Իր 28 տարուան պատմութեան ընթացքին՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստացած է 400 միլիոն տոլար նուիրաբերութիւն, որուն աւելի քան 200 միլիոնը ներդրուած է Արցախի զարգացման համար՝ ենթակառուցուածքներէն մինչեւ ջրագիծեր, բնակարաններ ու դպրոցներ. այս ցուցանիշով հաշուարկուած չէ պատերազմի օրերուն հաւաքուած 170 միլիոն տոլարը: «Թերթ»-ի տեղեկութիւններով՝ հիմնադրամի ներկայ ղեկավարութիւնը հրաժարած է հարցազրոյցի առաջարկէն, բայց փոխանցած է տուեալներ, որոնց համաձայն՝ մօտ 50 միլիոն տոլարի կատարուած աշխատանքները նուէր մնացած են Ազրպէյճանին:
Կառոյցի նախկին ղեկավարը ցաւով կը խօսի կորուստներուն մասին, կը թուարկէ յատկապէս մշակութային մայրաքաղաքին կեանք ու շունչ տուած ծրագրերը. Շուշիի խմելու ջուրի ջրամատակարարման ծրագիրը, ամբողջութեամբ վերակառուցուած 6 փողոց, 600 աշակերտի համար նախատեսուած եւ 800 միլիոն դրամ արժող դպրոցը, մշակոյթի տունը, գրադարանը:
Բարոյապէս ու նիւթապէս անդառնալի կորուստ է Շուշիի մէջ կառուցուած՝ տարածաշրջանին մէջ եզակի արհեստագործական ուսումնարանը, որ հիմնադրամը կառուցած էր ֆրանսահայ բարերար Եզնիկ Մոզեանի կտակած գումարով. տրամադրուած էր մօտ 3 միլիոն եւրօ: Արցախցի փոքրիկները ջուրով, տանիքով ու կենցաղային պայմաններով ապահովելէ բացի՝ Հիմնադրամը կը հոգար նաեւ անոնց հոգեւոր սնունդը՝ նուիրելով երաժշտական գործիքներէն մինչեւ համակարգիչներ:
Գիտակրթամշակութային ծրագրերու նախկին ղեկավար Արմինա Դարբինեան խօսած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մեծ ընտանիքին մէջ իր աշխատած 15 տարուան ընթացքին իր տեսածին ու զգացածին մասին.
«Ամէն ծրագիր իմ հոգիիս մէկ կտորն է, իմ սրտիս մէկ կտորն է, երբ կը տեսնէի այդ երեխաներուն երջանիկ աչքերը, կը տեսնէի, թէ ինչ հաճոյքով կը յաճախէին այդ կառոյցները, ատիկա ինծի համար կեանք էր, ուրախութիւն եւ գնահատանք էր, որ կեանքս, երեւի, իզուր չեմ ապրած, որ բարի բան մը ըրած եմ երեխաներու համար»,- նշած է ան:
Արցախի համար իրականացուած ամենախոշոր ու մեծ արժէք ներկայացնող ծրագիրը 115 քլմ երկարութեամբ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումն է, որուն համար տրամադրուած է 17 միլիառ դրամ: 2017-ին շահագործուող ճանապարհը փաստացի անպիտան դարձաւ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրէն ետք, քանի որ ատիկա որեւէ տեղ չի տանիր՝ մօտ 50 քլմ կը գտնուի Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ: