Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Արեւելքը Արեւմուտքին Կապող Մետաքսի Նոր Ճամբան եւ…Հայերը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

Հին ժամանակներէն ի վեր Հայաստան գտնուած է Պարսկաստանի (Իրանի), Հռոմի, Բիւզանդիոնի, արաբական եւ օսմանեան կայսրութիւններուն միջեւ: Այս բոլոր կայսրութիւնները գրեթէ մնայուն կերպով ճնշած են հայ ժողովուրդը, եւ այդ ճնշումին զուգահեռ ձեւաւորուած է Հայոց պատմութիւնը եւ միաժամանակ՝ առեւտրական հայը, որուն վաճառականական ուղեւորութիւնները սերտօրէն կապուած են այս նոյն կայսրութիւններու պատմութեան հետ: Միւս կողմէ, հայերը միաժամանակ գտնուելով այս կայսրութիւններու խաչմերուկին վրայ, կանուխէն յայտնաբերած են պատմական Մետաքսի ճամբան եւ պետականաշինութեամբ զբաղելու փոխարէն, պարտադրաբար (կամ կամովին) ընտրած են առեւտուրը եւ նոյնիսկ դարձած Մետաքսի ճամբուն ուղեւորներ:

Ինչո՞ւ այս մուտքը եւ այս յիշեցումները:

Վերջին տասնամեակին, Մետաքսի ճամբան՝ վերանորոգ բնոյթով եւ հեռանկարներով, մեծ կարեւորութիւն սկսած է ներկայացնել օրէ օր աշխարհի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը դարձող Չինաստանի համար: Մետաքսի ճամբան կը ներկայացնէ ցամաքային այն ուղիները Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ, որոնք կ’օգտագործուէին հին եւ միջին դարերու վաճառականներուն կողմէ՝ ուղտով կամ ձիով մետաքս եւ այլ ապրանքներ փոխադրելու Չինաստանէն, Միջին Արեւելքէն, Պարսկաստանէն եւ Հռոմէական կայսրութենէն:

Մետաքսի ճամբան վերակենդանացնելու պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ 2013-ին, երբ Չինաստանի իշխանութիւնները հրապարակեցին «Գօտի եւ Ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը, որ կը հետապնդէ Եւրոպան, Ասիան եւ Ափրիկէն իրարու կապող ենթակառոյցներու ստեղծումը: Մինչեւ հիմա, այդ նախաձեռնութիւնը ներգրաւած է աւելի քան 100 երկիր:

Կը ծագի այն մտածումը, որ արդեօք աշխարհաքաղաքական մեր մտածողութեան մէջ (եթէ անշուշտ օր մը նման բան սկսի ձեւաւորուիլ մեր իրականութեան մէջ), կարելի պիտի ըլլա՞յ Մետաքսի ճամբու մեր հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի «դրամագլուխը» ներդնել Չինաստանի հետ հետզհետէ զարգացող մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Բնականօրէն, տակաւին չունինք ասոր պատասխանը, բայց պիտի փորձենք քալել պատմութեան հետքերով եւ սերտել մետաքսի ճամբուն հետ մեր առնչութիւնը թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ հայրենամերձ հայկական գաղութներուն պարագային, որոնք կազմուած են Մետաքսէ ճամբուն վրայ գտնուող վերոնշեալ հին թէ նոր կայսրութիւններուն մէջ:

Կը սկսինք գաղութներով՝ Իրան, Լիբանան եւ Սուրիա`Հայաստանի պարագան ներկայացնելով առանձին:

Ի դէպ, 7 – 11 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած է Մետաքսի Ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Չինաստանի Մինզու համալսարանին եւ Զուիցերիոյ «ԱԿԱԲԷ» հիմնարկին նախաձեռնած մէկ ուսումնասիրութեան շրջագիծին մէջ։ Ծրագիրը առաջարկուած է Չինաստանի կառավարութեան կողմէ եւ անոր նպատակը եղած է քննել կրօններուն ազդեցութիւնը Մետաքսի Ճամբուն առեւտրական յարաբերութեան վրայ։ Նկատի ունենալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ եկեղեցւոյ կապն ու շփումը բոլոր մշակոյթներուն հետ, նախաձեռնողները դիմած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ առաջարկած անոր հիւրընկալութիւնը ու մասնակցութիւնը նշեալ ուսումնասիրութեան: Չին մասնագէտներու կողքին, սոյն խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Լիբանանէն եւ Ֆրանսայէն հայ եւ օտար մասնագէտներ։

Մետաքսի ճամբուն զարգացման մեծապէս նպաստած են Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, եւրոպական շրջանի տնտեսական աճը եւ Արեւելքէն եկող ապրանքներու մեծ պահանջը: Իսկ հայ պատմագրութեան համաձայն, հայերը առնչակից դարձած են Մետաքսի ճամբուն, երբ կարիքը զգացուած է առեւտրական միջնորդներու. հայերը ճանչցուած են իրենց հնարամտութեամբ եւ աշխարհագրական շարժունակութեամբ: Միշտ մեր պատմագրութեան համաձայն, Ասիոյ ճամբուն վրայ բնակող քրիստոնեայ հայերը ամէնէն յարմար առեւտրական բանալիները նկատուած են եւրոպացիներուն համար: Հայերը կը համարուէին խաղաղասէր եւ հակուած էին խուսափելու հարցեր ստեղծելէ, եւ այդպիսով հայ վաճառականներ կը դառնային առանցքային միջնորդներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, մասնաւորաբար կարաւանային առեւտուրին մէջ:

Հայկական միջ-շրջանային կապերու անկիւնադարձային թուական կը նկատուի 17-րդ դարը, երբ Պարսկաստանի իշխանաւոր Շահ Աբբասը (1587–1629) բռնի Նոր Ջուղա փոխադրած հայ վաճառականներուն մենաշնորհ կու տայ պարսկական հում մետաքս վաճառելու այլ երկիրներու մէջ: Ծանօթ է, որ հայերը այս առեւտուրին մէջ մնացած են մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը, երբ արդէն անիկա Նոր Ջուղայի վրայով տարածուած էր եւ ցամաքային ու ծովային ցանցերով հասած Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպա, Հնդակաստան, Կեդրոնական Ասիա, Սուրիա, Լիբանան, Ռուսիա եւ Միջին ու Ծայրագոյն Արեւելք: Ըստ բանասէր Արծուի Բախչինեանի, այս «աշխարհագրականօրէն ընդարձակ առեւտրական ներկայութիւնը կարելի է բնութագրել որպէս գաղութացուած, քաղաքացիութիւն չունեցող եւ մասնագիտութեամբ բնութագրուող ազգի մի կայսրութիւնը»:

Այսպէս կոչուած առեւտրական կայսրութիւնը եւ հայ գաղութներու ցանցերը մասամբ կը վերապրին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայերու բռնի տեղահանութիւնը դէպի Սուրիա կը յանգի նոր գաղութներու ձեւաւորման Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Մինչ Իրանի արդէն իսկ աշխոյժ հայ գաղութը կը հարստանայ նոր արիւնով՝ մասնաւորաբար 1920-էն ետք:

Ոչ-պաշտօնական գնահատումներու համաձայն, այսօր աշխարհի տարածքին ապրող հայերուն ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 10 միլիոնով: Արտերկրի գաղութներուն մէջ կ’ապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր, տարածուած՝ Ռուսիոյ, Մ. Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ, Ռումանիոյ, Գանատայի, Եգիպտոսի եւ Աւստրալիոյ մէջ ու այլուր՝ աւելի փոքր թիւերով:

Այժմ փորձենք ներկայացնել Չինաստանի հետաքրքրութիւնը Իրանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ նկատմամբ, ուր գոյութիւն ունին ուժեղ եւ աշխոյժ հայկական գաղութներ:

Ծովային ելքերու կողքին, Իրան ցամաքային սահմաններ ունի 15երկիրներու հետ եւ, ինչպէս կը տեղեկացուի, կարեւոր դեր կը խաղայ «Գօտի եւ ճանապարհ»՝ նոր մետաքսի ճամբու նախաձեռնութեան մէջ՝ իբրեւ ուժանիւթի կեդրոն եւՄիջին Արեւելքն ու Եւրասիան կապող թրանզիթուղի:

2016-ին, Իրան եւ Չինաստան կը կնքեն համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ ոչ միայն կ’որդեգրեն «համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան» սկզբունքը, այլեւ կ’որոշեն սերտօրէն գործակցիլ նոր մետաքսի ճամբան կառուցելու աշխատանքներուն մէջ:

Իրանի հայ գաղութը, հակառակ արտագաղթին, կը շարունակէ մնալ իբրեւ կենսունակ համայնք: Իրանի մէջ ապրող հայերուն թիւը կը տարուբերի 70.000-էն 100,000-ի միջեւ: Անոնք կը բնակին ընդհանրապէս Թաւրիզի, Թեհրանի եւ Նոր Ջուղայի մէջ:

Նոր Ջուղայի հայ առեւտրականները մասնաւորաբար, մեր պատմագիրներուն վկայութեամբ, անգնահատելի դեր ունեցած են մեր պատմութեան մէջ: Թափառելով Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Պարսկաստանի, Սուրիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջանոնք դարձած են օղակ մը Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Արեւելքի միջեւ՝ խթանելով հայ-ռուսական, հայ-իրանական եւ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը:

20-րդ դարուն, իրանեան իրականութեան մէջ, հայկական մշակութային եւ տնտեսական ներդրումը մեծապէս կը գնահատուի: Իրանցիք հայերուն իրաւունք տուած են կազմակերպելու իրենց ազգային կեանքը, ազատօրէն դաւանելու իրենց կրօնքը, կառուցելու եկեղեցիներ, սորվելու մայրենի լեզուն եւ զարգացնելու իրենց ազգային մշակոյթը:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի, վերջին տարիներուն չինական ընկերութիւններ սկսած են մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելանոր նկատմամբ՝ իբրեւ Միջերկրականի վրայ ելք եւ Սուրիոյ վերակառուցման համար կարեւոր դրացի երկիր:

2017-ին, Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանը LAU համալսարանինմէջ տուած իր մէկ դասախօսութեան ընթացքին շեշտած է Լիբանանի կարեւորութիւնը Մետաքսի ճամբուն վրայ՝ իբրեւ անցք Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ: Տակաւին, նոյն տարին, Լիբանանի տնտեսութեան նախարարը Չինաստանի մէջ ստորագրած է Մետաքսի ճամբուն վրայ տնտեսական գօտիի ստեղծման վերաբերող համագործակցութեան երկկողմանի յուշագիր մը:

Նոր Մետաքսի ճամբուն առնչուած այս երկրին մէջ, հայ համայնքը ունի երկար եւ հարուստ պատմութիւն մը: Հայերը դարեր շարունակ ներկայութիւն եղած են Լիբանանի մէջ: Այսօր Լիբանանի մէջ կ’ապրին աւելի քան 100.000 հայեր, թէեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ այդ թիւը կը գնահատուէր աւելի քան 250 հազար:

Ճիշդ է որ պետական կառոյցներուն մէջ ներկայացուցչութիւնը հայերուն կու տայ պատկանելութեան կարեւոր զգացում մը, սակայն համայնքին ուժը հիմնականօրէն կը կայանայ կրօնական, կրթական եւ ընկերային սեփական հաստատութիւններ ունենալու իրողութեան մէջ: Լիբանանահայ գաղութին մէջ փաստօրէն կը գործեն 3 օրաթերթեր, քանի մը հայկական ռատիոկայան, մօտաւորապէս 27 նախակրթական եւ երկրորդական դպրոց, 1 համալսարան եւ 29 եկեղեցի:

Գալով Սուրիոյ, 2016-էն ի վեր, Չինաստան աւելի սերտօրէն ներգրաւուած է յամեցող պատերազմին կարգաւորման ճիգերուն մէջ՝ հետագային տնտեսական դեր վերցնելու եւ մասնաւորաբար վերակառուցման գործընթացին մէջ բաժին ունենալու ակնկալութեամբ: Սուրիոյ վերակառուցումը պիտի արժէ աւելի քան հարիւր միլիառ տոլար, իսկ Չինաստան կ’ուզէ կարկանդակի իր բաժինը վերցնել:

Չինաստանի համար Սուրիա կը ներկայացնէ աշխարհառազմավարական արժէք մը ոչ միայն մետաքսի նոր ճամբուն վրայ դէպի Միջերկրական եւ Ափրիկէ անոր ունեցած կարեւոր դիրքին համար, այլեւ որովհետեւ Սուրիա կը գտնուի իր ուժանիւթի աղբիւրներուն՝ Իրաքի եւ Ծոցի երկիրներուն թիկունքին:

Հալէպը կը գտնուէր Մետաքսի ճամբուն սրտին վրայ, այն ճամբան, որ կու գար Չինաստանէն եւ Ծայրագոյն Արեւելքէն դէպի այն շրջանը, որ ներկայիս ծանօթ է իբրեւ Արեւմտեան Եւրոպա, նաեւ՝ համեմներու ճամբան, որ կու գար Հնդկաստանի հեռաւոր հարաւէն դէպի Եմէն, Հիժազ, Յորդանան, Լիբանան եւ ապա Հալէպէն անցնելով կ’ուղուէր դէպի Սեւ ծով, Հայաստան կամ Կասպից ծով, կամ դէպի Պոլիս՝ Եւրոպա մտնելու համար:

Դեռ մօտիկ անցեալին, Հալէպի մէջ հայերու թիւը կը գնահատուէր շուրջ 220.000 հոգի: Հայերը Հալէպի մէջ կը վայելեն մշակութային լայն ինքնավարութիւն: Հայերը ունին ինքնուրոյն ընկերատնտեսական եւ արդիւնաբերական իրավիճակ:

Նոյնիսկ ցեղասպանութենէն առաջ, հայերը դարեր առաջ բնակութիւն հաստատած են Հալէպի մէջ: Ծանօթ է, որ Քառասնից Մանկանց առաքելական եկեղեցին, որ կառուցուած է 15-րդ դարուն, կը նկատուի սփիւռքի ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկը: Սակայն ցեղասպանութիւնը վերապրած հազարաւոր տարագիրներու բնակեցումով էր, որ հիմը կը դրուէր Հալէպի ժամանակակից հայ համայնքին:

Իբրեւ եզրակացութիւն, կրնա՞նք ըսել, որ Իրանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութները կը համապատասխանեն մետաքսի ճամբան ժամանակակից ենթակառոյցներով վերակենսաւորելու չինական հեռանկարներուն՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ փոխադարձ ներգործութեան եւ մշակութային համագործակցութեան մէջ, մարդկային գործօնը կը մնայ յաջողութեան հիմնական տարրերէն մէկը տնտեսական այդ ճամբուն ձեւաւորման համար, որ կ’երկարի ու կը տարածուի Թեհրանէն Լոնտոն եւ Պէյճինկէն Պէյրութ եւ Հալէպ, ապա՝ մինչեւ Գահիրէու Լակոս:

Հայ վաճառականները կամ առեւտրական միջնորդները, որոնք ժամանակին աշխոյժ էին Մետաքսի հին ճամբուն վրայ, մերօրեայ չափանիշներով պիտի կարենա՞ն ցուցադրել նոյն ներուժը՝ վերցնելու մշակութային բազմաթիւ արգելքները, որոնք այլապէս կրնան խոչընդոտել Մետաքսի նոր ճամբուն զարգացումը՝ մշակութային այլազանութեան պատճառով:

Մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր երկրներուն մէջ, ուր կան մեծ ու փոքր հայկական համայնքներ, անոնք կրնան խթանել համագործակցող ցանցերու ստեղծումը նախ հայ վաճառականներուն միջեւ, ապա՝ իրենց բնակած երկիրներու համաքաղաքացի վաճառականներուն հետ, ու այդ ցանցերը տարածուելով Մետաքսի ճամբու երկայնքին՝ դառնալ….աշխարհաքաղաքական ճնշումի լծակ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img