւն կը հասցնէ բազմատաղանդ նկարիչին, որպէսզի ան կատարելագործէ իր արուեստը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img