Ամիսներէ ի վեր գերութեան մէջ յայտնուած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեան ժամեր առաջ ազատ արձակուելով վերադարձած է Պէյրութ։
ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ Նայիրա Զոհրապեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ Հինգշաբթի լուսցող ժամերուն առաջին անձը եղաւ գրառելու այս մասին:
Թելեկրամեան կարգ մը ալիքներ Մարալ Նաճարեանի մասին գրելով նշած էին, որ Մարալի ազատութիւնը ապահովելուն մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Ռուսաստանի Դաշնային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մատվիենկոն։
Նշենք, որ Մարալ Նաճարեանի գերեվարութեան մասին Լիբանանի մէջ հանրային կարծիք ստեղծելու եւ կառավարութիւնն ու Արտագին Գործոց նախարարութիւնը լիբանանահայուհին ազատագրելու աշխատանքները ձեռնարկելու մղելու առումով, ամիսներ առաջ՝ առաջին ձայն բարձրացնողները եղան՝ ՌԱԿ-ի հրաւէրով Արցախեան Պատերազմին Արցախ այցելած լիբանանցի լրագրողները: