Սրտի դառն կսկիծով իմացանք ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ վեթերան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ասպետ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի երբեմնի վարչական Տիգրան Զավզավաթճեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 12 Մարտ 2021-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Այս տխուր առիթով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն միութենականներուն անունով մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, Զավզավաթճեան, Քէօշկերեան ընտանիքներուն, ի մասնաւորին՝ Սարգիս եւ Լետա Քէօշկերեաններուն, տէր եւ տիկին Սերժ Զավզավաթճեաններուն:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ