Ինչպէ՞ս առանց ուրիշներուն օգնելու կարելի է այս կեանքը ապրիլ: Ինչպէ՞ս պիտանի դառնալ մեր ընկերութեան մէջ: Ոչ ոք գիտէ:
Արդարեւ, մայր մը որ իր զաւակը կռնակին վրայ կը կրէր՝ ազդած էր ինծի։ Հաւանականօրէն «ԱՊՈՒՐԻՇ» կ՚ուղղուէր ջիղերու մասնագէտի քննութեան ներկայացնելու զաւակը։ Ազդուած էի այս մօր խօսքերէն, իսկական հերոսուհի մ՚ը, որը միաժամանակ շատ լաւ արտայայտած ու ամփոփած էր միւս մայրերուն զգացումները:
Ձեզ կը թողում այս գեղեցիկ խօսքերուն հետ որոնք պատիւ կը բերեն մայրերուն եւ կը պատասխանեն նախադրուած այս բոլոր հարցերուն —
«Կը տեսնեմ քեզ երբ զաւակդ դարմանումի կը տանես՝ մինչ բարեկամներդ իրենց զաւակները ոտնագնդակի (ֆութպոլ) կամ պարի կը տանեն:»
«Կը նկատեմ երբ կը խուսափիս խօսակցութիւններէն ուր՝ մտերիմներդ իրենց զաւակներուն իրագործութիւններով իրար կը շնորհաւորեն:
«Երջանիկ ես իրենց համար, միաժամանակ ձեւով մը անհանգիստ՝ քու զաւակիդ նկատմամբ իրենց ցուցաբերած անտարբերութեան, որուն համար ամէն ինչ բարդ է:»
«Կը հետեւիմ քեզի երբ աճպարարի լաւագոյն կարողութեամբդ՝ կը դասաւորես տանդ աշխատանքները եւ շաբաթական բազմաթիւ ժամադրութիւններդ՝ դարմանումի, բժիշկներու եւ դպրոցի՝ երբ զաւակդ անհուն բարեբախտութիւնը ունենայ իր կարիքներուն յարմար կեդրոն մը յաճախելու: Կը դիտեմ քեզ երբ կը դիմակալես անգութ վարչակազմը: Գլուխդ միշտ բարձր, Քաջարի մայր:»
«Կը տեսնեմ քեզ երկար ժամեր համակարգիչին դիմաց նստած՝ փնտռտուքներ կատարելու քու զաւակիդ դարմանումի կարիքներուն շուրջ, կամ քեզի նման մայրեր որոնելու: Միեւնոյն ատեն դժբախտութեան եւ զէնքի ընկերուհիներ: Հարուածը բարոյապէս կարենալ կրելու նպատակով:»
«Կը նկատեմ դէմքիդ տխրութիւնն ու զայրոյթը երբ մարդիկ ոչինչի մը համար կը գանգատին, երբ դուն անկարող ես կեանքդ կանխատեսել յաջորդ ամիսէն անդին:»
«Կը տեսնեմ քեզ երբ առաւօտուն կանուխ կ’արթննաս եւ առանց երբեք գանգատելու՝ մայրական պարտականութեանդ կը լծուիս, հակառակ անցուցած նոր յաւելեալ անքուն գիշերուանդ:»
«Գիտեմ որ ինքզինքդ անտեսանելի կը զգաս, կարծես ոչ ոք կը տեսնէր քեզ ծածկող, պարուրող ամպերը: Կարծես դուն քու շուքդ ըլլայիր այդքան տարիներու պայքարէ ետք:»
«Կը տեսնեմ սակայն, թէ ամէն գնով կը շարունակես յառաջ երթալ լեռներ տեղափոխելով՝ միշտ լաւագոյնը տալու զաւակիդ:»
«Այս օրերուն երբ դուն քեզի հարց կու տաս թէ աւելին կրնաս ընել, պիտի ուզեմ որ գիտնաս թէ անմնացորդ սէրը որ կը տածես զաւակիդ հանդէպ՝ քու ամենահզօր զէնքդ է, երբ անձդ անոր մարմնացումը հանդիսանայ:»
Այս գրութիւնը տրտունջ մը չէ, այլ յարգանքի տուրք մը հանդէպ շուքին տակ պայքարող բոլոր մայրերուն՝ որոնք յատուկ դժուարութիւններ դիմագրաւող զաւակներ ունին, որպէս զի այս զաւակները՝ արտօնութիւն ունենան գոյութիւն ունենալ, վաղն եւս:
Մարուա Ապտալլահ
Թարգմանաբար՝ « Hommage aux mères qui luttent dans l’ombre »
Le Progrès Egyptien, 5 Mars 2019 124e année No 54 www.Progres.net.eg