Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ. Բաղրամեան Պողոտային Մէջ Ընդդիմութեան Ճամբար Է. Ռուսական Մամուլին Անդրադարձ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ռուսական RBK հեռուստաընկերութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին:

Հրապարակման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է, որ Երեւանի կեդրոնին մէջ կրկին խոշոր բողոքի հաւաքներ են, ընդդիմութիւնը արգելափակած է Ազգային ժողովի մուտքերը. «Ամէն պարագայի քանի մը պատգամաւոր յաջողած է շէնք մտնել: Փաշինեանի եւ ընդդիմութեան հանդիպումը հնարաւոր է կայանայ 13 մարտին, այն առաջարկած է երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Վրանային ճամբարը Բաղրամեան պողոտային մէջ մեծցած է, ոստիկանութիւնը լրացուցիչ ուժեր ներգրաւած է: Այսօր հանդարտ է, սակայն երէկ բախումներ եղած են ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ»,- ըսուած է հաղորդման մէջ:

Հեռուստաընկերութիւնն անդրադարձած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ԶՈՒ հրամանատարական կազմի հետ հանդիպման. «Փաշինեանը խոստովանած է, որ Հայաստանը դժուար ժամանակներ կ’ապրի, եւ կոչ ըրած է բանակի հրամանատարական կազմին շարունակել կատարել պարտականութիւնները եւ պահպանել երկրի անվտանգութիւնը: Աւելի վաղ Փաշինեանը գլխաւոր շտաբի պետի նոր թեկնածու առաջարկած էր՝ զօրավար-լեյտենանտ Արտակ Դաւթեանը, որ ղեկավարած է ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ-ն 2018-ի մայիսէն 2020-ի յունիսը ինկած ժամանակահատուածին: Այն ժամանակ անոր աշխատանքէն ազատած էին «Քորոնա» ժահրային պայմաններուն իր տղուն հարսանիքը ընելու համար: Դաւթեանի նշանակման միջնորդութիւնը արդէն ստացած է նախագահը, որոշումը պիտի կայացուի 3 օրուայ ընթացքին: Փաշինեանի անունով կառավարութեան կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ 10 մարտէն ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը կը համարուի պաշտօնէն ազատուած»:

«Ե՛ւ ժողովուրդի, ե՛ւ ընդդիմութեան պայքարը Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եղած է մինչեւ ԳՇ յայտնի յայտարարութիւնը, շարունակուած է ամբողջ այդ ժամանակահատուածին, որ իրաւական ընթացակարգ համարել, ի հարկէ, չենք կրնար: Այն կը շարունակուի նաեւ հիմա եւ համոզուած եմ, որ այն դեռ պիտի շարունակուի»,-մեկնաբանած է իրադարձութիւնները հասարակական-քաղաքական գործիչ Արման Սաղաթէլեանը:

Իրադրութիւնը մեկնաբանած է նաեւ քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանը. «Իրաւաբանօրէն սա չհիմնաւորուած գործընթաց է եւ այն բանէն ետք, երբ հրապարակուեցաւ ԳՇ յայտարարութիւնը, զօրավարները առանձին-առանձին եւ  միասնօրէն յայտարարեցին, որ կը մնան իրենց կարծիքին առ այն, որ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Պարզ է, որ բանակին մէջ խնդիրները կը մնան, բանակը կը շարունակէ չվստահիլ Փաշինեանին, եւ թէ ինչ իրաւաբանական որոշում պիտի գտնուի ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ, դեռ պարզ չէ»:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img