Ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին Գարակէօզեան հաստատութիւն այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան։
Հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ շրջայց մը կատարեց հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ հաստատութեան մատուցած ընկերային ու բժշկական ծառայութիւններուն, զրուցեց հիւանդներուն հետ, քաջալերեց կեդրոնի առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան աշխատակազմի աշխատակիցներուն քրտնաջան աշխատանքը համայնքային ծառայութեան մատուցման համար եւ աւարտին քննարկում ունեցաւ ընկերային ծառայողներուն հետ եւ խօսեցան ապագայի համագործակցական ծրագիրներու մասին։

Այս այցի ընթացքին, հաստատութեան տրամադրեց 1200 «Rapid Covid Antibody Test”-եր։ Այս քննութեան ենթարկուող անհատներ պիտի տեղեկանան եթէ նախօրօք Պսակաձեւ ժահրէն վարակուած եւ անոր դիմադրողականութիւնը ունեցած են կամ ոչ։

Աւարտին տնօրէն Սերոբ Օհանեան, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Նախարար Օհանեանի ծառայողական աշխատանքներուն։