Ֆրանսայի Արտագին Գործոց նախարարը յայտարարեց, որ ժամանակը կը սպառի Լիբանանը ամբողջական փլուզումէ փրկելու համար: Ան աւելցուց, որ ինք ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնէ, թէ լիբանանցի պատասխանատուները այս բանը շրջանցելու ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին:
«Ես փորձութիւնը կը զգամ յայտարարելու, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչները մեղաւոր են չօգնելու իրենց երկրին» ըսաւ Ժան Իվ Լէտըրեան Փարիզի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: